ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 7.37-52:
Կեանքի ջուրին աղբիւրը
Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս ոտքի կանգնած՝ բարձրաձայն կ’ըսէր.
-Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ: Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ’ըսէ՝«Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին»:
Յիսուս ասիկա կ’ըսէր Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին. Իսկ Հոգին տակաւին չէր տրուած, քանի Յիսուս փառաւորուած չէր:
Կրկին վէճ Յիսուս անձին մասին.
Ժողովուրդէն ոմանք լսեցին այս խօսքերը, ըսին.
-Ասիկա է ճշմարիտ մարգարէն:
Ուրիշներ կ’ըսէին.
-Քրիստոսն է:
Իսկ ոմանք ալ կ’ըսէին.
-Միթէ Գալիլեաէ՞ն պիտի գայ Քրիստոսը: Սուրբ գիրքը չ’ը՞սեր՝ թէ Քրիստոս Դաւիթ թագաւորի սերունդէն պիտի ըլլայ եւ Դաւիթի քաղաքէն՝ Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնի:
Եւ Յիսուսի պատճառով տարակարծութիւններ յառաջ եկան ժողովուրդին մէջ: Ոմանք ուզեցին ձերբակալել զինք, բայց ոչ ոք համարձակեցաւ ձեռք զարնել:
Երբ տաճարին պահակներ վերադարձան, աւագ քահանաներն ու Փարիսեցիները հարցուցին անոնց.
-Ինչո՞ւ զինք հոս չբերիք:
Պահակները պատասխանեցին.
-Այս մարդուն պէս խօսող երբեք չենք տեսած:
Փարիսեցիները ըսին.
Ի՞նչ, դո՞ւք ալ խաբուեցաք: Իշխանաւորներէն կամ Փարիսեցիներէն ոեւէ մէկը, հաւատա՞ց անոր: Մեր Օրէնքը չգիտցող տգէտ ամբոխը միայն հաւատաց: Անոնք արդէն իսկ նզովուած են:
Նիկոդեմոս, Փարիսեցիներէն մէկը, որ նախապէս գիշերով եկած էր Յիսուսի մօտ, ըսաւ անոնց.
-Արդեօք մեր Օրէնքը մարդս կը դատէ՞ նախ քան զինք լսելը եւ գիտնալը թէ ի՛նչ ըրած է:
Անոնք պատասխանեցին Նիկոդեմոսի.
-Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլեայէն ես. Քննէ՛ Սուրբ գիրքերը եւ պիտի տեսնես, թէ Գալիլեայէն մարգարէ չ’ելլեր:
Եբրայեցի ժողովուրդին մեծագոյն տօներէն էր Տաղաւարահարաց տօնը, որու տեւողութիւնը եօթը օր էր: Տօնը կը խորհրդանշէ անոնց անտուն անհայրենիք թափառիլը անապատին մէջ: Սովորութեան համաձայն եբրայեցիները Երուսաղէմ հաւագուելով, եօթը օր վրաններու մէջ կը բնակէին, օրէնքը կ’ըսէ. «Եօթը օր տաղաւարներո՛ւ մէջ բնակեցէք. բոլոր Իսրայէլցի բնիկները, որպէսզի ձեր սերունդները գիտնան թէ երբ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ տաղաւարներուն մէջ բնակեցուցի զանոնք: Ե՛ս եմ Տէրը՛ ձեր Աստուածը»(Ղւ 23.42-43):
Տօնին երկրորդ իմաստը՝ աշնանային բերքահաւաքի տօնն էր, որուն ընթացքին ուրախութեամբ եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ, երախտագիտութիւն կը յայտնէին Աստուծոյ իր պարգեւած ջուրին եւ երկրի բոլոր բարիքներուն համար, այս պատճառաւ նաեւ տօնը կոչուած էր բերքահաւաքի տօն:
Վերոյիշեալ տօնին ժողովուրդը արմաւենիի ճիւղերով տաճար կը մտնէր եւ կը շրջապատէր մեծ խորանը, մինչ քահանաներէն մէկը ոսկեայ սափորով ջուր կը բերէր Սելովամի աւազանէն եւ կը լուար տաճարին յատակն ու զոհասեղանը, ի յիշատակ Մովսէս մարգարէին գաւազանով ժայռրէն ջուր բխեցնելուն:
Եօթնօրեայ տօնին վերջին օրը, Քրիստոս Ինքզինք կը յայտնէ ու հանգամանօրէն կը գոչէ. «Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ, ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ’ըսէ. «Անոր սրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին» (Յհ 7.37-39):
Տաճարին մէջ հաւաքուած հաւատացեալները լսելով Յիսուսի խօսքերը իրարու կ’ըսէին.«Ասիկա է ճշմարիտ մարգարէն»,իսկ ուրիշներ՝«Օծեալն է Քրիստոսը», ոմանք ալ կասկածելով իրարու կ’ըսէին.«Միթէ Գալիլեայէ՞ն պիտի գայ Քրիստոսը» (Յհ 7.40-41):
Յիսուսի խօսքերը ունկնդիրներուն առջեւ կը բանար կեանքի նոր հորիզոններ: Մարդկային կեանքի բնական երեւոյթներէն է ծարաւնալը, բայց «մարդ»ով այգենալը, այսինքն Քրիստոսով, ո՛չ միայն նորութիւն էր, այլեւ անհասկնալի:
Բնականաբար նիւթական ծարաւի մասին չէր խօսքը, որովհետեւ նիւթական ջուրը նիւթեղէն մարդուն համար է եւ ժամանակաւորապէս կը յագեցնէ մեր ծարաւը: Իսկ Քրիստոսի ակնարկած «ջուրը» աննիւթական է՝ մարդուն ոգեղէն էութեան համար եւ ժամանակի սահմաններէն դուրս կու գայ յաւիտենական ըլլալու: Եթէ անկէ խմենք յաւիտենապէս պիտի չծարաւինք:
Քրիստոս առիթով մը, Սամարիոյ Սիւքար քաղաքի Յակոբի ջրհորին մօտ , սամարացի կնոջմէ ջուր խնդրեց: Կինը զարմացած ըսաւ.«Դուն որ Հրեայ մըն ես, ինչպէ՞ս ինձմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը խմելու ջուր կ’ուզես»(Յհ 4.9): Յիսուս կը պատասխանէ անոր ըսելով.«Ով որ այս ջուրէն խմէ՝ դարձեալ պիտի ծարաւնայ, բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ: Ընդհակառակը, ջուրը որ ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը, որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ» (Յհ 4.13-14):
Աստուածաշնչական այս դրուգով կ’իմանանք, թէ Քրիստոս Ինքզինք յայտնած է որպէս կեանք ջուր, որմէ խմողը ոչ թէ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ, այլեւ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին (Յհ 7.38):
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերոյիշեալ մտածումներու լոյսին տակ կարելի է եզրակացնել, որ ինք եղաւ զօրութեան աղբիւր բոլոր անոնց, որոնք ըմպեցին Իր տուած կենսատու ջուրէն: Հետագային, Քրիստոսի առաքեալները եկեղեցիներ հիմնեցին այդ«Հոգեւոր վէմին վրայ, որ Քրիստոսն է»:
Ս.ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
348-439
Ս.Սահակ Պարթեւ Հայրապետ, որդին էր Մեծն Ներսէս Կաթողիկոսի: Ան ծնած է Կեսարիա, 384ին: Ս.Սահակ ունէր յունական կրթութիւն, հմուտ էր ժամանակակից երաժշտութեան ու հռետորական արուեստներուն ինչպէս նաեւ փիլիսոփայութեան: Ս.Սահակ կ’ապրէր իր հօր հոգածութեան ներքեւ, կը հմտանայ նաեւ Սուրբ գրային գիտութիւններուն: Աղօթել շատ սիրելով կը լեցուի Աստուծոյ Հոգիով եւ շնորհքներով, չափահաս տարիքին շրջապատը կը ստիպէ, որ Ս.Սահակ ընտանիք կազմէ, որպէսզի շարունակուի Լուսաւորիչի տոհմը: Ան կ’մուսնանայ եւ կ’ունենայ զաւակ մը, Սահականոյշ, որ Համազասպ Մամիկոնեանի տիկինը կը կ’ըլլայ եւ մայրը՝ Վարդանի, Հմայեակի եւ Համազասպեանի:
Վաղարշապատ մայրաքաղաքի մայր եկեղեցւոյ մէջ Աւագ Հինգշաբթի օր Ս. Սեղանին սպասարկած պահուն տեսիլք մը կ’ունենայ, Տէրը իրեն ցոյց կու տայ ապագայի կատարուլիք դէպքերը:
387, Ս.Սահակ Կաթողոկոս կը ձեռնադրուի: Հակառակ տիրող քաղաքական անբարենպաստ պայմաններուն, օրուայ Վռամշապուհ թագաւորին եւ Ս.Սահակ կաթողիկոսին համատեղ ջանքերուն շնորհիւ երկիրը կ’ապրի խաղաղութեան մէջ ու կը բարգաւաճի: Վռամշապուհ բարեպաշտ թագաւորի օժանդակութեամբ բազմաթիւ վանքեր եւ եկեղեցիներ կը կառուցեն, նաեւ կը նորոգեն Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու վկայարանները: Շրջան մը ետք միաբանելով Ս.Մեսրոպ վարդապետին կը զբաղի հայոց գիրերը գտնելու սուրբ եւ նուիրական գործին: Աշակերտներ կ’ուղարկէ զանազան եկիրներ, որպէսզի ուսանին եւ հայերէնի թարգմանէն Աստուածաշունչը:
Հայ իշխաններու տարակարծութեան պատճառով, Արշակունի վերջին,Արտաշիր անկարգ թագաւորը, 428ին, գահընկեց կ’ըլլայ Պարսիկ արքայ Յազկերտի ձեռքով իսկ Ս. Սահակ կը զրկուի իր կաթողիկոսական պաշտօնէն: Սակայն Հայրապետը չի դադրիր իր հոգեւոր հօտին հետ իր կապը: Այդ օրերուն աղանդաւորական շարժումներ կը մտահոգէին եկեղեցին, այս պատճառաւ կը գումարուի Եփեսոսի Տիեզերական ժողովը, ժողվին կը մասնակցին Ս.Սահակի աշակերտները: Աշտիշատի մէջ կայացած ժողովով կ’ընդունուին Եփեսոսի Տիեզերական Ժողովի որոշումները եւ կը դատապարտուին Նեստորն ու անոր համախոհները: Ս.Սահակ եւ իր գործակիցները արթնութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ կը պայքարին աղանդներուն դէմ՛ հաւատարիմ մնալով միշտ ճշմարիտ դաւանութեան:
Նախարարներն ու ժողովուրդը կը հաւաքուին Ս.Սահակի շուրջ եւ ներում կը խնդրեն՝ իրենց գործած չարիքներուն պատճառաւ պատահածներուն համար: Կաթողիկոսը կը պատասխանէ. «Երկնաւոր վարդապետս՝ Քրիստոսն է, ես սորվեցայ Իրմէ չբարկանալ ոեւէ մէկուն վրայ, այլ օրհնել հալածիչները եւ բարիք կատարել զիս ատողներուն, բայց դուք կործանեցիք ձեր թագաւորութիւնը եւ հայրապետական գահը ինչպէ՞ս կրնաք այժմ զիս մխիթարել», «Արդ, թոյլ տուէք, որ ծերութեանս վերջին օրերը անցընեմ առանձնութեան մէջ, ողբալով Հայաստանի համատարած կործանումը»:
Ս.Սահակ կեանքի մնացած տարիները կ’անցնէ աղօթքով եւ քարոզչութեամբ: 439 ին, խոր ծերութեան մէջ կը վախճանի, Բագրեւանդ գաւառի Բլուր կոչուած գիւղին մէջ: Սուրբին մարմինը հողին կը յանձնեն Տարօն գաւառի Աշտիշատ վայրին մէջ, ուր կը կառուցեն եկեղեցի մը, որ հետագային ուխտատեղիի կը վերածուի:
ՔԱՌԱՍՆՈՐԴԱՑ ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Բուն Բարեկենդանը հայ ժողովուրդի յուշապատումներով յատկանշուած իւրօրինակ տօն է: Ան իր մէջ կ’ընգրկէ դասիարակիչ ըմբռնումներ, որոնք եկեղեցւոյ բարոյախօսական քարոզչութեամբ դարձան մարգարէական պատգամներուն եւ Տէրունական պատուէրներուն յուշարարը:
Հայ ժողովուրդին կողմէ ամէնէն սիրուած ու սպասուած տօնը եղած է Բուն Բարեկենդանը, որ կոչուած է նաեւ «հայոց ազգի օրեր»:
Ահա եկաւ հայոց ազգի օրերը,
Հանեցէ՛ք հիները, հագէ՛ք նորերը:
Բարեկենդանը խորհրդանշող տօնական մթնոլորտը կ’երկարաձգուի Ս.Սարգիսի յաջորդող Երկուշաբթիէն մինչեւ Մեծ Պահքի նախորդող Կիրակին՝ ամբողջ երկու շաբաթ:
Բարեկենդանի տօնախմբութեան ընթացքին նախապատուութիւնը կը տրուի մսեղէնի, կաթնեղէնի, իւղի առատութեան: Ընդունուած օրէնքին համաձայն, կերուխում ու խնճոյքները տեղի կ’ունենան բացօդեայ վայրերու մէջ եւ ճաշատեսակներու առատութիւնը կը ստիպէր ներկաներուն այնքան ուտել, որ երբեմն Բարեկենդանը կ’անուանէին «Փորեկենդան»:
Բարեկենդան, փորեկենդան,
Բարեկենդան օրեր է,
Խելքս գլխէս կորել է…
Վերջին օրը, երեկոյեան, կաթնապուր, մածուն եւ խաշուած հաւկիթ ուտելով կ’ըսեն. «Մեր բերանը ճերմակ հաւկիթով կը փակենք: Աստուած արժանի ընէ կարմիր հաւկիթով բանալու»:
Ուսունասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ հին Հայաստանի մէջ այդ տօնը տեղի կ’ունենար պարելու,խաղերու, թատերախաղերու, այցելութիւններու, հրապարակային խնճոյքներու, կերուխումի եւ կատակներու միջոցով: Այդեղ հասարակական յարաբերութիւններու, ընտանեկան բարքերու եւ տարիքային խումբերու դերերը շրջուած կը ներկայացուին: Սակայն, ամէնէն յատկանշականը խաղերն ու թատերական ներկայացումներն էին, որոնց մասնակցութիւն կը բերէին՝ երեխաներ, պատանիներ, ծերեր, հարս ու աղջիկ, չափահաս կիներ ու տղամարդիկ: Այդ խաղերը տեղի կ’ունենանյին թէ՛ տուներուն եւ թէ հրապարակներուն վրայ: Իսկ թատերախաղերը՝ երկոյեան հաւաքոյթներու ընթացքին: Յաճախ մեծերը խնճոյքներէն յոգնած կը հաւաքուէին տան մէջ, նոյն պահուն դուռը թափով կը բացուէր եւ դիմակաւոր երեխաներու խումբը երգով ու թմբուկով ներս կը մտնէր: Տղաքը հագած կ’ըլլային աղջկայ զգեստներ, փոքրերը՝ մեծերու, երբեմն՝ ծաղրածուի: Ծիծաղաշարժ արտաքինով ու շարժուձեւերով երեխաները գիւղական առօրեայէն պատկերներ կը ներկայացնէին ու կը ստանային իրենց նուէրները:
Ներկայիս, «Բարեկենդան» հասկացողութիւնը հետզհետէ կը կորսնցնէ իր նախնական նշանակութիւնը: Ծպտուիլն ու զուարճահանդէսներու կազմակերպումը առաւել չափով իրենց դրսեւորումը կը գտնեն միայն մանկական շրջանակներու մէջ:
Մեր պարտքն է, որ հոգեւոր եւ ազգային մշակոյթի աւանդումով դաստիարակնեք ու առաջնորդենք նոր սերունդի մեր զաւակները, դէպի լոյս աղբիւր, նախապատրաստենք զանոնք ինքնազսպումի եւ ապաշխարութեան, որոնցմով կը հարթուի առ Աստուած դարձի ճանապարհը եւ առիթ կը հանդիսանայ հոգեւոր վերելքի:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան
Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ (շարունակութիւն)
Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը հսկայ ներդրում ունեցած է մեր եկեղեցւոյ ժամասացութիւններուն մէջ։ Իր բեղուն գրչով յօրինած է բազմաթիւ երգեր, շարականներ եւ տաղեր որոնք ճոխացուցած են Հայ Եկեղեցւոյ արարողական կեանքը։ Նկատելով որ հատորներով կարելի է անդրադառնալ միայն Շնորհալիի գրական վաստակին, սոյն յօդուածով փոքր նմուշով մը պիտի ջանանք արտաբերել իր ստեղծագործութեան միտք բանին։
12-13րդ դարերուն միջեւ Ճաշու ժամերգութիւնները (Երրորդ, Վեցերորդ, Իններորդ Ժամերը) փոփոխութեան ենթարկուած են։ Ներսէս Շնորհալին անոնց հարստացուցած է իր հեղինակած գեղեցիկ եւ հոգեթով երգերով։ Երգերէն օրինակներն են՝ «Օրնհեմք զքեզ, Հայր անսկիզբն», «Խաւարեցաւ լոյսն արեւու», «Չարչարակցեալ», «Նահապետին Աբրահամու» եւ այլն։ Հին գրաբարի մէջ, Օ տառը գոյթութիւն չունէր, եւ «Օ» ձայնաւորը կը գրուէր «Աւ» սակայն կը հնչուէր որպէս «Օ»։
Ներսէս Շնորհալին, հաւանաբար ներշնչուելով Եբրայական գրականութենէն (հմմտ. Սղ. ՃԺԸ եւ Գիրք Ողբոց), յաճախակիօրէն իր ստեղծագործութիւնները հնարած է այբենական շարքով (Անգլերէն՝ acrostic)։
Երրորդ ժամը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի ի դէմս, այսինքն՝ աղօթքը ուղղելով Սուրբ Հոգիին վայրէջքին, նախամօր Եւային պտղոյ ճաշակման եւ մեղաւորներու ազատման շնորհիւ՝ Յիսուսի Քրիստոսի։ «Օրհնեմք զքեզ» երգը, որ կը գտնուի Երրորդ Ժամուն ընթացքին, բաղկացած է երեք տուներէ։ Առաջին տան մէջ կը պատմուի մարդուն արարումին եւ պատուիրանազանցութեան մասին։ Երկրորդ տան մէջ կը պատմուի թէ ինչպէս երրորդ ժամուն Տէրը խաչ բարձրացաւ։ Այստեղ Շնորհալին կը գրէ- «Ընդ աւազակին քում խաչակցին արժանացո՛ զմեզ դրախտին» (հմմտ. Ղկ ԻԳ. 42-43)։ Այսինքն, ինչպէս որ Տէրը աւազակին արժանացուց դրախտին, թող մեզի նոյնպէս արժանի դարձնէ ժառանգելու հանդերձեալ կեանքը։ Երրորդ տան մէջ կը դիմենք թագաւորներու թագաւորին, որ առատաբուղխ Սուրբ Հոգիին շնորհքները բաշխեց վերնատան մէջ հաւաքուած առաքեալներուն (Գործք Բ)։ Կը խնդրենք ըսելով- «Լո՛ւր յանուն քո ժողովելոցս է՛ջ եւ մեզ յերրորդ ժամուն». այսինքն, լսէ՛ յանուն գումարուած ժողովուրդին եւ իջի՛ր մեզի երրորդ ժամուն։
Արդարեւ, ինչպէս որ կը տեսնենք, Շնորհալիին երգերը հարուստ են իրենց Աստուածաբանութեամբ եւ ցայտուն են որպէս ինքնուրոյն գրական ստեղծագործութիւններ։ Ան ընդելուզած է Աստուածաշունչը ստեղծամիտ իր գրական-բանաստեղծական յղացումներուն հետ։ Շնորհալին նաեւ յատուկ ուշադրութիւն տուած է Ծննդոց գրքին մէջ գտնուող Արարչութեան դրուագին (Ծննդ. Ա-Գ)։
Ապագայ յօդուածներով պիտի ջանանք ընդլայնել Շնորհալիի գործունէութիւնը ժամասացութիւններուն ընդմէջէն եւ նաեւ անդրադառնալ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ տարած իր աշխատանքը։
Տարօն Սրկ. Հալլաճեան
Փետ. 15, 2023