ՏՕՆ ԳԻՒՏ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ԳՕՏԻԻՆ

ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 4.35-41:
           
Յիսուս կը խաղաղեցնէ փոթորիկը.
           
Նոյն օրը երեկոյեան, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք:

Աշակերտները ձգեցին ժողովուրդը եւ բարձրացան այն նաւակին մէջ, ուր Յիսուս կը գտնուէր: Հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային: Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը: Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար: Աշակերտները արթնցուցին զինք եւ ըսին.

            -Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք:
            Յիսուս ոտքի ելլելով սաստեց հովը, ըսելով.
            -Դադրէ՛, եւ լիճին ըսաւ. -Հանդարտէ՛:
            Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց: Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
            -Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն  հաւատք չունիք:
            Անոնք չափազանց վախցան եւ իրարու կ’ըսէին.
            -Ո՞վ է արդեօք այս մարդը, որ նույնիսկ հովն ու ծովը կը հնազանդին իրեն:
           
            Աւետարանական  այս հատուածը կ’ընդգրկէ Յիսուսի փոթորիկը խաղաղեցնելու դրուագը, որով Մարկոս աւետարանիչ կը ներկայացնէ քրիստոնեայի կեանքի ալեկոծ վիճակը, որ Քրիստոսի ներկայութեամբ, ներգործութեամբ եւ մեր Անոր հանդէպ ունեցած հաւատքին իբրեւ արգասիք, հովը, փոթորիկը կը դադրի եւ կատարեալ հանդարտութիւն ու խաղաղութիւն կը տիրէ:

Սուրբ գրքի մասնագէտներուն համաձայն, գալիլիոյ լիճը 200 մեթր խորութիւն ունի, այս լիճը յաճախ ալեկոծութեան եւ փոթորիկի ենթարկւող է, իսկ առաքեալները, որոնք ընդհանրապէս ձկնորսներ էին, եւ վարժ էին նման երեւոյթներու, սակայն այս անգամ արտասովոր փորձանքի մը մատնուած էին: Փրկութեան շատ մը միջոցներ կ’որոնեն, սակայն չեն յաջողիր, մինչեւ որ չդիմեն Յիսուսի: Իրենց անձնական բոլոր միջոցները եւ ճիգերը ապարդիւն կ’անցնին: Այսօր մենք եւս նոյնը կ’ընենք, կեանքի դժուարութիւններու դիմաց, ամէն ինչ կը փորձենք մարդկային միջոցներով լուծել,  առաքեալներուն նման, կարծելով թէ Քրիստոս կը ննջէ մեր կեանքին մէջ: Սակայն պէտք է վստահ ըլլանք, որ եթէ դիմենք Քրիստոսի ճիշդ ժամանակին, Ան իր ամենազօր ներկայութեամբ կարող է հանդարտեցնել ամեն դժուարութիւն եւ վտանգ, որ կը հանդիպի մեզի մեր կեանքի ընթացքին:

            Աւետարանական այս դրուագէն կը սորվինք չըլլալ թերահաւատ, առաքեալներուն նման, որոնք նախ ուզեցին կեանքի դժուարութիւնները եւ փորձութիւնները անձնական միջոցներով լուծել, սակայն երբ չյաջողեցան դիմեցին Քրիստոսի:

            Երկրորդ՝ երբ կեանքի դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու հետ դէմ հանդիման գտնուինք, մեր առաջին քայլը որ պէտք է առնենք, դիմել Քրիստոսի որ մեր կարողութիւններուն տուիչն է, կենդանարար է, կենսատու է, մեր սահամանափակ կարողութիւններէն վեր է, եւ յաճախ Քրիստոս մեզի կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛» (Ղկ 8.50), այլ խօսքով՝ վստահինք եւ հաւատանք, մեր կեանքէն ներս Աստուծոյ ներգործութեան, այլապէս երկջոտութիւնը մեր կեանքէն ներս տիրապետող կ’ըլլայ: Եթէ վստահինք Աստուծոյ, շահած կ’ըլլանք Անոր վստահութիւնը, որովհետեւ Իրմով կարելի է միայն մեզի դժուար թուացող հանգոյցները լուծել:

Ս. Գրիգոր Նարեկացի շատ գեղեցիկ բացատրութեամբ կը պատասխանէ ըսելով. «Դուն՛ որ կրակի վրայի կաթսաներու ջուրին պէս եռացող ծովը, որ պատկերն է մեղքի պղտոր մրրիկին, խօսքովդ կը խաղաղեցնես» (Բան ԿԳ.բ): Երբ կը վստահինք Աստուծոյ, հեռու կը մնանք չարին ենթակայութենէն, եւ այն ժամանակ է որ միայն Յիսուս մեզի կ’ըսէ. «Քաջալերուէ՛, հաւատքդ քեզ փրկեց. Խաղաղութեամբ գնա՛» (Ղկ 8.48):

            Աստուծոյ հանդէպ, երկիւղի եւ հնազանդութեան  զգացումը, իր դրական ազդեցութիւնը ունի մեր կեանքէն ներս, ինչպէս կը վկայէ Սաղմոսերգուն Դաւիթ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ Տիրոջ երկիւղը ունի, եւ մեծ հաճոյքով անոր պատուէրները կը կատարէ» (Սղ 112.1): Իսկ Առակագիրը կ’ըսէ. «Տիրոջ երկիւղը կեանքի աղբիւր է՝ մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար» (Առ 14.27):

            Ապաւինինք Աստուծոյ եւ յանձնուինք Իրեն, այն վստահութեամբ թէ կը լսէ մեզ, եւ կ’իրականացնէ մեր փափաքները, եւ մեզմէ կը հեռացնէ կեանքի բոլոր դժուարութիւնները: Եսայի մարգարէ կ’ըսէ մեզի.«Բայց Տիրոջ ապաւինողները կը նորոգուին, զօրացած վեր կը սլանան արծիւներու նման» (Ես 40.31):

            Այսօր Յիսուս մեզի եւս կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք» (Մր 5.40):
 

ՏՕՆ  ԳԻՒՏ  Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ  ԳՕՏԻԻՆ

            Աստուածամօր մարմնական մասունքներուն չգոյութեան պատճառաւ հաւատացեալներ առաջնորդուեցան դէպի անոր իրեղենները, որոնք հալածանքներու պատճառաւ երկար ատեն թաքնուած մնացին:

Ե. դարուն, օրուայ Արկադիոս կայսրը փնտռել կու տայ Աստուածամօր  Գօտին, զոր կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ, կոյսի մը քով: Կայսրը մեծահանդէս թափօրով Գօտին փոխադրել կու տայ  Կ.Պոլիս, ապա զայն տեղադրելով յատուկ արկղի մը մէջ, իր կայսրական կնիքով կը կնքէ, յիշատակելով փոխադրութեան թուականը, կը զետեղէ Աստուածամօր նուիրուած տաճարին մէջ: Շուրջ կէս դար ետք, Լեւոն կայսեր թագուհին Զոյի անունով, որ կը տառապէր անբուժելի հիւանդութեամբ մը, կայսրը բանալ կու տայ արկղը եւ Աստուածամօր Գօտիի հրաշագործ զօրութեամբ թագուհին կը բժշկուի եւ կ’ազատի իր ցաւերէն:

            Ամէն տարի օգոստոս ամսուան վերջին կիրակի օրը կը նշուի Աստուածամօր գօտիի գիւտի յիշատակը: Աստուածամօր Ս.Գօտիին յայտնաբերման տօնը երկար ատեն Կ.Պոլսոյ եկեղեցւոյ յատուկ մնացած էր, 13 դարուն էր որ միայն,Պոլիս Լատին Կայսրութեան ժամանակ, եկեղեցական բազմաթիւ սրբութիւններ Բիւզանդիայէն կը փոխադրուի եւրոպա, որոնց կարգին էին Աստուածամօր անձնական իրերը, յետագային բոլորը կը փաշխուին ամէնուրէք:
 

ՅԻՇԱՏԱԿ  Ս.ՅՈՎԱԿԻՄԻ ԵՒ ԱՆՆԱՅԻ
            ԾՆՈՂԱՑ Ս. ԿՈՅՍ ՄԱՐԻԱՄԻ ԵՒ ԻՒՂԱԲԵՐ ԿԻՆԵՐՈՒ

Սուրբ Յովակիմի եւ Աննայի անունները անմիջական կապ ունին Յիսուսի հետ, որովհետեւ Աստուածամօր ծնողներն են: Ըստ աւանդութեան՝ բարեպաշտ եւ մեծահարուստ Յովակիմը Դաւիթ Մարգարէի թագաւորական ցեղէն էր, իսկ Աննա՝ Քահանայական տոհմէ էր: Օր մը, Յովակիմ տաճարին մէջ գտնուած ժամանակ երբ իր տարեկան քաւութեան պատարագի զոհը պիտի մատուցանէր, օրուայ քահանայէն կ’անտեսուի, որովհետեւ անզաւակ էր: Այս արտայայտութենէն վշտացած Յովակիմ անմիջապէս կը թողու իր զոհը տաճարին մէջ եւ կ’առանձնանայ եւ կ’երդնու, որ տուն պիտի չվերադառնայ, մինչեւ որ իր խնդրանքը իրականանայ: Յովակիմի օրինակին կը հետեւի նաեւ Աննա իրենց տան մէջ, նուիրուելով աղօթքի: Աննա իրենց տան պարտէզին մէջ կը նկատէ թռչուններուն, որոնք իրենց ձագուկներով կ’զբաղէին, կը տխրի կու լայ եւ կ’ըսէ, ես այս թռչուններուն նման ալ չեմ, որովհետեւ զրկուած եմ մայրանալէ: Նոյն պահուն Տիրոջ հրեշտակը կը յայտնուի եւ կ’աւետէ,որ զաւակ մը պիտի ունենայ, եւ բոլոր ազգերը երանի պիտի տան իրեն: Նոյն տեսիլքը կ’ունենայ նաեւ Յովակիմ: Ի լրումն ժամանակի Աննա կ’ունենայ իր զաւակը եւ զայն կը կոչեն Մարիամ, որ կը նշանակէ Լուսաւորեալ:
 
            Իւղաբեր կիները Ս. Կոյս Մարիամի հետ ականատեսներն էին Յիսուսի չարչարանքներուն եւ առաջին վկայող աւետաբերները՝ Անոր Յարութեան:

            Իւղաբեր կիները Յիսուսի հետեւեցան իր ամբողջ երկրաւոր կեանքի առաքելութեան ընթացքին: Եկեղեցւոյ կողմէ անոնք կոչուեցան «Իւղաբեր» կիներ, որովհետեւ Կիրակի առաւօտ կանուխ գերեզման գացին, Յիսուսի մարմինը անուշահոտ իւղերով օծելու: Անոնք նաեւ վերնատան մէջ էին Յիսուսի երեւումներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ էին Հոգեգալուստի օրը երբ Ս. Հոգիին շնորհքները հանգչեցան ներկաներուն վրայ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան