
Հինգշաբթի 23 Հոկտեմբեր 2025-ին, Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, ընկերակցութեամբ՝ Հ.Օ.Մ.-ի “Ռուբինա” Մասնաճիւղի Ընկերային Ծառայութեան յանձնախումբի ընկերուհիներուն, այցելեցին Fieldstone Commons Արարատ հայկական բաժնի բնակիչ հայ տարեցներուն: Քահանայ Հայրը Ս. Հաղորդութիւն բաշխեց իսկ Հ.Օ.Մ.-ի ընկերուհիները՝ կէսօրուան ճաշ:

