ՓԱՐԻՍԵՑԻԻՆ ԵՒ ՄԱՔՍԱՒՈՐԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Եբր 4.16-5.10)

«Թէպէտ Աստուածորդի էր, բայց իր չարչարանքներուն փորձառութեամբ սորվեցաւ՝ թէ ի՛նչ բան է հնազանդութիւնը» (Եբր 5.8):

Ս. Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Աստուածորդին կը ներկայացնէ որպէս ճշմարիտ քահանայապետ, որ մարմնին վրայ կրեց ամէն տեսակի չարչարանք առանց մեղանչելու: Ս. Պօղոս կը նկարագրէ Աստուծոյ կողմէ կոչուած երկրաւոր քահանայապետի պաշտօնը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ միջնորդութիւն մը Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ: Ան կոչուած է, ոչ միայն ժողովուրդին, այլ նաեւ իր մեղքերուն թողութեան համար զոհեր մատուցելու, որովհետեւ ինքն ալ բոլորին նման մահկանացու էր, մարդկային տկարութիւններով ծանրաբեռնուած: 

Ապա կը ներկայացնէ Աստուծորդին, որպէս Հօր Աստուծմէ ղրկուած գերագոյն եւ յաւերժական քահանայ, համաձայն այն խօսքին թէ՝ «Դուն յաւիտեան քահանայ ես, Մելիքսեդեկ քահանային պէս» (Եբր 5.6):

Քրիստոս որպէս քահանայապետ, ի տարբերութիւն բոլոր քահանայապետներէ, զոհեր չմատուցեց Աստուծոյ՝ մարդոց մեղքերու քաւութեան եւ կամ Իր անձին համար, այլ մարդոց մեղքերը Իր վրայ առնելով, Ինքզինք ընծայաբերեց որպէս հաշտութեան պատարագ:

Ինք դարձաւ զոհ մատուցողը, մեր եկեղեցւոյ Պատարագամատոյցի իսկ բառերով՝ «բաշխող՝ ու բաշխուող, քահանայապետ եւ պատարագ», որ Իր անձը զոհագործեց եւ որպէս նշխար ու կերակուր Ինքզինք բաժնեց բոլորին, մեղքերու թողութեան համար:

Աստուածորդւոյն քահանայապետութիւնն ու զոհագործումը աստուածային ծրագիրն էր փրկագործութեան խորհուրդի իրագործումին համար, որ Քրիստոս կատարեալ հնազանդութեամբ իր լրումին հասցուց:

Հնազանդութիւնը՝ Աստուածորդիին համար եղաւ գերագոյն պատարագը, որուն մասին առաքեալը կը հաստատէ. «Թէպէտ Աստուածորդի էր, բայց չարչարանքներու փորձառութեամբ սորվեցաւ թէ ինչ բան է հնազանդութիւնը» (Եբր 5.8):

Այս բառերով պէտք է ճիշդ հասկնալ: Այսինքն՝ չկարծել թէ Աստուածորդին հնազանդութիւն չէր գիտեր եւ չարչարանքներով սորվեցաւ, այլ չարչարանքներուն ընդմէջէն ցոյց տուաւ Իր հնազանդութիւնը Հօր Աստուծոյ հանդէպ, կատարելով Անոր կամքը, այնպէս ինչպէս «Տէրունական Աղօթք»ին մէջ սորվեցուցած էր ըսել. «Եղիցին կամք քո»:

Աստուածորդին ծնունդէն մինչեւ խաչ բարձրանալը կատարելապէս հնազանդեցաւ Հօր Աստուծոյ կամքին:

Սակայն, Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ էր, որ Իր հնազանդութիւնը գագաթնակէտին հասաւ: Երբ մօտալուտ չարչարանքներու սարսափին առջեւ եւ մարդոց անթիւ մեղքերու ահաւոր ծանրութեան տակ էր՝ արտասանեց. «Հա՜յր իմ, եթէ կարելի է՝ այս բաժակը թող հեռանայ ինձմէ» (Մտ 26.42): Բայց խօսքը հազիւ աւարտած՝ ըսաւ. «Քու կամքդ թող ըլլայ»:

Ուրեմն, առաքեալի բառերէն պէտք է հասկնալ, թէ Աստուածորդին չարչարանքներու փորձառութեամբ ոչ թէ «սորվեցաւ հնազանդութիւնը», այլ «սորվեցուց հնազանդուիլ, յանձն առնելով մահը, եւ այն ալ՝ խաչի մահը» (Փլ 2.8):

Հետեւաբար, Յիսուսի օրինակին հետեւելով հնազանդինք Աստուծոյ կամքին,  մեր կեանքի ընթացքին: Սակայն Աստուծոյ կամքին հնազանդիլ չի նշանակեր չտառապիլ ու հանգստաւէտ կեանք մը ապրիլ, այլ նեղութեան ու չարչարանքի ամենածանր պահերուն եւ մեր կեանքի Գեթսեմանիին մէջ իսկ՝ քաջաբար ըսել.«Եղիցին կամք քո»:

Աստուծոյ կամքին հնազանդութիւնը՝ թող կատարելութեան ու փրկութեան առաջնորդէ մեզ: Հնազանդութեան օրինակ դառնանք մեր զաւակներուն, որպէսզի սերունդներու կեանքին մէջ միշտ պահպանուի Աստուծոյ կամքին գործադրութիւնը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ մեր սրբութիւնն ու փրկութիւնը, Իր փառքին եւ մեր յաւիտենական երջանկութեան համար:

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Ղկ 18.9-14)

Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են եւ ուրիշները կ’արհամարհէին:

Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը Մաքսաւոր:

Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ’աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ՝ որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս Մաքսաւորին պէս ալ չեմ: Այլ շաբաթը երկու անգամ  ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»: Իսկ Մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝  կուրծքը կը ծեծէր եւ կ’ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ ՛ մեղաւորիս մեղքերը»:

Կ’ըսեմ ձեզի, -եզրակացուց Յիսուս, -Մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ:

«Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին» առակի շարժառիթին մասին խօսելով Ղուկաս աւետարանիչ կ’ըսէ. «Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց  համար համարում ունէին թէ արդար են եւ ուրիշները կ’արհամարհէին» (Ղկ 18.9):

Փարիսեցիին աղօթքը անընդունելի էր, որովհետեւ ան իր անձին շուրջ կեդրոնացաւ եւ «ես»-ի պատեանին մէջ ինքզինք բանտարկեց: Հետեւաբար, հպարտութեան փոթորիկը մառած էր անոր հաւատքի ջահը, ուստի հեռացած էր ճշմարիտ եւ անկեղծ աղօթքի հոգիէն:

Մենչդեռ մաքսաւորը խոնարհ հոգիէն մղուած, հեզութեամբ առաջնորդուած եւ զղջումի  գիտակցութեամբ լեցուած  մատուցեց իր աղօթքը: Ան նույնիսկ աչքերը վեր բարձրացնելու ինքզինք անարժան նկատեց, ուստի արժանացաւ  արդարացումի:

Ս. Օգոստինոս կ’ըսէ. «Ինչպէս որ մահուան մէջ կեանք կայ, համեստութեան մէջ ալ զօրութիւն՝, նոյնպէս ալ խոնարհութեան մէջ՝ բարձրացում»:

Փարիսեցիին գոռոզութիւնը նկատելի է ոչ միայն ինքզինք գովելէն, այլ նաեւ իր նմանը արհամարհելէն:

Այս առակով Քրիստոս մեզի կը սորվեցնէ.

ա. Խոնարհ ըլլալ. Յակոբոս առաքեալ կ’ըսէ. «Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչդեռ շնորհք կու տայ խոնարհներուն» (Յկ 4.6): Հպարտանալ կը նշանակէ զԱստուած մերժել, եւ փրկութեան հրաւէրը անարգել:

բ. Խոնարհին աղօթքը քաղցր կը հնչէ Աստուծոյ ականջին, անուշահոտ խունկի նման բուրումնաւէտ կը թուի Իրեն: Առաքինութեան թագն ու բարի գործերուն պսակումն է խոնարհութիւնը, որուն միջոցաւ մարդը կը դառնայ Աստուծոյ հաճելի եւ սուրբերուն գովելի: Քրիստոսի իսկական հետեւորդը կը յատկանշուի խոնարհութեամբ, ինչպէս որ աղը կը համեմէ ճաշը, իսկ աչքը կը լուսաւորէ մարմինը, նոյնպէս ալ ՛ խոնարհութիւնը, կը բարձրացնէ մարդը: Խոնարհութեամբ միայն կարելի է աստղի նման փայլիլ մեղքով մթագնած երկնակամարի վրայ: Թող որ ըլլանք խոնարհ, որպէսզի մեր հոգիներէն  բխին գեղեցիկ մտածումներ եւ ապրումներ, մտքերէն ծագին լուսեղէն մտածումներ, որպէսզի ըլլանք պիտանի անձեր, լուսաւորելու մեր շրջապատը:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան