ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԱՆԴԱՍՏԱՆ՝ ՍՈՒՐԲ ՊԵՏՐՈՍԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔՈՎ

Կիրակի, 28 Դեկտեմբերին 2025-ին, Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ամավերջի սուրբ եւ անմահ պատարագ։ Քրիստոնէական Դաստիարականութեան Յանձնախումբին մտայղացումով՝ սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին ներկայ հաւատացեալները՝ առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ «Ազնաւորեան» դպրաց դասի դպրապետուհի Տիկ. Անոյշ Գալստեանի եւ դպրաց դասի անդամներուն, որոնք նստած էին հաւատացեալներուն հետ։

Իր քարոզին մէջ, եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ պատարագիչ Հայր Սուրբ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան նշեց. «այսօրուան սուրբ եւ անմահ պատարագը տարբեր էր. տարբեր, ոչ թէ իր աստուածաբանութեամբ, իմաստով, խորհուրդով կամ նպատակով, այլ ջերմեռանդ ձեր մասնակցութեամբ»։ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ ընդգծեց, թէ հաւատացեալները հանդիսատեսներ չեն, այլ պատարագին մասնակիցներ եւ խօսեցաւ եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցելու կարեւորութեան մասին։ 

Պատարագի աւարտին, Սուրբ Պօղոս եւ Սուրբ Պետրոս առաքեալներուն տօնին առթիւ անդաստան կատարուեցաւ, Պետրոս առաքեալի սուրբ մասունքով։