ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԱՐԴ Է ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾ Է

Քրիստոնէական հաւատքը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Քրիստոս կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ էր։ Այս ճշմարտութիւնը շատ կարեւոր է, սակայն երբեմն կը խուսափինք այս կամ նման հարցերու մասին խօսելու։ Անոր համար ալ, շնորհակալ պէտք է ըլլանք մեր շուրջ գտնուող թերահաւատներուն կամ կասկածամիտներուն, որոնց բարձրացուցած հարցերը, առիթ կը ստեղծեն մեզի, մտածելու այս եւ նման հարցերու շուրջ։ Ի՞նչ պատասխան կու տաք, երբ ձեզի հարցնեն՝ ինչպէ՞ս Քրիստոս կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ է։

Խոր աստուածաբանական եզրերուն եւ պատասխաններուն կողքին, Աստուած մարդ եղաւ ըսել, կը նշանակէ յիշել եւ հասկնալ, որ Աստուած մեզ կը հասկնայ։ Աստուած գիտէ թէ ինչ կը նշանակէ յոգնիլ. որովհետեւ Յիսուս հանգիստ գտաւ նաւակին վրայ, երբ յոգնած էր. եւ Յիսուս Աստուած է։ Կը նշանակէ, որ Աստուած գիտէ տխրիլը ինչ է, որովհետեւ ինքն ալ արտասուեց, երբ իր բարեկամը՝ Ղազարոս մահացաւ. եւ Քրիստոս Աստուած էր։ Աստուած կը հասկնայ երբ մենք չենք ուզեր կատարել իր կամքը, որովհետեւ Քրիստոս, որպէս մարդ, Գեթսեմանի պարտէզին մէջ պայքարեցաւ՝ կատարելու Աստուծոյ կամքը, եւ Քրիստոս Աստուած էր։ Աստուած գիտէ, երբ մենք անոր բացակայութիւնը կը զգանք մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ Քրիստոս խաչին վրայ ըսաւ՝ «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչու ձգեցիր զիս»։ Եւ Քրիստոս Աստուած էր։

Քրիստոս՝ կատարեալ Աստուածն ու կատարեալ մարդը, Աստծոյ եւ մարդկութեան միջեւ կապ ստեղծեց։ Այս չի նշանակեր, որ մենք Աստուած ենք. Բայց կը նշանակէ Քրիստոսով մենք հրաւիրուեցանք Աստծոյ կեանքին մէջ մաս կազմելու։ Քրիստոս, Աստուած ըլլալով, մտաւ մեր կեանքին մէջ, ապրեցաւ մեզի համար, մեռաւ մեզի համար, յարութիւն առաւ մեզի համար՝ որպէսզի «Քրիստոսով ապրինք այն կեանքով, որ Աստուած մեզի համար պատրաստեց» (Կող. 3:3)։

Քրիստոսի միջոցով հրաւիրուած ենք Աստուծոյ կեանքին մէջ ըլլալ՝ որպէս ժառանգներ եւ բարեկամներ։ Այս խոստումը ժառանգելու եւ Աստծոյ կեանքին մաս կազմելու պայմանը կը կայանայ Քրիստոսի մէջ։ Որովհետեւ առանց Աստուծոյ մարդկութեան մօտեցումով, չենք կրնար մենք՝ մարդկութիւնս, հասնիլ Աստուծոյ երկնային թագաւորութեան։

Քրիստոսի Աստուածութիւնն ու մարդեղութիւնը խորհուրդ է։ Չենք կրնար ամբողջութեամբ հասկնալ. բայց Աստուծոյ մեծութիւնը եւ զօրութիւնը նաեւ անոր մէջ է, որ ինք որպէս Աստուած հաճեցաւ եւ կամեցաւ ծառայի կերպարանք առնել, բայց երբէք չպարպուիլ իր Աստուածութենէն։

Քրիստոսի Աստուածութիւնը միայն շեշտելը կը խանգարէ մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, իսկ միայն իր մարդկութիւնը շեշտել, կը նշանակէ անտեսել Աստուծոյ ներկայութիւնը մարդոց կեանքին մէջ, որուն համար Աստուած մարդացաւ։

Միայն կատարեալ Աստուած ու կատարեալ մարդ Քրիստոսն է որ մեր փրկութիւնը կրնայ իրագործել։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան