ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ Ս. ԽԱՉԻ ՊԱՀՈՑ

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ Ս. ԽԱՉԻ ՊԱՀՈՑ
 

ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 7.31-37:
 

Յիսուս խուլ եւ համր մարդ մը կը բժշկէ:
 

Յիսուս Տիւրոսի սահմաններէն մեկնելով, Սիդոնի վրայով անցաւ Դիկապոլիսի սահմաններէն եւ եկաւ Գալիլիայի լիճին եզերքը: Եւ ահա իրեն բերին խուլ եւ համր մարդ մը, խնդրելով որ ձեռքը դնէ անոր վրայ: Յիսուս զայն ամբոխէն հեռու՝ մէկ կողմ տարաւ, մատները անոր ականջներուն մէջ դրաւ, յետոյ թքեց եւ դպաւ անոր լեզուին: Ապա երկինք նայեցաւ, հառաչեց եւ ըսաւ.
 

-Եփփաթա՛, որ կը նշանակէ՝ «Բացուէ՛»:
 

Նոյն վայրկեանին անոր ականջները բացուեցան, եւ լեզուն բացուելով՝ սկսաւ խօսիլ: Յետոյ Յիսուս պատուիրեց ժողովուրդին, որ ոեւէ մէկուն չըսեն: Սակայն ի՛նչքան ալ անիկա կը պատուիրէր որ չտարածեն, անոնք առաւել չափով կը պատմէին այս մասին: Մարդիկ ծայր աստիճան կը զարմանային եւ կ’ըսէին.
 

-Այս մարդը ամէն ինչ լաւ կը կատարէ. Նոյնիսկ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ:
 

Աւետարանական այս դրուգին մէջ խուլ եւ համր մարդու մը հրաշագործ բժշկութենէն ետք՝ հակառակ Յիսուսի պատուէրին որ մէկու մը չըսեն, մարդիկ սակայն բոլորին կը պատմէին եւ գովասանքով կը հռչակէին իր համբաւը ըսելով, թէ «այս մարդը ամէն ինչ լաւապէս կը գործէ, որովհետեւ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ»:
 

Մարդիկ կը զարմանային, երբ Յիսուս կ’արգիլէր հրաշքներու մասին խօսիլ, չէին հասկնար այդ խօսքերուն իմաստն ու նպատակը եւ այդ պատճառով չէին հնազանդէր իրեն, որպէս ուրախութեան արտայայտութիւն, կ’ուզէին բոլորին պատմել, որպէսզի ուրիշ հիւանդներ ալ լսեն ու գալով բժշկուին:
 

Յիսուս, հրաշքի մասին չխօսելու պատուէրը կու տար, որպէսզի մարդիկ ոչ թէ Իր այլ Աստուծոյ հրաշագործ զօրութիւնը ճանչնան: Յիսուսի բոլոր գործերն ու հրաշքները կը միտէին, մարդոց հոգեկան եւ մարմնական ախտերու բժշկութիւնն ու Աստուծոյ զօրութեան եւ մարդասիրութեան գաղափարը հաստատել երկրի վրայ: Քրիստոսի փնտրածը փառք ու պատիւ չէր, այլ՝ Իր Հօր կամքը հնազանդութեամբ կատարելն էր:
 

Խուլ եւ համրը, բժշկուած էր: Մեծ փոփոխութիւն տեղի ունեցած էր իր կեանքին մէջ, երէկուայ խուլը եւ համրը այսօր կը լսէր ու կը խօսէր, ինչ մեծ բերկրանք, ուրախ եւ զուարթ էր այժմ: Հիւանդը եւ իր շուրջինները գիտակցած էին Քրիստոսի գերազանց զօրութիւնը, այս հրաշագործութիւնը խուլ եւ համր մարդուն համար «վերստին ծնունդի» առիթ մը հանդիսացաւ: Հոգիով նորոգուած, սկսաւ համարձակ խօսիլ եւ լսել Աստուծոյ խօսքը, այն հաստատ համոզումով որ ասկէ ետք Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ օրէնքներուն դէմ չգործելու պայմանաւ: Հիմա սկսած էր զգուշութեամբ ապրիլ, արժանացած էր Աստուծոյ ողորմութեան եւ փրկութեան, բայց կը գիտակցէր իր անձին անկատարութեան, միշտ երկիւղի մէջ էր, անոր համար յարատեւ արթուն վիճակի մէջ կ’աղօթէր, մի գուցէ անզգոյշ վայրկեանի մը մէջ կրնայ յաղթուիլ չարէն եւ մեղանջումի պատճառաւ իր նախկին վիճակին վերադառնալ:
 

Այսօր մեզմէ եւս կը պահանջուի, վերոյիշեալ հոգեփոխութիւնները որ ունեցաւ «խուլ եւ համր» մարդը, որպէսզի մենք եւս երախտագիտութեամբ դառնանք առ Աստուած ու վայելենք անոր անհուն սէրը եւ ողորմութիւնը:

 

ՅԻՇԱՏԱԿ ՆԻԿԻՈՅ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ 318 ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ

(325 ԹՈՒԻՆ)
 

Քրիստոնէական ընդհանրական եկեղեցւոյ կեանքը ալեկոծող եւ օրէնքները խախտող աղանդներու դէմ առաջին Տիեզերական Ժողովը գումարուցաւ 325 թուին, Նիկիա քաղաքին մէջ (այժմ Իզնիկ):
 

Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ երեք հարիւր քսանականներուն սկիզբը աստուածաբանական բուռն վէճեր ծագած էին: Երկու հիմնական կարծիքներ կային, մէկը կը շեշտէր Քրիստոսի բացարձակ աստուածութիւնը, իսկ միւսը՝ անոր մարդկային բնութիւնը: Երկու կողմերն ալ ունէին հեղինակաւոր պաշտպաններ: Առաջինինը՝ Աթանաս Աղեքսանտրացին, որ (Սարկաւագ) էր այդ օրերուն, իսկ երկրորդը՝ Արիոս քահանան, երկուքն ալ կրօնական գիտելիքներով հմուտ: Աթանասի եւ Արիոսի միջեւ վէճը սուր բնոյթ կը ստանայ եւ կը տարածուի ամէնուրեք՝ խախտելով եկեղեցւոյ խաղաղութիւնը:
 

Արիոսի դէմ հանդէս կու գայ Ալեքսանդր եպիսկիպոսը, որ Աղեքսանդրիա քաղաքէն էր: Եպիսկոպոսը տեղական եկեղեցական ժողով մը կը կազմակերպէ, ժողովականները կը մերժեն Արիոսի սխալ գաղափարները: Արիոս կը հեռանայ Աղեքսանդրիայէն, բայց կը շարունակէ իր քարոզչութիւնը:
 

Կոստանդիանոս կայսրը իրազէկ դառնալով եկեղեցւոյ կեանքէն ներս տեղի ունեցած խռովութիւններն, կ’որոշէ տիեզերական ժողով մը գումարել, ուր մանրամասնօրէն պիտի քննարկուէր եւ լուսաբանուէր խնդիրը եւ լուծման հանգէր: Կոստանդիանոս, կայսրութեան շրջաններէն եպիսկիպոսներ կը հրաւիրէ: 318 եպիսկոպոսներ կ’ընդառաջեն հրաւէրին, որոնց կ’ընկերանան նաեւ այլ եկեղեցականներ:
 

Նիկիոյ Տիեզերական ժողովին մասնակցելու հրաւէր կը ստանան Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետն ու Տրդատ Մեծը: Անոնք սակայն, իրենց փոխարէն կ’ուղարկեն Գր.Լուսաւորիչի որդին՝ Արիստակէս եպիսկոպոսը:
 

Ժողովը տեղի կ’ունենայ 325 թուականին, Նիկիոյ մէջ: Թեր ու դէմ կարծիքներէ, երկար ու բուռն բանավէճերէ ետք, որ կը տեւէ Յունիսի տասնչորսէն մինչեւ քսանհինգ, Աթանասի կողմնակիցները յաղթական դուրս կու գան: եկեղեցւոյ դաւանանքը կ’ունենայ իր բանաձեւը. «ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԱՐԴԱՑԱՒ, ՄԱՐԴՈՑ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ» համար: Ժողովի աւարտին կը խմբագրուի, Նիկիական Հանգանակը (ՀԱՒԱՏԱՄՔԸ) որ իր մէջ կը մարմնաւորէ Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին բացատրութիւնը, զորս մինչեւ օրս ալ բարձրաձայն կ’արտասանուի եկեղեցւոյ մէջ Ս.եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին: Նիկիոյ Տիեզերական Ս.Ժողովը եկեղեցական կեանքը կարգաւորող քսան կանոններ ալ կը սահմանէ:
 

Արիստակէս եպիսկոպոս ժողովէն ետք Հայաստան կը բերէ «Հաւատոյ հանգանակ»ը կամ «Հաւատամք»ը, եւ ժողովին կողմէ ընդունուած քսան կանոնները, որոնք կ’ընդունուին եւ կը հաստատուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի կողմէ:
 

Ըստ աւանդութեան Ս. Գր. Լուսաւորիչ Հայրապետ անոր վրայ կ’աւելցնէ հետեւեալ բանաձեւը.«Իսկ մենք կը փառաւորենք զԱյն՝ որ գոյութիւն ունէր յաւիտեաններէն առաջ, երկրպագելով Սուրբ Երրորդութեան եւ մէկ Աստուածութեան՝ Հօրը եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին»:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան