ՏՕՆ ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ

ՏՕՆ ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ

ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (24.27-35)
 

Որովհետեւ Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման, որ երբ փայլատակէ՝ կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը, արեւելքէն արեւմուտք: Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ:

Նեղութեան այդ օրերէն անմիջապէս ետք արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկնքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին: Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկնքի մէջ եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան երբ տեսնեն Մարդու Որդիին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով:
 

Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը:
 

Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ: Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ’արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է: Նոյնպէս ալ երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ: Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ասոնք բոլորը պիտի պատահին: Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան:
 

Աւետարանական այս հատուածը իր ամբողջութեամբ կը բացատրէ Մարդու Որդիին երկրորդ Գալուստը, այսինքն Քրիստոսի կրկին յայտնուիլը:
 

Իսկ Մարդու Որդի բացատրութիւնը գործածուած է մեր Տիրոջ Յիսուսի անձին համար:
 

Մարդու Որդիին Առաջին Գալուստը եղաւ խոնարհութեամբ ու զոհողութեամբ՝ փրկագործութեան խորհուրդը կատարելու եւ մարդկութիւնը երկրայինէն դէպի երկնային կեանքի առաջնորդելու: Յիսուսի երկրորդ գալուստը պիտի ըլլայ արդարները արքայութեան արժանացնելու, իսկ անհնազանդները, անհաւատները եւ չարերը յաւիտենական պատիժի ենթարկելու:
 

Մարդու Որդիին Երկրորդ Գալստեան մասին, տասներորդ դարուն ծնունդ առած «Հազարամեայ Վարդապետութիւն» կոչուած շարժումը քրիստոնեաներուն սխալ կ’ուսուցանէր, որ հազար թուականին պիտի իրականանար Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը: Իսկոյն մարդիք պատրաստուեցան Մարդու Որդիին Երկրորդ Գալուստը դիմաւորելու: Անցաւ հազար թուականը եւ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը տեղի չունեցաւ:

Այսպէս, դժբախտաբար, մարդիկ տարբեր ժամանակներով կը ճշդէին Մարու Որդիին Երկրորդ Գալուստի թուականը: Բայց ո՞վ տուած է այդ իրաւունքը մարդ արարարածին ճշդելու Քրիստոսի երկրորդ Գալուստի թուականը եւ տարին,երբ աւետարանին մէջ յստակ Յիսուս կ’ըսէ. «Սակայն ո՝չ ոք գիտէ թէ երբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՜չ երկինքի հրեշտակները, ո՜չ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը» (Մտ 24.36):

Արդեօք մահկանացու մարդ արարածը իրաւունք ունի՞ ժամանակ սահմանելու անժամանակին, մարդկային մտքի տարողութենէն վեր եղող, ինչպէս պիտի ըսէր՝ աստուածայայտնութեան շարականագիրը. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի: Ան Որ անբաւելի է երկնքի եւ երկրի մէջ, խանձարուրին մէջ բազմեցաւ»:
 

Աւետարաններու ամբողջ ոգին մեզի կ’ուսուցանէ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը կայանայ, ճշմարտութեան,արդարութեան եւ սիրոյ սկզբունքներու վրայ, զորս Յիսուս զնոնք իրականացուց իր առաջին գալուստով,Իր գործերուն եւ խօսքերուն միջոցաւ:

«Աստուծոյ Թագաւորութեան»Գալուստը ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ, որ Յիսուս մօտալուտ ըլլալը յայտնեց մեզի: Քաջատեղեակ պէտք է ըլլանք, որ«Աստուծոյ Թագաւորութիւն»ը մենք է որ պիտի փնտռենք, ամէն բանէ առաջ եւ վեր: Ամբողջ մարդկութեան գերագոյն նպատակը պէտք է ըլլայ միջոցներ որոնել, Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ ետքը սպասելու, «Աստուծոյ Թագաւորութեան» Գալուստին: Աստուծոյ կամքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ. արդարութիւն, սրբութիւն եւ բարեգործութիւն:

Սակայն ցաւօք սրտի հակառակը կը տեսնուի, անկարգութիւններու եւ անիրաւութիւններու հետեւանքով մարդիկ կը տառապին, այդ պատճառաւ ալ մարդոց մէջ կ’արմատանայ եսասիրութիւնը, անկարգութիւնը եւ այլամերժութիւնը: Եթէ իւրաքանչիւրս փոխանակ մեր կամքը իրագործելու, աշխատինք Աստուծոյ կամքը կատարել, այն ատեն աշխարհի վրայ ամէն ինչ հիմնովին բարեփոխուած կ’ըլլայ: Այսօրուան աւետարանական հատուածը մեզ կը հրաուիրէ «Աստուծոյ Թագաւորութեան» բնակիչը ըլլալու եւ հոն սպասելու Յիսուսի «Երկրորդ Գալուստը»: Հետեւաբար աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելով, սպասենք մեր Տիրոջ երկրորդ գալուստին, որ մեզի պիտի ըսէ. «Ապրիս, բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, քանի փոքր բաներու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, քեզի աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ, եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան» (Մտ25.21):

ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ
 

Խաչի տօներուն մէջ հանդիսաւորապէս կը նշուի նաեւ Գիւտ Խաչի տօնը: 313 թուականին, Հռոմէական կայսրութեան կողմէ նշանաւոր Մելանոյի հրովարտակով, երբ կայսրութեան սահմաններէն ներս Քրիստոնեաներուն արտօնութիւն կը տրուի ազատ կերպով դաւանելու Քրիստոնէութիւնը, Երուսաղէմը կը դառնայ ուխտավայր, ամէն կողմերէն հաւատացելներ ուխտի կ’երթային, այցելելու Քրիստոսակոխ սրբավայրերը:


Երուսաղէմ ուխտի կու գայ նաեւ Կոստանդիանոս կայսեր մայրը, Հեղինէ թագուհին, 327 թուականին: Բարեպաշտ Թագուհին Երուսաղէմի մէջ հետամուտ կ’ըլլայ Քրիստոսի Խաչափայտը տեսնելու, կը բարձրանայ Գողգոթա, որ այդ ժամանակ մոռացութեան վայրի վերածուած էր եւ կը գործածուէր որպէս աղբանոց: Բարեպաշտ Յուդա անունով Երուսաղեմացի Հրեայ մը ցոյց կու տայ Խաչին պահուած տեղը: Աղբերուն մէջէն դուրս կը բերուին երեք խաչեր, ստուգելու համար թէ որն է Յիսուսի Խաչափայտը, մեռած պատանիի մը դիակը կը մօտեցնեն խաչերուն, իսկոյն կը հասկցուի թէ երրորդն էր, որուն հպումով պատանին յարութիւն կ’առնէ:
 

Երուսաղէմի, Կիւրեղ Եպիսկոպոսը, որ այդ օրուան սուրբ տեղեղերու հայրապետն էր, կը բարձրացնէ Ս.Խաչը ի տես հաւատացեալներուն,որոնք երկիւղածութեամբ կ’երկրպագեն եւ փառք կու տան: Այս եղելութեան պատմական յիշատակն է, որ կը կատարուի ամէն տարի հոկտեմբեր 26ի մօտակայ կիրակին, «ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ» անուան ներքեւ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան