ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԱՆԱՍԷ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ

-Ո՜վ Տէր ա՛յնքան շատ են յանցանքներս, որ նույնիսկ արժանի չեմ աչքերս վեր բարձրացնելու, դէպի երկինք նայելու: Ամենակալ Տէր, ներէ՛ մեղքերս:

-Կքած եմ մեղքերուս ծանրութեան տակ, կարծես ուսերուս դրուած երկաթէ շղթայ մը ըլլան, եւ հանգիստ չունիմ: Ամենակալ Տէր, ներէ՛ մեղքերս:

-Քու զայրոյթդ բորբոքեցի՝ ամէն չարիք գործելով. կուռքեր կանգնեցուցի եւ ըրի ամէն բան, որ դուն կ’ատես: Աենակալ Տէր ներէ՛ մեղքերս:

-Բայց հիմա, Տէ՜ր, խոնարհութեամբ ծունկի կու գամ սրտիս մէջ, եւ քու բարեգթութիւնդ կը հայցեմ: Աենակալ Տէր ներէ՛ մեղքերս:

-Մեղք գործեցի, Տէ՛ր, մեղք գործեցի, եւ շատ լաւ գիտեմ անօրէնութիւնս: Ամենակալ Տէր, ներէ՛ մեղքերս: Կ’աղաչեմ եւ կը խնդրեմ, ներէ՝ ինծի, Տէ՜ր, ներէ՜ ինծի, անօրէնութեանս համար զիս կորուստի մի՛մատներ: Ամենակալ Տէր, ներէ՛ մեղքերս:

-Ինծի հանդէպ ընդմիշտ բարկացած մի՛ մնար, մի՛ յիշեր չարիքներս, եւ զիս մի՛ դատապարտեր անոնց հետ, որոնք իրենց չարիքներով իջած են մեռելներու աշխարհը: Ամենակալ Տէր, ներէ՛ մեղքերս:

-Որովհետեւ դուն, ո՜վ Աստուած, ապաշխարողներուն ներող Աստուածն ես, ինծի՝ անարժանիս հանդէպ ալ ցոյց տուր բարերարութիւնդ: Ամենակալ Տէր, ներէ՛ մեղքերս:

Համադրեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան