
Շաբաթ 27 Դեկտեմբեր 2025-ի յետմիջօրէին, Ս. Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ «Երէցներու այցելութեան կամաւորներու խմբակ»ն ու Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի անդամները այցելեցին Արարատ երիցատուն, շնորհաւորելու եւ խանդավառելու մեր երէցները տօնական օրերուն առիթով։

Մեծ ուրախութեամբ կամաւորները բարձրացան մամիկներուն ու պապիկներուն սենեակները՝ զանոնք սրահ իջեցնելու եւ միասին ուրախ ժամանակ անցընելու համար։ Անոնք սիրով հաղորդակից դարձան երէցներուն ապրումներուն, լսեցին անոնց ցաւերն ու ուրախութիւնները. Իսկ Սուրբ Ծննդեան օրհնաբեր ոգին կը տիրէր բոլորին սրտերուն մէջ։

Կամաւորները դաշնակի, ջութակի եւ ձեռնադաշնակի մեղեդիներով երգեցին ու պարեցին, ուրախացուցին երէցները եւ սիրով հիւրասիրեցին զանոնք։ Կաղանդ Պապան ալ իր այցելութեամբ խանդավառ մթնոլորտ եւ բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց։
Այցելութիւնը աւարտեցաւ նուէրներու բաշխումով երէցներուն եւ յիշատակի լուսանկարով։




