Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնի նախօրեակին, շաբաթ օր կը յիշատակուի Տօն Շողակաթի: Այս տօնը նուիրուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ Մայր Տաճարի բացման՝ Նաւակատիքի յիշատակին:
Ե. դարու պատմիչ՝ Ագաթանգեղոս, կ’ըսէ. «Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն դուրս գալէն ետք, 60 օր կը շրջագայի Հայաստանի զանազան շրջանները, մարդոց կը քարոզէ եւ կ’ուսուցանէ: Վերջին գիշեր ան տեսիլք մը կը տեսնէ: Տեսիլքին մէջ երկինքը կը բացուի ու անոր կը յայտնուի Յիսուս Քրիստոս՝ երկինքէն իջնելով լոյսի չորս սիւներու ընդմէջէն, ոսկեայ ուռնակով կը մատնանշէ վայրը եւ կը գծէ յատակագիծը Մայր Տաճարին»:
Ագաթանգեղոս պատմիչ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի բերնով, կը կատարէ տեսիլքի մեկնութիւնը հետեւեալ ձեւով. «Երկինքի բացուիլը ցոյց կու տայ, որ Հայաստան աշխարհին համար, բացուած են Քրիստոսի մարդասիրական դռները»: «Որոտումի ձայները եւ անձրեւները արդիւնք են Աստուծոյ ողորմութեան եւ գթութեան, որ պիտի իջնէ Հայաստանի վրայ»: «Լոյսը, որ ողողեց հայոց աշխարհը, Աւետարանի քարոզութիւնն է, Հայաստան աշխարհին մէջ»: «Լուսեղէն զօրքերը՝ հրեշտակները, որոնք իջան հոտոտելու Հռիփսիմեանց վկաներու ծաղկագեղ ու վարդագոյն արիւնը, եւ այնուհետեւ հրեշտակները միացան եւ խառնուեցան ու բնակեցան մարդոց հետ»: «Շքեղ ու պատկառելի մարդը, որ լոյսին մէջ էր, ոսկեայ ուռնակը ձեռին, եւ որ բախեց սանդարամետի մեհենատեղին, Աստուծոյ տեսչութիւնն է, որ կը նայի եւ կը դողացնէ ու կը մօտենայ լեռներուն»:
Տեսիլքը պատմելէ ետք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը յորդորէ ժողովուրդը անմիջապէս Մայր տաճարի շինութեան անցնելու: Նախ՝ նահատակուած կոյսերուն մարմինները ամփոփելու համար կը կառուցեն երեք վկայարաններ: Ապա կը կառուցեն Մայր Տաճարը: Շինարարութիւնը կը տեւէ երկու տարի եւ կ’աւարտի 303 ին:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Մքայէլեան