ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱՑ՝ ՄԱՏԹԷՈՍԻ, ՄԱՐԿՈՍԻ, ՂՈՒԿԱՍԻ եւ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 4.14-24:
 

Յիսուս Գալիլեա վերադարձաւ Ս. Հոգիին զօրութեամբ, եւ ամբողջ գաւառին մէջ Իր համբաւը տարածուեցաւ: Անոնց ժողովարաններուն մէջ կ’ուսուցանէր՝ արժանանալով բոլորին հիացումին ու գովասանքին:
 

Եկաւ Նազարէթ քաղաքը, ուր մեծցած էր , եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օր ժողովարան գնաց: Երբ ոտքի ելաւ կարդալու համար օրուան ընթերցուածը, իրեն տուին Եսայի մարգարէին գիրքը: Բացաւ եւ գտաւ այն տեղը ուր կ’ըսէ. «Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիսը տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու՝ թէ հասած է ժամանակը»:

Ապա գոցեց գիրքը, տուաւ պաշտօնեային եւ նստաւ: ժողովարանին մէջ գտնուողներուն բոլորին աչքերը իրեն սեւեռած էին, երբ ըսաւ.
 

-Այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ:
 

Ամէնքն ալ տպաւորուած էին իրմէ եւ հիանալով անոր շնորհալի խօսքերուն վրայ՝ կ’ըսէին.
 

-Այս մարդը Յովսէփի որդին չէ՞:
 

Յիսուս ըսաւ.


-Անտարակոյս ինծի պիտի ըսէք հետեւեալ առածը. «Բժիշկ, դուն քեզ բժշկէ»: Եւ ինչ որ լսեցինք որ գործեր ես Կափառնաումի մէջ, այստեղ՝ քու հայրենի գաւառիդ մէջ ալ կատարէ:
 

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, Յովհաննէս Մկրտիչէն մկրտուելէ ետք Ս. Հոգիին առաջնորդութեամբ անապատ կ’երթայ եւ քառասուն օրեր ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով անցնելէ ետք, Սատանայէն կը փորձուի:
 

Ղուկասի Աւետարանը մեզի կը պատմէ,թէ անապատէն վերադարձին. «Եկաւ Նազարէդ քաղաքը, ուր մեծցած էր, եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օր ժողովարան գնաց» (Ղկ 4.16): Այս համարին մէջ Ղուկաս աւետարանիչ անուղղակիօրէն կը պատասխանէ Ս. Գիրքը սխալ մեկնաբանողներուն, որոնք կ’ըսեն թէ՝ Յիսուս Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին տասներկուքէն մինչեւ երեսուն տարիքը կ’անհետանայ, ապա մկրտութեան ատեն կը յայտնուի: Հետեւաբար ո՞ւր էր Ան այդ միջոցին:
 

Մեր տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս եկած էր ամբողջացնելու Հին Կտակարանի Օրէնքները, որուն ակներեւ մէկ փաստն է ի գործ դնելը Հին Ուխտի հետեւեալ աստուածային պատուիրանը. (Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Ղեւիի որդիներէն Կահաթի որդիներուն մարդահամարը առ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ: Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը, վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար»(Թւ 4.1-3):
 

Այսինքն կը նշանակէ, թէ Յիսուս սպասեց օրինական տարիքը, ապա Յորդանան գետին մէջ մկրտուելով յայտնուեցաւ Իր աստուածութիւնը եւ սկսաւ Իր երկրաւոր առաքելութեան: Իսկ «իր սովորութեան համաձայն» կը նշանակէ թէ, մեր Տէրը ամէն Շաբաթ Օրէնքը յարգած ըլլալով տաճար կ’երթար աղօթելու:
 

Նազարէթցիները զԻնք կը հրաւիրէին Ս.Գիրքը ընթերցելու: Յիսուս սակայն առանց օրուան կարգին նայելու, տեղ մը կը բանայ Ս.Գիրքէն եւ իր դիմաց կը յայտնուի Եսայիի այն մարգարէութիւնը, որ Յիսուսի համար կ’ըսէ. «Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիսը տալու,սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամանակը,երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը» եւ ըսաւ «Այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ» (Ղկ4.18-21): Յիսուս անշուշտ,Իր համաքաղաքացիներուն կը պարզէր իր երկրաւոր առաքելութիւնը: Շարունակելով բաշխել Իր Երկնքի Արքայութեան Մարգարիտները այնպիսի գեղեցիկ կերպով, որ Իր երկրաւոր առաքելութեան կորիզը կը կազմէր, բոլորը ափ ի բերան կ’ըսէին. «Այս մարդը Յովսէփին որդին չէ՞» (Ղկ 4.22): Յիսուս կը պատասխանէ անոնց ըսելով. «Բայց դուք ալ գիտէք, որ մարգարէն իր ծննդավայրին մէջ յարգ չունի» (Ղկ 4.24): Իսկապէս ալ այսպէս եղած է, մարդկութեան պատմութիւնը, իր առաքելութեան մէջ յաջողած անձ մը, իր ժողովուրդին քով արժէք չի ունենար, մարգարէներն ալ այդպէս էին , օտարներ աւելի օգտուած են, իսկ իրենց ազգակիցները անմասն մնացած են: Եղիա Մարգարէին ժամանակ, Իսրայէլացիներէն ոչ ոք բախտաւորուեցաւ օգտուիլ Եղիայի ներկայութենէն, բացի Սարեփթա բնակող օտարազգի սիդոնացի այրի կինը: Եղիսէ Մարգարէին ժամանակ ալ նոյնը պատահեցաւ, բորոտութիւնը երբ համաճարակ ընդարձակ վարկածի մը վերածուեցաւ, Իսրայէլացիներէն ոչ ոք Եղիսէի հրաշքէն օգտուելով սրբուեցաւ, բացի ասորի Նէէմանը. (Գ.Թգ 15.8-16 եւԴ.Թգ 5.9-14):

Այսպէս Յիսուս կը մերժուի Իր ծննդավայր Նազարէթի մէջ:
 

ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱՑ՝ ՄԱՏԹԷՈՍԻ, ՄԱՐԿՈՍԻ, ՂՈՒԿԱՍԻ եւ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ


Ս.ՄԱՏԹԷՈՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Մատթէոս Աւետարանին հեղինակը՝ Մատթէոս առաքեալն է՝ «Յիսուս տեսաւ մաքսաւոր մը, Մատթէոս անունով, որ մաքս գանձելու նստած էր եւ ըսաւ անոր. «Հետեւէ Ինծի» (Մտ 9-9), որ կոչուած է նաեւ Ղեւի: Մաքսաւորներու նկատմամբ ատելութիւն կար,որովհետեւ անոնք Հռոմէական կառաւարութեան պարտադրած հարկերը կը հաւաքէին, յաճախ ալ իրենց դիրքէն օգտուելով շահագործումներ եւ կեղեքումներ կը կատարէին: Ուշագրաւ երեւոյթ է հաւանաբար այսպիսի նկարագրով ատելի նկատուած անձի մը ընտրութիւնը՝ գրելու համար Մատթէոսի Աւետարանը:
 

Մատթէոսի Աւետարանը յատկապէս ուղղուած է իրեն ժամանակակից եբրայեցի քրիստոնեաներուն, որոնց կը յայտնէ թէ Յիսուսն է խոստացուած Մեսիան եւ Փրկիչը:
 

Աւետարանը գրուած է ժամանակագրական կարգաւորութեամբ: Յիսուսի ազգաբանութենէն սկսեալ մինչեւ Անոր Յարութիւնը: Աւետարանիչը Քրիստոսը կը ներկայացնէ իբրեւ հեղինակաւոր Ուսուցիչ, որ իշխանութիւն ունի Աստուծոյ Օրէնքը բացատրելու եւ քարոզելու Աստուծոյ Արքայութեանը:
 

Մատթէոսի Աւետարանին մէջ,յատկանշական երեույթ մըն է,որ առաքեալը Յիսուսի ուսուցումները կը ներկայացնէ յատուկ խմբաւորումներով:
 

Մատթէոսի Աւետարանը չորս Աւետարաններէն ամէնէն մեծն է իր ծաւալով, կը բովանդակէ 28 գլուխ եւ մեծագոյն գանձարանն է Յիսուսի կենսատու խօսքերուն:Ան կամուրջ մը կը կազմէ Հին եւ Նոր կտակարաններուն միջեւ, աւելի քան 60 ակնարկութիւններ կ’ընէ Հին կտակարանէն:
 

ՈՍԿԵՂԷՆ ՀԱՄԱՐ՝

«Ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիք ընեն ձեզի, նոյնը նախ դուք ըրէք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքն ու մարգարէներուն ուսուցումները» (Մտ 7.12):
 

Ս. ՄԱՐԿՈՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Ս. Մարկոս Աւետարանիչ Յիսուսի եօթանասուներկու աշակերտներէն եղած է:

Աւետարանիչը նոյն ինքն Յովհաննէս Մարկոսն է, որուն մասին յիշատակութիւններ կան Առաքեալներու Գործերուն եւ նամակներուն մէջ: Հաւանական է, Մարկոսի Աւետարանին մէջ յիշուած հետեւեալ համարը. «Երիտասարդ մը, որ միայն կտաւով մը իր մերկութիւնը ծածկած էր, կը հետեւէր իրեն» (Մր14.51-52), իր մասին է որ կը խօսի:
 

Ան ծնած է բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ: Կը յիշատակուի որ Մարկոսին բնակարանը նշանաւոր եղած է որպէս Երուսաղէմի Քրիստոնեաներուն հաւաքատեղի:


Ս.Մարկոս Ս.Պետրոս առաքեալի մտերիմ ընկերակիցն էր: Մարկոսի Աւետարանը չորս Աւետարաններէն ամէնէն կարճն է, ան կը բաղկանայ 16 գլուխներէ:
 

Աւետարանիչը իր շեշտը կը դնէ Յիսուսի գերմարդկային զօրութեան վրայ, ուր կը

Ներկայացնէ զԱյն իբրեւ Աստուծոյ Որդի՝ ապացուցելու Անոր Աստուածութիւնը:

Մարկոս Աւետարանիչ եբրայերէնէ յունարէնի կը թարգմանէր եւ կ’արձանագրէր

Ս. Պետրոսի խօսածները: Ս.Մարկոս պարծանքն է նաեւ Վենետիկցիներուն, որոնք մինչեւ այսօր պահած են անոր ամենահին ձեռագիրը անընթեռնելի վիճակի մէջ:
 

Ս.Մարկոս Ս.Պետրոսէն բաժնուելով առանձնաբար կ’երթայ Եգիպտոս, Լիպիա եւ Պենտապոլիս, ուր կը քարոզէ, հրաշքներ կը կատարէ: Ապա անցնելով Աղեքսանտրիա այնտեղ կը ձերբակալուի եւ բազմաթիւ չարչարանքներ կրելէ ետք կը նահատակուի:


Ս.ՂՈՒԿԱՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Քրիստոսի եօթանասուներկու աշակերտներէն, Ս.Ղուկաս Աւետարանիչը Նոր

Կտակարանի երրորդ Աւետարանի ու Գործ Առաքելոցի հեղինակն է: Ծագումով յոյն: Ծնած է Անտիոք, աշակերտած է Պօղոս առաքեալի եւ դարձած անոր հաւատարիմ գործակիցը: Պօղոս առաքեալի վկայութեամբ Ս.Ղուկաս մասնագիտութեամբ բժիշկ եղած է: Պօղոս առաքեալի նահատակութենէն ետք, կը հեռանայ Հռոմէն, շրջելով Աքայիա, Լիպիա, Եգիպտոս եւ Թեբայի , ամէնուրեք տարածելով Աստուծոյ խօսքը: Աւանդութեան համաձայն, կը նահատակուի Թեբայի մէջ Անդրէաս առաքեալի Աճիւններուն հետ իր աճիւններն ալ կը փոխադրուի Կ.Պոլիս, Կոստանդին կայսեր օրով:

Ս.Ղուկասի Աւետարանը կը բաղկանայ 24 գլուխներէ եւ նախատեսուած է հեթանոսութենէ դարձի եկողներուն համար: Աւետարանիչը իր ձեռքին տակ ունենալով այլ աղբիւրներ, կը փորձէ աւելի համակարգուած ներկայացնել իր գործը:

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Ս. Յովհաննէս կոչուած է սիրոյ առաքեալ, որդին է Զեբէթէոսի եւ Սողոմէի ծնած է Գալիլիոյ մէջ: Ան իր եղբօր՝ Յակոբոսի հետ նախ աշակերտած էր Յովհաննէս Մկրտիչին:
 

Արհեստով ձկնորս էր: Աւանդութեան համաձայն Ս.Յովհաննէս կանուխ տարիքին կանչուած է Քրիստոսի առաքեալ կոչուելու:
 

Ան օժտուած էր հաւատարմութեան առաքինութեամբ: Մինչեւ Խաչ կը հետեւի

Քրիստոսի եւ չի լքեր իր Տէրը, եւ Յիսուս որպէս վարձատրութիւն Իր մայրը կը յանձնէ իրեն: Սուրբ Կոյսը կը մնայ սիրոյ առաքեալին մօտ, մինչեւ երկինք փոխադրուիլը:
 

Ս. Յովհաննէս իր աւետարանը կը գրէ 97թուին, որ իր բնույթով եւ բովանդակութեամբ կը տարբերի միւս երեք աւետարաններէն: Առաքեալը պատմական դէպքերը նկարագրելէ անդին, ուշադրութիւն դարձուցած է յատկապէս, Քրիստոսի աստուածութեան անհերքելի ճշմարտութեան հաստաումին:
 

Ան իր կեանքի աւարտին կ’աքսորուի Պատմոս կղզին, ուր Ս.Հոգիով լեցուած, կը գրէ «Յայտնութիւն Յովհաննու» գիրքը: Կը մահանայ բնական մահով:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան