Այցելութիւն Ծերանոց

Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 2.30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Երէցներու այցելութեան կամաւորներու խումբը այցելեց Fieldstone Commons Care Community-ի հայ երէցներուն, ուր շուրջ 2 ժամ տեւողութեամբ ուրախացուցին մեր հայ մամիկներն ու պապիկները, երգերով, նուագով, աղօթքով եւ զուարթ պատմութիւններով: Հաճելի պահեր ապրեցան մեր տարեց հայրերն ու մայրերը, իսկ մեր կամաւորները վայելեցին զիրենք եւ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն զգացին: Այս այցելութիւնները պիտի կրկնուին եւ դառնան յաճախակի:

Նոյնպէս, մեր կամաւորները մնայուն կերպով կ’այցելեն հայ երէցներու, իրենց տուներէն ներս:

Շնորհակալութիւն՝ անձնազոհ մեր կամաւորներուն, իրենց Աստուածահաճոյ այս նուիրումին համար: Վարձքերնիդ կատար: