ՏՕՆ ԳՏՄԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ԳՕՏԻԻՆ

Աստուածամօր մարմնական մասունքներուն չգոյութեան պատճառաւ հաւատացեալներ առաջնորդուեցան դէպի անոր իրեղենները, որոնք հալածանքներու պատճառաւ երկար ատեն թաքնուած մնացին:

Ե. դարուն, օրուայ Արկադիոս կայսրը փնտռել կու տայ Աստուածամօր  Գօտին, զոր կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ, կոյսի մը քով: Կայսրը մեծահանդէս թափօրով Գօտին փոխադրել կու տայ Կ. Պոլիս, ապա զայն տեղադրելով յատուկ արկղի մը մէջ, իր կայսրական կնիքով կը կնքէ, յիշատակելով փոխադրութեան թուականը, կը զետեղէ Աստուածամօր նուիրուած տաճարին մէջ: Շուրջ կէս դար ետք, Լեւոն կայսեր թագուհին Զոյի անունով, որ կը տառապէր անբուժելի հիւանդութեամբ մը, կայսրը բանալ կու տայ արկղը եւ Աստուածամօր Գօտիի հրաշագործ զօրութեամբ թագուհին կը բժշկուի եւ կ’ազատի իր ցաւերէն:

Ամէն տարի օգոստոս ամսուան վերջին կիրակի օրը կը նշուի Աստուածամօր գօտիի գիւտի յիշատակը:

Աստուածամօր Ս. Գօտիին յայտնաբերման տօնը երկար ատեն Կ. Պոլսոյ եկեղեցւոյ յատուկ մնացած էր, 13 դարուն էր որ միայն,Պոլիս Լատին Կայսրութեան ժամանակ, եկեղեցական բազմաթիւ սրբութիւններ Բիւզանդիայէն կը փոխադրուի եւրոպա, որոնց կարգին էին Աստուածամօր անձնական իրերը, յետագային բոլորը կը բաշխուին ամէնուրէք:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան