ՓԱՐԻՍԵՑԻԻՆ ԵՒ ՄԱՔՍԱՒՈՐԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Եբր 4.16-5.10):
«Թէպէտ Աստուածորդի էր, բայց իր չարչարանքներուն փորձառութեամբ սորվեցաւ՝ թէ ի՛նչ բան է հնազանդութիւնը» (Եբր 5.8):
Ս. Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Աստուածորդին կը ներկայացնէ որպէս ճշմարիտ քահանայապետ, որ մարմնին վրայ կրեց ամէն տեսակի չարչարանք առանց մեղանչելու: Ս.Պօղոս կը նկարագրէ Աստուծոյ կողմէ կոչուած երկրաւոր քահանայապետի պաշտօնը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ միջնորդութիւն մը Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ: Ան կոչուած է, ոչ միայն ժողովուրդին, այլ նաեւ իր մեղքերուն թողութեան համար զոհեր մատուցելու, որովհետեւ ինքն ալ բոլորին նման մահկանացու էր, մարդկային տկարութիւններով ծանրաբեռնուած:
Ապա կը ներկայացնէ Աստուծորդին, որպէս Հօր Աստուծմէ ղրկուած գերագոյն եւ յաւերժական քահանայ, համաձայն այն խօսքին թէ՝ «Դուն յաւիտեան քահանայ ես, Մելիքսեդեկ քահանային պէս» (Եբր 5.6):
Քրիստոս որպէս քահանայապետ, ի տարբերութիւն բոլոր քահանայապետներէ, զոհեր չմատուցեց Աստուծոյ՝ մարդոց մեղքերու քաւութեան եւ կամ Իր անձին համար, այլ մարդոց մեղքերը Իր վրայ առնելով, Ինքզինք ընծայաբերեց որպէս հաշտութեան պատարագ:
Ինք դարձաւ զոհ մատուցողը, մեր եկեղեցւոյ Պատարագամատոյցի իսկ բառերով՝ «բաշխող՝ ու բաշխուող, քահանայապետ եւ պատարագ», որ Իր անձը զոհագործեց եւ որպէս նղխար ու կերակուր Ինքզինք բաժնեց բոլորին, մեղքերու թողութեան համար:
Աստուածորդւոյն քահանայապետութիւնն ու զոհագործումը աստուածային ծրագիրն էր փրկագործութեան խորհուրդի իրագործումին համար, որ Քրիստոս կատարեալ հնազանդութեամբ իր լրումին հասցուց:
Հնազանդութիւնը՝ Աստուածորդիին համար եղաւ գերագոյն պատարագը, որուն մասին առաքեալը կը հաստատէ.«Թէպէտ Աստուածորդի էր, բայց չարչարանքներու փորձառութեամբ սորվեցաւ թէ ինչ բան է հնազանդութիւնը» (Եբր 5.8):
Այս բառերով պէտք է ճիշդ հասկնալ: Այսինքն՝ չկարծել թէ Աստուածորդին հնազանդութիւն չէր գիտեր եւ չարչարանքներով սորվեցաւ, այլ չարչարանքներուն ընդմէջէն ցոյց տուաւ Իր հնազանդութիւնը Հօր Աստուծոյ հանդէպ, կատարելով Անոր կամքը, այնպէս ինչպէս «Տէրունական Աղօթք»ին մէջ սորվեցուցած էր ըսել.«Եղիցին կամք քո»:
Աստուածորդին ծնունդէն մինչեւ խաչ բարձրանալը կատարելապէս հնազանդեցաւ Հօր Աստուծոյ կամքին:
Սակայն, Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ էր, որ Իր հնազանդութիւնը գագաթնակէտին հասաւ: Երբ մօտալուտ չարչարանքներու սարսափին առջեւ եւ մարդոց անթիւ մեղքերու ահաւոր ծանրութեան տակ էր՝ արտասանեց.«Հա՜յր իմ, եթէ կարելի է՝ այս բաժակը թող հեռանայ ինձմէ….»(Մտ 26.42): Բայց խօսքը հազիւ աւարտած՝ ըսաւ.«Քու կամքդ թող ըլլայ»:
Ուրեմն, առաքեալի բառերէն պէտք է հասկնալ, թէ Աստուածորդին չարչարանքներու փորձառութեամբ ոչ թէ «սորվեցաւ հնազանդութիւնը», այլ «սորվեցուց հնազանդութիլ, յանձն առնելով մահը, եւ այն ալ՝ խաչի մահը»(Փլ 2.8):
Հետեւաբար, Յիսուսի օրինակին հետեւելով հնազանդինք Աստուծոյ կամքին, մեր կեանքի ընթացքին: Սակայն Աստուծոյ կամքին հնազանդիլ չի նշանակեր չտառապիլ ու հանգստաւէտ կեանք մը ապրիլ, այլ նեղութեան ու չարչարանքի ամենածանր պահերուն եւ մեր կեանքի Գեթսեմանիին մէջ իսկ՝ քաջաբար ըսել.«Եղիցին կամք քո»:
Աստուծոյ կամքին հնազանդութիւնը՝ թող կատարելութեան ու փրկութեան առաջնորդէ մեզ: Հնազանդութեան օրինակ դառնանք մեր զաւակներուն, որպէսզի սերունդներու կեանքին մէջ միշտ պահպանուի Աստուծոյ կամքին գործադրութիւնը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ մեր սրբութիւնն ու փրկութիւնը, Իր փառքին եւ մեր յաւիտենական երջանկութեան համար:
ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Ղկ 18.9-14)
Այս առակն ալ պատմեց անոնց,որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են եւ ուրիշները կ’արհամարհէին:
Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը Մաքսաւոր:
Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ’աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ՝ որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս Մաքսաւորին պէս ալ չեմ: Այլ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»: Իսկ Մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծեր եւ կ’ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ ՛ մեղաւորիս մեղքերը»:
Կ’ըսեմ ձեզի, -եզրակացուց Յիսուս, -Մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ:
«Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին» առակի շարժառիթին մասին խօսելով Ղուկաս աւետարանիչ կ’ըսէ. «Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար համարում ունէին թէ արդար են եւ ուրիշները կ’արհամարհէին» (Ղկ 18.9):
Փարիսեցիին աղօթքը անընդունելի էր, որովհետեւ ան իր անձին շուրջ կեդրոնացաւ եւ «ես» -ի պատեանին մէջ ինքզինք բանտարկեց: Հետեւաբար, հպարտութեան փոթորիկը մառած էր անոր հաւատքի ջահը, ուստի հեռացած էր ճշմարիտ եւ անկեղծ աղօթքի հոգիէն:
Մենչդեռ մաքսաւորը խոնարհ հոգիէն մղուած, հեզութեամբ առաջնորդուած եւ զղջումի գիտակցութեամբ լեցուած մատուցեց իր աղօթքը: Ան նույնիսկ աչքերը վեր բարձրացնելու ինքզինք անարժան նկատեց, ուստի արժանացաւ արդարացումի:
Ս. Օգոստինոս կ’ըսէ. «Ինչպէս որ մահուան մէջ կեանք կայ, համեստութեան մէջ ալ զօրութիւն՝, նոյնպէս ալ խոնարհութեան մէջ՝ բարձրացում»:
Փարիսեցիին գոռոզութիւնը նկատելի է ոչ միայն ինքզինք գովելէն, այլ նաեւ իր նմանը արհամարհելէն:
Այս առակով Քրիստոս մեզի կը սորվեցնէ.
ա. Խոնարհ ըլլալ. Յակոբոս առաքեալ կ’ըսէ. «Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչդեռ շնորհք կու տայ խոնարհներուն»(Յկ 4.6): Հպարտանալ կը նշանակէ զԱստուած մերժել, եւ փրկութեան հրաւէրը անարգել:
բ. Խոնարհին աղօթքը քաղցր կը հնչէ Աստուծոյ ականչին, անուշահոտ խունկի նման բուրումնաւէտ կը թուի Իրեն: Առաքինութեան թագն ու բարի գործերուն պսակումն է խոնարհութիւնը, որուն միջոցաւ մարդը կը դառնայ Աստուծոյ հաճելի եւ սուրբերուն գովելի:
Քրիստոսի իսկական հետեւորդը կը հատկանշուի խոնարհութեամբ, ինչպէս որ աղը կը համեմէ ճաշը, իսկ աչքը կը լուսաւորէ մարմինը, նոյնպէս ալ ՛ խոնարհութիւնը, կը բարձրացնէ մարդը: Խոնարհութեամբ միայն կարելի է աստղի նման փայլիլ մեղքով մթաքնած երկնակամարի վրայ:
Թող որ ըլլանք խոնարհ, որպէսզի մեր հոգիներէն բխին գեղեցիկ մտածումներ եւ ապրումներ, մտքերէն ծագին լուսեղէն մտածումներ, որպէսզի ըլլանք պիտանի անձեր, լուսաւորելու մեր շրջապատը:
ՍՐԲՈՅՆ ԱԲԳԱՐՈՒ ՆԱԽԱՎԿԱՅ ԵՒ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՄԵՐՈՅ
Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, հայակերտման եւ հայապահպանման այն ազդակներէն է, որուն արժանացանք Տիրոջ բարեհաճ կամքով: Քրիստոնէութեան տարածման մէջ մեծ էր Ս.Աբգար թագաւորին դերը: Աբգար թագաւոր աշխարհի առաջին թագաւորն էր, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը: Այսպիսով, քրիստոնէութիւնը տարածուեցաւ հայոց աշխարհի եւ արքունական պալատէն ներս եւ հայ ազնուական ընտանիքները թօթափելով հեթանոսական ապականած փոշին կը սկսին բարեկարգուիլ եւ կերպարանափոխուիլ Քրիստոնէական բարերար լոյսի ներգործութեամբ:
Աբգար թագաւորին մասին մեզի տեղեկութիւն կը փոխանցէ Պատմահայր Մովսէս Խորէնացին:
Պատմական աղբիւրներու համաձայն, ժողովուրդը Աբգար թագաւորը «Աւագ այր» անուանած Է, իր հեզ եւ իմաստուն նկարագրին համար:
Հայոց պատմութեան մէջ Աբգար թագաւոր իր ուրոյն եւ նշանակալից տեղը ունի:
Անոր հեղինակութիւնը տարածուած էր Եթեսիա քաղաքի կառուցումով, ուր մծբինէն տեղափոխուած էին, իր արքունիքն ու դիւանատունը:
Աբգարի թագաւորութեան երկրորդ տարին, Հռոմէական կայսր՝ Օգոստոսը կը հրամայէ աշխարհագիր կատարել կայսրութեան հպատակ երկիրներու մէջ, որոնք հարկատու էին իրեն: Այդ օրերուն կայսարական գործակալները կու գան Հայաստան եւ մեհեաններուն մէջ կը տեղադրեն կայսեր պատկերն ու հարկատու կը դարձնեն իրենց:
Ճիշդ նոյն օրերուն, Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ կը ծնի Յիսուս:
Տարիներ անց, Աբգար թագաւորին կողմէ պատուիրակութիւն մը կ’այցելեն կայսեր հազարապետին, հոն կը լսեն Քրիստոսի սքանչելագործութիւններու մասնի եւ կայցելեն երուսաղէմ, կը տեսնեն Յիսուսի կատարած գործերը եւ հրաշքները՝ կը վերադառնան Եթեսիա ու կը պատմեն Աբգար թագաւորին:
Աբգար թագաւոր որ եօթը տարիներէ ի վեր կը տառապէր անբուժելի մաշկային հիւանդութենէ, աղերսագիր կ’ուղարկէ Քրիստոսի՝ խնդրելով, որ Ան գայ եւ բժշկէ զինք:
Փրկիչը կը պատասխանէ. «Երանի անոր որ առանց տեսնելու կը հաւատայ, որովհետեւ իմ մասիս գրուած է, թէ անոնք որոնք զիս կը տեսնեն, ինծի չեն հաւատար: Իսկ ինչ որ դուն ինծի գրեցիր, քովդ գալու համար, ես այստեղ պէտք է մնամ եւ կատարեմ այն բոլորը, որոնց համար ղրկուած եմ: Երբ այս բոլորը կատարեմ, պիտի համբառնամ անոր մօտ որ զիս ղրկեց, համբառնալես ետք քեզի կը ղրկեմ աշակերտներէս մին, որ քեզ բժշկէ եւ կեանք շնորհէ քեզի եւ քեզի հետ եղողներուն»:
Աւանդութեան համաձայն, Աբգարի սուրհանդակ Անանը կը հասնի Երուսաղէմ եւ կը տեսնէ Փիլիպպոսը եւ աղաչելով կ’ըսէ. «Տէ՝ր, կ’ուզենք Յիսուսը տեսնել»: Յիսուս կը պատասխանէ. «Ահա Մարդու Որդիին փառաւորման ժամը հասաւ» (Յհ 12.21-23):
Քրիստոսի համբարձումէն ետք Թադէոս առաքեալ կ’երթայ Եդէսիա, Քրիստոսի խոստումը կը կատարէ եւ Աբգար թագաւորը բժշկելէ ետք, իսկոյն կը սկսի Աւետարանի քարոզութեան:
Ապա Ս. Թադէոս առաքեալ Ադդէ անունով բարեպաշտ մը եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ եւ կ’ուղղուի Աբգարի քեռորդի Սանատրուկի մօտ:
Աբգար թագաւոր կը համարուի Քրիստոսի հաւատացող նախավկայ անդրանիկ թագաւոր: Ան իր սրբակենցաղ կեանքով օրինակ կը հանդիսանայ յօգուտ քրիստոնէութեան տարածման: Աբգար 38 տարի թագաւորելէ ետք կը մահանայ:
Ս. Աբգար թագաւորի խնկելի յիշատակը կը տօնուի Դեկտեմբեր ամսույ, երկրորդ կիսուն:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան