
Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երկուշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 06:30-ին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան համագործակցութեամբ լոյս տեսած «Սերտե՛նք Նոր Կտակարանը» հատորին շնորհահանդէսը։
Ձեռնարկին ներկայ էին միաբան հայրեր, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ոլորտի գործուն մարմիններ եւ Միացեալ եւ Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան պաշտօնատարներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կիլիկեան Ուխտի երիտասարդ անդամ Հոգեշնորհ Տ. Աբրահամ Աբղ. Ճուլֆայեան։ Ձեռնարկին հերթաբար խօսք առին Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մայք Պասուս, Միացեալ Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Ատրիէն Ուայթ, Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան հրատարակչական բաժինի պատասխանատու Անի Պապօղլանեան, հատորի թարգմանիչ Հայր Սարգիս, իսկ վերջապէս իր օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով հանդիսութիւնը եզրափակեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։
Այս առիթով Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգեշնորհ Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիկեանի, ներկայացուց փունջ մը շարականներ։
Western Armenian Study New Testament
ՍԵՐՏԵՆՔ ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆԸ

Under the patronage and presence of His Holiness Aram I, Catholicos of the Armenian Church, and in the presence of tens of clergy, local and foreign guests, the Bible Society (BSL) launched the Western Armenian Study New Testament at the Holy See of Cilicia, Antelias, on September 8. The program included words of welcome from BSL and UBS leadership, technical explanation of the translation and publishing work, and a closing congratulatory word by His Holiness. The evening was beautified by the “Armash” choir.
