22 Ապրիլ 2025-ին, Քեպէգ նահանգի Խորհրդարանական նիստին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը յիշատակուեցաւ, որուն ընթացքին խօսք առին խորհրդարանական պատգամաւորներ Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Միշէլ Սեթլաքուի եւ Սելին Հայթայեան։ Հայ Դատի Քեպէգի յանյնախումբի պատուիրակութիւնը եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան ներկայ էին նիստին։