Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2025-ի յետմիջօրէին, Օնթարիոյ խորհրդարանի յարկէն ներս արժանավայել կերպով նշուեցաւ «Հայ Մշակոյթի Ամիս»ին նուիրուած ձեռնարկ մը:
Ձեռնարկը կազմակերպած էր Հայազգի երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեան: Ձեռնարկին ներկայ էին Օնթարիոյ Նահանգի Վարչապետ Տակ Ֆորտը, Խորհրդարանի երեսփոխաններ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուասւորիչ եկեղեցիւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Հայկ Քհնյ. Շահինեան եւ Հայ Կեդրոնի պատասխանատուներ:
Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քահանայ Հայրը, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ շնորհաւորեց հայազգի Երեսփոխանին, սոյն միջոցառումի կազմակերպման առիթով եւ Նահանգի Վարչապետին քաջալերական ներկայութեան համար: