Քրիստոս Մեր Կեանքը Փոխող Ուժը

Աստուածաշունչին մէջ կան էջեր, որոնք մարդու մտքին համար դժուար է ըմբռնել։ Օրինակ՝ ինչպէ՞ս Յովնան կարողացաւ երեք օր ձուկի փորին մէջ մնալ. Կամ՝ ինչպէ՞ս Նոյ կենդանիներէն, սողուններէն եւ թռչուններէն արու եւ էգ հաւաքեց, եւ տապանին մէջ տեղաւորեց. ինչպէ՞ս կերակրեց զանոնք. Կարմիր ծովը Մովսէսի ձեռքով ճեղքուեցաւ. Քրիստոսի բազմաթիւ հրաշքները, Իր յարութիւնն կամ երկինք համբառնալը՝ միթէ բանականութեամբ կը բացատրուի՞ն։

Սակայն, ոչ միայն Աստուածաշունչն է որ նման՝ անհաւատալի կամ մարդկային մտքին անըմբռնելի պատմութիւններ ունի։ Մեր աշխարհն ալ լեցուն է նման երեւոյթներով, որոնց կը հաւատանք առանց տարակուսելու եւ երբեմն՝ հիացումով։ Օրինակ, մեր մոլորակը կը գտնուի Ծիր Կաթին կոչուած գօտիին մէջ, որուն մասին կը կազմեն արեւ, լուսինը, Հրակը, միւս մոլորակներն ու անթիւ աստղեր։ Գիտնականները կը պնդեն, որ միայն Ծիր Կաթին մէջ կան 100-400 միլիառ աստեղ։ Իսկ Ծիր Կաթին նման գօտիներու՝ կալաքսիներու թիւը կը հասնի մինչեւ 200 միլիառ։ Ըստ գիտութեան, այս բոլորին մէջ գտնուող աստղերը միասին կը կազմեն թիւ մը՝ 1.000.000.000.000.000.000.000.000։ Այսինքն՝ աստղերու թիւը աւելի է քան երկրի վրայ գտնուող աւազահատիկները։

Աւելին, գիտութիւնը կ’ըսէ, թէ բաժակ մը ջուրի մէջ աւելի մասնիկներ կան, քան տիեզերքի բոլոր աստղերն ու երկրի աւազահատիկները միասին։

Այս բոլոր բաներուն կը հաւատանք առանց կասկածելու, առանց գիտնալու անունները այդ գիտնականներուն, որոնք այս բաները հաստատեցին։ Իսկ երբ խօսքը կու գայ Աստուծոյ՝ ոմանք կը կասկածին։

Ահա թէ ինչու, երբ կը կարդանք Աւետարանի պատմութիւնները, պէտք չէ ժամանակ կորսնցնենք զանոնք մեր տրամաբանութեան կամ ըմբռնումին յարմարեցնելով. այլ՝ մեր ուշադրութիւնն ու սիրտը ուղղենք հասկնալու թէ ի՞նչ կ’ըսեն անոնք մեզի այսօր։

Այս լոյսին տակ եկէք համբարձումը քննենք, որ

  1. Մեզի Քրիստոսի զօրութիւնը կը յիշեցնէ։

Անգամ մը եւս վերադառնանք Պօղոս առաքեալին. Ան կը գրէ, թէ Աստուած իր զօրութիւնը ցոյց տուաւ Քրիստոսի անձին վրայ, իր աջ կողմը նստեցնելով եւ իր իշխանութեան տակ դնելով ամէն բան (տե՛ս Եփ 1.20-21)։

Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա. Կը նշանակէ, թէ աշխարհի տէրը Քրիստոսի է. ոչ մէկ անձ, ոչ մէկ կառավարութիւն կամ ուժ կը գերազանցէ զայն։ Եւ ասիկա բարի լուր է մեզի համար։

Թէեւ աշխարհի մէջ կան մութ եւ ցաւալի էջեր, համբարձման դէպքը կը յիշեցնէ, որ Քրիստոս աշխարհը չէ լքած. Ան «Աստուծոյ աջ կողմն է ու կը բարեխօսէ մեզի համար» (Հռ 8.34, տե՛ս նաեւ Եբր 7. 25, Ա. Յհ 2.1)։

Ոչ միայն կը բարեխօսէ, այլեւ խոստացած կրկին գալ՝ փառքով ու զօրութեամբ՝ ստեղծագործութիւնը ամբողջութեամբ իր իշխանութեան տակ առնելու, դատելու՝ ողջերն ու մեռածները։

Ատեններ, կ’ուզենք որ Քրիստոս աւելին ընէ, որովհետեւ ցաւ կ’ապրինք երբ անարդարութիւն տեսնենք։ Բայց համբարձումը կը սորվեցնէ վստահիլ Աստուծոյ, վստահիլ ամենազօր Քրիստոսին եւ իր ծրագիրին նոյնիսկ եթէ չենք հասկնար զայն։

Արդ, վստահէ Քրիստոսին։ Նոյնիսկ երբ Անոր ճամբաները անյայտ են, նոյնիսկ եթէ դժուար ըլլայ ըմբռնել, խօսէ՛ Անոր հետ՝ այդ է աղօթքը. Բայց ի վերջոյ՝ որոշէ հաւատալ Անոր, որ աշխարհի ղեկը ամուր կերպով կը պահէ իր ձեռքերուն մէջ։

  1. Կարեւոր խոստումի մը յիշեցումն է

Համբարձման տօնը, միայն Յիսուս երկինք ելլելուն մասին չէ, այլ իր խոստումին իրականացումը։ Քրիստոս խոստացած էր իր Համբարձումէն ետք իր Սուրբ Հոգին ղրկել առաքեալներուն, որպէսզի անոնք Իր վկաները դառնան աշխարհի վրայ։

Այս խոստումը միայն անոնց չէր վերապահուած։ Քրիսոտոս մեզի ալ տուած է իր Սուրբ Հոգին։ Երբ մենք՝ առաքեալներուն նման, կ’անդրադառնանք աշխարհի ցաւերուն ու հարցնենք, «Տէ՛ր, արդեօք հիմա՞ է ժամանակը երբ պիտի վերականգնես» (Գրծ 1.6), Ան կը պատասխանէ այնպէս ինչպէս աշակերտներուն՝ մղելով մեզ դուրս գալու այդ հարցերէն եւ ուղղուելու առաքելութեան։ Յիսուս իր առաքեալներուն ժամանակը չէք կրնար հասկնալ, բայց երբ Սուրբ Հոգին ստանաք իմ վկաներս պիտի դառնաք։ Աստուած մեզ չէ կանչած որ աշխարհի ցաւերով տառապինք եւ սպասենք Աստուծոյ ներգործութեան, այլ՝ Սուրբ Հոգիով լեցուելու եւ ըլլալ աշխուժ վկաներ, որոնք առաքեալներուն պէս փոփոխութիւն պիտի բերեն կեանքին, անօթիներ կերակրելով, հիւանդները բժշկելով, խաղաղութեան հաստատումին համար աշխատելով եւ չարին դէմ դնելով։

Վերջապէս, Քրիստոս իր համաբարձումով փառաւորուեցաւ, եւ իր հետ մեզ ալ փառաւորեց։ Մարմնով համբառնալով, մեզի գրաւականը տուաւ որ մարդկային մեր բնութիւնը կրնայ Աստուծոյ քով բարձրանալ։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան