ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ
«Բայց անօրէններն ու մեղաւորները միասնաբար պիտի խորտակուին. Անոնք որ տէրը մերժեցին՝ միասնաբար պիտի ջնջուին»: (Ես 1.28)
Աստուած Եսայի մարգարէին բերնով կը սպառնայ անօրէն ու մեղաւոր եբրայեցի ժողովուրդին, որ լքելով Ստեղծիչը հեռացած էր ուղիղ ճանապարհէն, անհաւատարիմ մնալով այն յաւիտենական ուխտին, զոր Աստուած կնքած էր իր հայրերուն հետ:
Մարգարէն բացայայտօրէն կը սահմանէ երկու մարդկային դատապարտելի իրավիճակներ, որոնց վախճանը մահ է եւ դատապարտութիւն:
Ա- Անօրէն ու մեղաւոր մարդկութեան խորտակում.
Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ մարդը իր ծնունդէն հակամէտ է մեղքին, որուն համար Դաւիթ մարգարէն Աստուծոյ ցասումը կը պարզէ՝ ըսելով. «Աստուած արդար դատաւոր է, եւ ամէն օր կ’արտայայտէ իր զայրոյթը անարդարներուն դէմ» (Սղ 7.11), բայց միաժամանակ կը յայտնէ Իր բարութիւնը եւ կ’ուսուցանէ ու կ’առաջնորդէ մարդը, որպէսզի փրկութեան արժանանայ. «Տէրը բարի է եւ ուղիղ, այդ պատճառով ալ՝ իր ճամբուն մէջ կը դաստիարակէ մեղաւորները» (Սղ 25.8): Բայց անոնք որոնք կը խոտորին ու կը հեռանան Իր պատուիրաններէն ու մեղսալից կեանք մը կ’ապրին՝ զանոնք կը դատապարտէ ըսելով. «Սակայն Տէրը հակառակ է չարագործներուն, որոնց յիշատակն իսկ պիտի ջնջէ այս աշխարհէն» (Սղ 34.16):
Բ- Աստուծմէ հեռացողներուն ու լքողներուն վախճանն ու բնաջնջումը.
Աստուած մշտապէս Իր ներկայութիւնն ու բարիքները կը բաշխէ այն ժողովուրդներուն, որոնք կը յիշեն զԻնք ու կը գործադրեն Իր պատուիրանները, սակայն այն ազգերը, որոնք մեղքի եւ զեղխութեան մէջ կ’ապրին ու կը լքեն զԱստուած, պատուհասի կ’արժանանան, ինչպէս՝ Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքները, «որոնք Տէրը իր բարկութիւնովը ու սրտմտութիւնովը բնաջինջ ըրաւ» (Բ. Օր 29.23): Եբրայեցի ժողովուրդը եւս անապատային քառասուն տարիներու թեքերումներու ընթացքին, ոսկի հորթ պաշտելով՝ մոռցաւ իր արարիչը, իսկ Մովսէս մարգարէ ի տես այս երեւոյթին, միջնորդութիւն կատարելով՝ Աստուծոյ աղաչեց. «Ով Տէր ինչո՞ւ քու բարկութիւնդ բորբոքի քու ժողովուրդիդ վրայ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր մեծ զօրութիւնով ու զօրաւոր ձեռքով» (Ել 32.11): Նոյն խստապարանոց ժողվուրդին անօրէնութեան ու մեղքին պատճառով Եղիա մարգարէ իր մահը խնդրեց աստուծմէ՝ ըսելով. «Քանզի եբրայեցի ժողովուրդի որդիները քու ուխտդ թողուցին» (Գ.Թգ 19.10):
Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատի կեանքը, իր ծնունդէն մինչեւ մահ, ճանապարհորդութիւն մըն է՝ կանգնած խաչմերուկի մը առջեւ, որուն ընտրութիւնը ինք անձամբ կը կատարէ: այսպիսով, խոհեմութեամբ ընտրութեան կարելիութիւնը վերապահուած է մեզի. «Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է» (Առ 14.12):
Կեանքի դժուար հոլովոյթին մէջ անօրէնութենէ ու մեղքէ հեռանալը Քրիստոսի խօսքին համաձայն մեր պարտականութիւնն է. «Դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.48): Նայինք մեր հաւատքի Առաջնորդին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ «իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէսզի մեզ ազատէ բոլոր անօրէնութիւններէն, եւ մեզ մաքրելով՝ իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ, բարի գործերու նախանձախնդիր» (Տիտ 2.14):
Հետեւաբար, միշտ ջանադիր ըլլանք Պատուիրաններու գործադրութեան, որպէսզի ժառանգենք Երկնքի Արքայութիւնն ու փառաւորենք երկնաւոր Հայրը Իր փառքով ու զօրութեամբ:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան