Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին Ս. Խաչին նուիրուած ունի չորս տօներ.
ա-Երեւումն Ս. Խաչի
բ-Գիւտ Խաչի
գ-Վերացման Ս. Խաչի
դ-Վարագայ Ս. Խաչի
Շաբթուան հիմնական տօնը Երեւումն Ս. Խաչին է, որ հայերս կը տօնենք Ս.Յարութեան տօնին հինգերորդ կիրակին, իսկ յոյներ՝ 7 Մայիսին: Այս տօնը յատուկ է միայն հայերուն եւ յոյներուն:
Յիշեալ տօնը յիշատակութիւնն է Երուսաղէմի մէջ Ս. Խաչի նշանին երեւման:
351 թուին Մայիսի 7ին,Կիւրեղ Երուսաղէմացի հայրապետի օրով, Ս. Խաչը օր ցերեկով կ’երեւի, Երուսաղէմի գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լերան երկնակամարը ծածկելով:
Լուսաճաճանչ Ս. Խաչի նշանը բացայայտօրէն կ’երեւի թէ՛ քրիստոնեաներուն եւ թէ՛ ոչ քրիստոնեայ օտարներուն, ուստի բոլորը եկեղեցի մտնելով կը փառաբանեն զԱստուած իրենց շնորհուած այս հրաշալի դէպքին համար:
Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետ այս սքանչելի դէպքը կը նկարագրէ նամակով մը, եւ զայն կ’ուղղէ Բիւզանդիոնի Կոստանդիանոս կայսրին, որուն մէջ նաեւ կը գրէ անոր հաւատքը ամրապնդող խօսքեր: Կիւրեղ հայրապետի այս գրութիւնը թարգմանուած է հայերէնի եւ կ’ընթերցուի Երեւման Ս. Խաչի տօնին առթիւ:
Հայ հաւատացեալներ մինչեւ այսօր ջերմերանդութեամբ կը յիշատակեն Ս. Խաչի Երեւման տօնը, որպէսզի Աստուած միշտ առաջնորդէ զիրենք Ս. Խաչի լուսապայծառ ճանապարհով:
Մեջբերում մը կը կատարենք Կիւրեղ Երուսաղէմացի հայրապետի նամակէն.
«Աստուած, քու թագաւորութիւնդ սիրելով, քու օրով հրաշալի երեւոյթ մը կատարեց: Քանզի աստուածասէր եւ երջանկայիշատակ հօրդ Կոստանդիանոսի ժամանակ Աստուծոյ շնորհքով փրկական Սուրբ Խաչը գտնուեցաւ Երուսաղէմի մէջ, իսկ քու օրովդ, տէր ամենաբարեպաշտ թագաւոր, ոչ թէ երկրի վրայ այլ երկնքի երեսին զարմանալի գործեր տեղի ունեցան: Որովհետեւ, մահուան դէմ տարած յաղթութեան նշանը, այսինքն՝ երանելի Խաչը, լուսաւոր ճառագայթներով երեւցաւ Երուսաղէմի վրայ»:
Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան