ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ՝ ՅԻՇԱՏԱԿ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական քրիստոնէութեան վերանորոգիչն ու Հայ Եկեղեցւոյ  կազմակերպիչն է: Ան որդին է Տրդատ թագաւորի հայրը սպաննող Անակին. ըստ աւանդութեան Տրդատ եւ Գրիգոր հօրենական կողմէ ազգականներ են: Ան փոքր տարիքէն կը փախցուի Կեսարիա եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը ստանայ: Գրիգոր կ’ամուսնանայ Մարիամ անունով օրիորդի մը հետ եւ կը կազմէ քրիստոնէական ընտանիք, կ’ունենայ երկու զաւակ՝ Վրթանէս եւ Արիստակէս, որոնք յետագային իրենց հօր կը յաջորդեն կաթողիկոսական գահ բարձրանալով: Իսկ  Խոսրով թագաւորի սպաննութենէն  ետք, անոր կրտսեր որդին՝ Տրդատը եւ դուստրը՝ Խոսրովիդուխտը, կը փախցուին Հռոմ Դիոկղիտիանոս կայսեր մօտ: Տրդատ կը մտնէ զինուորական ասպարէզ եւ շուտով կը դառնայ հռոմէական բանակի սպարապետ: Ան կ’որոշէ հռոմէական բանակի օժանդակութեամբ երթալ Հայաստան իր հօր գահին տիրանալու: Իր առաջարկը կը ներկայացնէ կայսեր, մեծ պատիւներու տիրանալէ ետք հսկայ բանակով մը կ’ուղղուի դէպի Հայաստան: Ճանապարհին Կեսարիա կը հանդիպի, հոն իրեն կը միանան բաւական թիւով հայեր, որոնց մէջ էր նաեւ Գրիգորը: Տրդատ իր բանակին շնորհիւ հայոց գահը կը վերականգնէ, իսկ Գրիգորը իրեն քարտուղար կը կարգէ: Յաղթանակէն ետք օր մը,  թագաւորը կ’որոշէ զոհ մատուցանել Անահիտ չաստուածուհիին, հաւատալով որ իր յաղթանակը կը պարտի չաստուածներուն: Տրդատ իր զոհը մատուցանելէ ետք, կը հրամայէ որ արքունիքի բոլոր անդամներն ու պաշտօնեաները զոհ մատուցանեն: Գրիգոր կը մերժէ թագաւորին հրամանը ըսելով. «Ես տիեզերքը ստեղծող Աստուծմէ զատ ուրիշ որեւէ մէկուն չեմ երկրպագեր»: Տրդատ կը պատասխանէ. «Գրիգոր՝, Անահիտը մեր երկրին պատիւն ու ուրախութիւնն է, եթէ դուն  անոր չերկրպագես, նեղութիւններու եւ տանջանքներու կ’ենթարկեմ քեզ»: Գրիգոր կը պատասխանէ. «Աստուծոյ օգնութեամբ պատրաստ եմ տոկալու ամէն տեսակի չարչարանքի եւ զրկանքի: Ես քրիստոնեայ մըն եմ եւ միայն ճշմարիտ Աստուծոյ կը հաւատամ եւ կ’երկրպագեմ»:

Տրդատ բարկանալով կը հրամայէ որ Գրիգորը բազում տանջանքներու ենթարկեն: Ըստ աւանդութեան, 12 տեսակ չարչարանքներ կը կրէ եւ Աստուծոյ հրամանով ողջ կը մնայ: Առաւօտ մը, Տրդատի իշխաններէն մէկը իր քով գալով կ’ըսէ. «Տէր արքայ, այս Գրիգորը քու հայրդ սպաննող Անակին որդին է»: Տրդատ թագաւորի զայրոյթը անսահման կ’ըլլայ, իսկոյն կը հրամայէ, որ Գրիգորը Արտաշատի մութ եւ խորունկ վիրապը նետեն: Գրիգոր Աստուծոյ հրամանով 13 տարը անվնաս կը մնայ Խոր Վիրապին մէջ: Ըստ աւանդութեան Աստուծոյ հրեշտակը կը յայտնուի բարեպաշտ կնոջ մը եւ կը թելադրէ օրական նկանակ մը նետել Խոր Վիրապ, որպէսզի Աստուծոյ ծառան Գրիգորը սնանի:

Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին Մեծ Պահոց վեցերորդ շաբաթ օրը կը տօնախմբէ հայ ժողովուրդի Երկրորդ Լուսաւորիչի. «Մուտն ի Վիրապ»ի տօնը:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան