
Մարդու կեանքին մէջ աղօթքը ունի առանձնայատուկ տեղ, բայց նաեւ՝ իր դժուարութիւնները։ Շատեր կը սկսին աղօթել մեծ խանդով, սակայն ժամանակի ընթացքին, երբ պատասխանները չեն երեւիր, կը յոգնին, կը լռեն կամ նոյնիսկ կը կասկածին։ Այս մարդկային փորձառութիւնը նոր չէ։ Աւետարանին մէջ Քրիստոս արդէն անդրադարձած է այս իրականութեան՝ պատմելով այրի կնոջ եւ դատաւորի առակը (Ղուկաս 18․1–8)։
Այս առակը մեզի կը ներկայացնէ կին մը, որ անընդհատ կը դիմէ դատաւորի մը՝ իր իրաւունքը պաշտպանելու համար։ Ան չի յանձնուիր, չի դադրիր, այլ կը շարունակէ կրկնել իր խնդրանքը, մինչեւ որ վերջապէս կը լսուի։ Այստեղ կարեւորը ոչ միայն արդիւնքն է, այլ ընթացքը՝ այդ համբերատար եւ յամառ դիմումը։
Քրիստոսի պատգամը այս պատմութեան մէջէն մեզի ուղղուած է եւ շատ պարզ է։ Աղօթքը պէտք է ըլլայ շարունակական, նոյնիսկ երբ պատասխանները անմիջապէս չեն երեւիր։ Աղօթքը չի սահմանափակուիր խնդրանք մը ըսելով եւ սպասելով արագ պատասխանի։ Ան յարաբերութիւն է, ներկայութիւն է, վստահութիւն է։ Երբ մարդ կը շարունակէ աղօթել, ան կը հաստատէ իր կապը Աստուծոյ հետ, անկախ արտաքին պայմաններէն։
Շատ անգամ մենք աղօթքը կը կապենք արդիւնքի հետ։ Եթէ ստացանք՝ կը շարունակենք, եթէ ոչ՝ կը դադրինք։ Բայց այս մտածելակերպը կը սահմանափակէ աղօթքին իրական իմաստը։ Աղօթքը Աստուծոյ որոշումները փոխելու համար չէ միայն, այլ նաեւ մեզ փոխելու համար է։ Ան կը ձեւաւորէ մեր սիրտը, կը զօրացնէ մեր համբերութիւնը եւ կը խորացնէ մեր վստահութիւնը։
Այդ պատճառով ալ, երբ աղօթքը կը թուի «անպատասխան», գուցէ ան լուռ կերպով կը գործէ մեր ներսը։ Մենք չենք տեսներ, բայց Աստուած կը գործէ։ Ինչպէս սերմ մը, որ հողին տակ կը մնայ որոշ ժամանակ առանց երեւալու, բայց ի վերջոյ կը ծլի, նոյնպէս աղօթքը ունի իր ընթացքը եւ իր ժամանակը։
Մարդկային կեանքին մէջ յուսահատիլը շատ դիւրին է։ Դժուարութիւնները, անարդարութիւնները եւ անորոշութիւնը կրնան խլել մեր ներքին խաղաղութիւնը։ Սակայն, այսպիսի պահերուն է, որ աղօթքը կը դառնայ հոգեւոր շունչ։ Ան կը յիշեցնէ մեզի, որ մեր կեանքը Աստուծոյ հոգատարութեան ներքոյ կը գտնուի։
Հաստատակամ աղօթքը նաեւ հաւատքի արտայայտութիւն է։ Ան կը նշանակէ վստահիլ Աստուծոյ, նոյնիսկ երբ չենք հասկնար Անոր լռութիւնը։ Այս վստահութիւնը դիւրին չէ, բայց ան է, որ կանգուն կը պահէ մարդը կեանքի փոթորիկներուն մէջ։
Վերջապէս, աղօթքը մեզի կը հրաւիրէ փոխելու մեր հայեացքը։ Փոխանակ միայն հարցնելու «ինչո՞ւ չեմ ստանար», պէտք է սորվինք հարցնել՝ «ինչպէ՞ս Աստուած կը գործէ իմ կեանքիս մէջ»։ Այս փոփոխութիւնը, աղօթքը կը դարձնէ պարտականութենէ մը՝ կենդանի փորձառութեան։
Ուստի, երբ աղօթքը դժուար դառնայ, երբ բառերը չգան կամ յոյսը տկարանայ, պէտք չէ լռել։ Ճիշդ այդ պահուն է, որ պէտք է շարունակել։ Որովհետեւ աղօթքը միայն պատասխան ստանալու միջոց չէ, այլ ճանապարհ՝ որուն վրայ մարդ կը սորվի վստահիլ, սպասել եւ ապրիլ Աստուծոյ հետ։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան