Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան Օնթարիօ Խորհրդարանէն ներս

Երեքշաբթի 25 Նոյեմբերին, Օնթարիօ նահանգի Don Valley North-ի երեսփոխան՝ Ճոնաթան Ցաօ-ի հրաւէրով եւ Scarborough Agincoւrt շրջանի հայազգի երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեանի ներկայութեամբ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան ներկայ գտնուեցաւ Օնթարիօ Խորհրդարանի նիստին, ուր յատուկ կերպով երեսփոխանը յիշատակեց Տէր Հօր 40 տարիներու քահանայական վաստակը, Հալէպի եւ ներկայիս Քանատայի մէջ: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Տէր Հօր ծնողներու Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ըլլալու հանգամանքի եւ Սուրիոյ պատերազմի դժուարին տարիներու ծառայութիւնը եւ ապա երեսփոխաններու հետ ճաշի ընթացքին յատուկ գնահատագիր մը յանձնեց Տէր Հօր:

Իսկ դիմատետրի իր էջին վրայ Օնթարիօ նահանգի ելեկտրականութեան եւ հանքերու նախարար Տիար Ստեփան Լեչչէ հետեւեալ գրութիւնը զետեղեց: Յայտնենք նաեւ որ նիստին ներկայ էին Թորոնթոհայ ազգայիններ՝ Տեարք Արիս Պապիկեան, Յակոբ Ճանպազեան, Լեւոն եւ Տոքթ Անի Հասըրճեան ամոլը, Յարութ Մաթոսեան եւ Օր. Արազ Հասըրճեան:

Stephen Lecce

Celebrating 40 years of priesthood for Archpriest Rev. Fr. Datev Mikayelian of St. Mary Armenian Apostolic Church with Ontario’s first Armenian elected to the Legislature, Aris Babikian.

An inspiring milestone for a faith leader who has served with dignity, purpose, and unwavering dedication to his community.

— with Aris Babikian.

Կը տօնենք Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի քահանայութեան 40-ամեակը՝ Օնթարիոյի Օրէնսդրական Ժողովին ընտրուած առաջին հայ պատգամաւոր Արիս Պապիկեանի հետ։

Խրախուսիչ ու ներշնչող հանգրուան է հաւատքի այն առաջնորդին համար, որ արժանապատուութեամբ, յստակ նպատակի գիտակցութեամբ եւ անսասան նուիրում-ով ծառայած է իր համայնքին։

— Արիս Պապիկեանի հետ

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Տեսուչն ու Հոգաբարձութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնեն նախարար Լէչչէյի եւ երեսփոխաններ Ճոնաթան Ցաօ-ի եւ Արիս Պապիկեանի: