Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Կիրակնօրեայ Դպրոցը

Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2025-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն առաջ, Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի, Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներէն՝ Ատենապետ Տիար Կարօ Սրկ. Սարգիսեանի եւ Տոքթ. Գրիգոր Սրկ. Պէպէճեանի, այցելեց Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի դասարանները։

Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց նուիրեալ ուսուցիչներու օրհնեալ ջանքերն ու անշահախնդիր նուիրումը՝ իրենց հետեւողական ծառայութեան եւ ստանձնած պատասխանատու ու յոյժ կարեւոր առաքելութեան համար։

Իր այցելութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հայրական սիրով զրուցեց աշակերտներուն հետ, խրախուսեց զանոնք սիրել եւ ամուր պահել իրենց հաւատքն ու մշակոյթը, եւ թելադրեց այդ հաւատքին ու սորված դասերուն լոյսին ներքեւ ապրիլ ու կերտել իրենց կեանքը։