ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԵՐՈՒՆ՝ ԳԱԲՐԻԷԼԻ ԵՒ ՄԻՔԱՅԷԼԻ ԵՒ ԵՐԿՆԱՅԻՆ ԲՈԼՈՐ ԶՕՐՔԵՐՈՒՆ
Երկնային զօրքեր կամ երկնային էակներ արտայայտութիւնը մեզի ծանօթ են Հրեշտակներ անունով: Հրեշտակ կը նշանակէ պատգամաւոր, դեսպան, պատկամաբեր:
Հրեշտակները անմահ, հրեղէն, լուսեղէն, աննիւթական լոյսէն կազմուած թիւով բազմաթիւ են (Յյտ 5.10): Անոնք թէեւ ստեղծուած հոգեւոր, աննիւթական արարածներ են, սակայն կարողութիւն ունին, սովորաբար մարդկային կերպարանք առնելով, տեսանելի դառնալ մարդոց:
Հրեշտակները սպասաւոր հոգիներ են, որոնք ստեղծուած են Արարիչին եւ մարդկութեան ծառայելու: Անոնք մշտապէս կը փառաբանեն Արարիչը, իսկ անտեսանելիօրէն կ’օգնեն մարդոց, զանոնք փրկելու նպատակով. Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ (Չէ՞ որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն» (Եբր 1.14):
Հայ Առաքելական Ս.Եկեղեցւոյ Միջնադարեան վարդապետներուն համաձայն, հրեշտակները, իբրեւ լուսեղէն էակներ, ստեղծուած են արարչութեան առաջին օրը՝ մշտնջենաւոր լոյսի ստեղծումին հետ միասին. (Ծն1. 3 ):
Ս.Դիոնէսէոս Արիոպագեցիին համաձայն հրեշտակները բաժնուած են ինը դասերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր անուանումն ու մասնաւոր պաշտօնը:
Հրեշտակներու անուններն են. «Աթոռք, Քերովբեներ, Սերովբեներ, Տէրութիւնք, Պետութիւնք, Իշխանութիւնք, Զօրութիւնք, Հրեշտակապետք, Հրեշտակք»:
Հրեշտակներու իւրաքանչիւր խումբ ունի իր Հրեշտակապետը, հետեւեալ անուններով՝ Գաբրիէլ, Միքայէլ, Ռափայէլ, Անայէլ, Ուրէլ, Դակուէլ, Բարաքիէլ, Ատոնիէլ, Փանուէլ:
Եկեղեցւոյ հայրերու հաւաստիացումով այս հրեշտակապետերը կը կանգնին Աստուծոյ առջեւ:
Գաբրիէլը Տիրոջ կարեւորագոյն որոշումները ու տնօրինութիւնները իրագործող անմիջական պաշտօնեան է: Գաբրիէլ հրեշտակապետն էր, որ յայտնուեցաւ Զաքարիա քահանային՝ Յովհաննէս Մկրտիչի հօրը, ինչպէս նաեւ յայտնուեցաւ Ս.Կոյս Մարիամին՝ աւետելով Փրկիչին ծնունդը: Միքայէլը Տիրոջ փառքի ու անոր ժողովուրդի պաշտպանութեան համար մարտնչող հրամանատարն է: Իսկ Ռաբայէլը վեր կը բարձրացնէր մարդոց աղօթքները:
Ս.Գրիգոր Տաթեւացիի համաձայն իւրաքանչիւր մարդ ունի իր պահապան հրեշտակը, մկրտութեան ժամանակ: Կ’ըսուի նաեւ թէ երբ քրիստոնեան կ’աղօթէ, անոր աղօթքը պահապան հրեշտակի կողմէ կը բարձրացուի երկինք՝ Աստուծոյ մօտ: Պահապան հրեշտակը մարդուն կ’ուղեկցի անոր ողջ կեանքի ընթացքին եւ անտեսանելիօրէն կ’օգնէ անոր:
Հետեւաբար, մենք՝ հաւատացեալներս երբ հաւատքով աղօթենք, միայն Աստուած չէ որ կ’ուրախանայ, այլ հրեշտակները եւս, ինչպէս որ մեր Տէրը Յիսուս կ’ըսէ.«Երկնքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան իննսունինը արդարներու համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին»(Ղկ 1.57):
ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 8.48-57:
Յիսուս երբ Գալիլիա վերադարձաւ, ժողովուրդը զինք դիմաւորեց , քանի բոլորն ալ իրեն կ’ըսպսէին : Եւ ահա Յայրոս անունով մէկը, որ ժողովուրդապետ էր, ինկաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ կ’աղաչէր որ իր տունը գայ ,որովհետեւ իր մէկ հատիկ աղջիկը, որ տասներկու տարեկան էր, մահամերձ էր: (Ղկ 8.40-42):
Մինչ Յիսուս կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ եւ անոր ըսաւ.
-Աղջիկդ մեռաւ, այլեւս մի՛ յոգնեցներ Վարդապետը:
Յիսուս ասիկայ լսելով՛ ըսաւ ժողովրդապետին.
-Մի վախնար,միայն հաւատա՝ եւ աղջիկդ պիտի ապրի:
Երբ Յիսուս ժողովրդապետին տունը հասաւ, չձգեց որ ոեւէ մէկը ներս մտնէ՝ բացի Պետրոսէն, Յակոբոսէն, Յովհաննէսէն եւ աղջկան հօրմէն ու մօրմէն: Ներս գտնւողները բոլորն ալ կու լային ու կ’ողբային: Յիսուս ըսաւ անոնց.
-Մի՛ լաք, աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ:
Անոնք զինք կը ծաղրէին, որովհետեւ գիտէին որ աղջիկը մեռած է: Յիսուս բոլորն ալ դուրս հանեց, ապա բռնեց աղջկան ձեռքէն եւ բարձրաձայն ըսաւ.
-Աղջի՛կս, ոտքի ՛ ել:
Անմիջապէս անոր հոգին վերադարձաւ եւ ոտքի կանքնեցաւ: Ապա Յիսուս հրամայեց որ ուտելիք տան աղջկան, մինչ ծնողները ապշահար եղած էին: Յիսուս անոնց պատուիրեց որ պատահածին մասին ոեւէ մէկուն բան չըսեն:
Աւետարանական այս հատուածին մէջ, նկատելի է Յայրոսի վիճակը, որովհետեւ Յիսուս իր տունը երթալու ճամբուն վրայ, քիչ մը ուշացած էր, մէկ հատիկ աղջիկը գրեթէ հոգեվարքի մէջ թողած եւ ծովեզերք եկած էր: Յիսուս համաձայնած էր երթալ իրենց, սակայն տեռատես կնկան միջադէպը պատճառ եղած էր Յիսուսի ուշացումին: Վերջապէս տեռատես կնկան բժշկութենէն ետք, Յիսուս կրկին քալելու հազիւ սկսած՝ ահա հեռուէն Յայրոսի տունէն մարդիկ գալով կ’ըսեն .«Աղջիկը մեռաւ,Վարդապետը մի յոգնեցներ»(Ղկ 8.49) : Յիսուս կ’իմանայ եղելութիւնը՝ Յայրոսին կը դառնայ ու կ’ըսէ. մի շփոթիր, մի՛ վհատիր, հաւատքդ կատարեալ պահէ՛, աղջիկդ կ’ապրի:
Յայրոսի տունը կը հասնին, որ արդէն մեռելի տուն դարձած էր, կոծ ու լաց ամէն կողմէ, սգակիրներու բազմութեան ամբոխ մը հաւաքուած էր ի պատիւ ժողովրդապետին:
Յիսուս հանդարտօրէն ներս կը մտնէ, բոլորին կը խրատէ լացն ու կոծը դադարեցնել, «Աղջիկը մեռած չէ , այլ կը քնանայ» կ’ըսէ: Յիսուս կը քաջալերէ Յայրոսն ու կինը, իր հետ առնելով զիրենք, ինչպէս նաեւ իր երեք առաքեալները ՛կը մտնեն սենեակ, ուր մեռած աղջկան դիակը կը գտնուէր, կը մօտենայ աղջկան անշնչացած մարմնին, կը բռնէ ձեռքէն ու հրամայական շեշտով կ’ըսէ. «Աղջիկս ոտքի ել»(Ղկ 8.54): Աղջիկը իսկոյն ոտքի կը կանգնի:
Անհնար է Յայրոսի եւ իր կնոջ ուրախութիւնը բացատրել, ինչպէս նաեւ նոյն տան մէջ խռնուած բազմութեան զարմացումը՝, երբ սենեակին դուռը կը բացուի եւ մեռեալ կարծուած աղջիկը ողջ առողջ, զուարթ ու կայտառ, քալելով մօրը հետ սենեակէն դուրս կու գայ՝ քունէ արթնցածի տպաւորութիւնը ձգելով: Յիսուս դառնալով ծնողքին կ’ըսէ որ աղջկան քիչ մը կերակուր տան, որպէս փաստ թէ՛ աղջիկը ողջ է :Որչափ ալ որ Յիսուս կը յայտարարէ՝ թէ պատահածը պատմելու կարիքը չկայ, սակայն եղելութիւնը գաղտնի չմնար, որով աղջիկը իր ծնողաց միակ աղջիկն էր որ վերակենդանացաւ, այս պատճառաւ ամբողջ Գալիլիոյ մէջ լուրը կը տարածուի:
Յիսուս Յայրոսի կ’ըսէ. «Մի վախնար, միայն հաւատայ» (Ղկ 8.50): Առանց հաւատքի ո՛չ հոգեկան եւ ո՛չ ալ մարմնական բժշկութիւն կրնայ կատարուիլ: Հաւատքը մարդկային բնութեան մէջ դրուած աստուածային շնորհք մըն է: Մարդ առանց հաւատքի չի կրնար ապրիլ: Կեանքի զարգացման եւ յառաջդիմութեան մեծագոյն բանալին ու զսպանակող ուժն է հաւատքը, որ մարդ արարածին փրկութեան նախապայմանն է: Մեր Տէրը բժշկելու եւ հրաշագործելու համար, հաւատքը նախապայման կը նկատէ: Պօղոս առաքեալ նոյնպէս հաւատացեալներուն կ’ըսէ. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք» (Բ.Կր.13.5):
Սիրելի հաւատացեալ, այսօր նոյն հարցումը կ’ուղղուի նաեւ մեզի, արդեօք Քրիստոսի հանդէպ նոյն հաւատքը ունինք, ինչ որ ունէին մեր հայրերը:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան