ՏՕՆ՝ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ (ՎԱՐԴԱՎԱՌ)
Յովհաննէս Առաքեալի Նամակէն (Ա.Յհ 1.1-7):
«Արդ, եթէ ըսենք՝ «հաղորդակից ենք իրեն», եւ միւս կողմէ շարունակենք խաւարի մէջ ապրիլ, կը ստենք ահա եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր» (Ա.Յհ 1.6):
Առաքեալին ուսուցումները յստակօրէն կը դատապարտեն Քրիստոսի աստուածութիւնը հերքող եւ սխալ մեկնաբանող մոլար վարդապետութիւնները եւ կը շեշտեն, թէ Աստուծոյ լոյսին եւ գիտութեան մէջ կրնան ապրիլ միայն անոնք, որոնք հաւատքով կապուած են եւ կը դաւանին, թէ Քրիստոս մարդացաւ մեզ փրկելու համար:
Յովհաննէս աւետարանիչ սոյն սահմանումով կ’ակնարկէ, թէ այս հաւատքը ապրելով կը վայելենք եւ կը ճաշակենք Աստուծոյ հաղորդակցութիւնը: Աւելին տակաւին մեզ կը զգուշացնէ, թէ միտքի իմացումով կամ զգացումով եւ երեւակայութեամբ չէ որ կը ճանչնանք եւ կը դաւանինք ճշմարտութիւնը: Մարդկային միտքի որեւէ կարողութիւն չի կրնար ներթափանցել աստուածային ճշմարտութեան եթէ հաւատքի ճանաչողութիւն չկայ եւ Աստուծոյ լոյս առաջնորդութիւնը մարդը չտանի դէպի հոգեւոր ոլորտ:
Ս.Գրիգոր Տաթեւացի կ’ըսէ. «Միտքով քննելը, հասկնալը եւ հաւտքով իմանալը իրարու նման են, որովհետեւ երկու ձեւերն ալ մեզ կը հասցնեն ճշմարտութեան: Սակայն հետեւեալ տարբերութեամբ կը զանազանուին իրարմէ, միտքով ճանչնալը երբեմն մեզ կը մոլորեցնէ ճշմարտութենէն, որովհետեւ միտքը ընդհանրապէս ուղղուած կ’ըլլայ դէպի երկրայինը: Սակայն հաւատքով ճանաչումը ուղղուած կ’ըլլայ երկնայինը եւ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի Աստուած» (Գիրք Հարցմանց):
Միտքով եւ հաւատքով ճանչնալն ու ընթանալը մեզ բնակիչ կը դարձնէ լոյսին, որ մեզ կը պաշտպանէ խաւարի ուժերէն:
Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ.«Հաւատքով է որ կ’պրինք, առանց զինք տեսնելու: Բայց վստահութիւն ունինք, եւ շատ աւելի պիտի ուզէինք այս մարմինէն դուրս գալ եւ Տիրոջ քով ըլլալ»(Կր 2.7-8): Առաքեալը կը շարունակէ ըսելով.«Եւ այս բոլորին վրայ՝ հաւատքի վահանը առէք, որպէսզի կարենաք մարել Չարին արձակած բոլոր մխացող նետերը» (Եփ 6.16):
Աստուած իր ամենասուրբ եւ բարի կամքով ու արարչական անսահման զօրութեամբ եւ իմաստութեամբ ոչինչէն ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, ինչպէս նաեւ բոլոր արարածները, իսկ մարդը ստեղծեց իր պատկերին նմանութեամբ, որպէս թագ եւ պսակ բոլոր արարածներուն: Աստուած մարդը ստեղծեց իրեն հետ ըլլալու եւ իր խորհուրդներուն հաղորդակից դառնալու, ինչպէս նաեւ կատարեալ երանութեան մէջ ապրելու:
Պատուիրանազանցութիւնը սակայն մարդը հեռացուց Աստուծմէ, բայց Աստուած իր հայրական գութով մարդը չզրկեց իր արարչագործութեան խնամքէն եւ շնորհքէն, չլքեց զայն մահուան, խոստանալով զինք փրկել մեղքի ու մահուան իշխանութենէն:
Ժամանակներու լրումին Աստուած իր արարչական անհուն սիրով փրկութեան լոյսը ծագեցուց աշխարհի եւ մարդուն վրայ: Իր Միածին Որդին խոնահեցնելով մեր փրկութեան համար, իր աստուածային նախախնամութեամբ, Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ կատարելապէս մարդացաւ Ս.Կոյս Մարիամէն:
Առաքեալի հետեւեալ արտայայտութիւնը.«Հաղորդակից ենք իրեն»(Յհ 1.6), կը նշանակէ թէ երբ մենք հաղորդակից ենք Աստուծոյ, միացած ենք Քրիստոսի: Աստուծոյ հետ ըլլալ, միանալ եւ հաղորդակից ըլլալ Քրիստոսի, մարդուն ձգտումն է այս աշխարհի վրայ: Մարդը Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեամբ ստեղծուած ըլլալով կոչուած է ապրիլ Աստուծոյ համար եւ միշտ փնտռել իր արարիչը, որովհետեւ Աստուծոյ հետ միանալով է որ մարդը կը վերանայ եւ հաղորդակից կ’ըլլայ Աստուծոյ, վերստանալով մեղքի պատճառով կորսնցուցած երջանկութիւնը, վերահաստատելով իր գոյութեան նպատակը, որ Քրիստոսի հաղորդակից ըլլալն է:
ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 17.1-13:
Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպուեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան: Եւ ահա երեւցան Մովսէսն ու Եղիան, որոնք կը խօսէին Յիսուսի հետ:
Պետրոս ըսաւ Յիսուսի.
-Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք. եթէ կ’ուզես՝ երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար:
Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք. ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ’սէր.
-Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք:
Երբ աշակերտները լսեցին ասիկայ, սարսափահար՝ երեսի վրայ գետին ինկան: Յիսուս մօտենալով՝ դպաւ անոնց եւ ըսաւ.
-Ոտքի՛ ելէք, մի վախնաք:
Աշակերտները իրենց աչքերը վեր բարձրացուցին եւ Յիսուսէ զատ մարդ չտեսան:
Եւ մինչ լեռնէն վար կ’իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց, ըսելով.
-Մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն չառնէ, ձեր տեսածը ոեւէ մէկուն մի՛ պատմէք:
Այն ատեն աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.
-Հապա ինչո՞ւ Օրէնքի ուսուցիչները կ’ըսեն թէ նախ Եղիան պէտք է գայ:
Յիսուս պատասխանեց.
-Ճիշդ է, Եղիան նախ գալով՝ պիտի պատրաստէ ամէն ինչ. բայց գիտցէք որ Եղիան արդէն իսկ եկած է, սակայն մարդիկ զայն չճանչցան եւ անոր հետ վարուեցան ինչպէս որ ուզեցին: Նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պիտի չարչարուի անոնց կողմէ: Այն ատեն աշակերտները հասկցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին կը խօսէր ան:
ՏՕՆ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ – ՎԱՐԴԱՎԱՌ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւար տօներէն երրորդը կը կոչուի Այլակերպութիւն կամ Պայծառակերպութիւն, ժողովրդային անուանումով՝ Վարդավառ:
Առաջին երեք Աւետարանները, որոնք համատեսական կը կոչուին, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին այլակերպութիւնը կը նկարագրեն հետեւեալ ձեւով.-
Յիսուս իր հետ առնելով առաքեալներէն Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յով հաննէսը, լեռ կը բարձրանայ աղօթելու: Մինչ կ’աղօթէր, Անոր դէմքը արեւու նման կը լուսաւորուի, իսկ զգեստները հրեղէն լոյսի նման սպիտակ կ’ըլլան: Յիսուսի երկու կողմերը կը յայտնուին հին կտակարանի մեծագոյն մարգարէներէն երկուքը. առաջինը՝ Մովսէս, որ կը խորհրդանշէ օրէնքի մարգարէութիւնը, իսկ երկրորդը՝ Եղիան, որ կը խորհրդանշէ հաւատքի մարգարէութիւնը: Զոյգ մարգարէները Քրիստոսի հետ կը խօսին Անոր չարչարանքներուն, խաչելութեան, մահուան եւ յարութեան մասին: Պետրոս, այս հրաշալի տեսարանի գեղեցկութենէն զմայլած, Յիսուսի կ’առաջարկէ ըսելով.-
«Վարդապե՛տ, լաւ է որ հոս մնանք. երեք վրաններ շինենք մին Քեզի, մէկը Մովսէսին եւ միւսը Եղիային համար» (ՂԿ. 9:35):
Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը կը ծածկէ զիրենք. ամպին մէջէն ձայն մը կը լսուի, որ կ’ըսէր.- «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ, անոր մտիկ ըրէ՛ք» (Մտ.17։1-6):
Այլակերպութեան տօնը Քրիստոսի աստուածային փառքին յայտնութեան յիշատակն է, երբ Ան առաջին անգամ ըլլալով ինքզինք ցոյց տուաւ որպէս Աստուած՝ Տէր ողջերու եւ մեռեալներու։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Վարդավառ բառը կը մեկնաբանէ հետեւեալ ձեւով.- «Ինչպէս վարդի մը կոկոնը բացուելով ցոյց կու տայ վարդին ողջ գեղեցկութիւնը եւ բոյրը, նոյնպէս ալ Քրիստոսի Պայծառակերպութեամբ մեր առջեւ բացայայտուեցաւ Աստուծոյ Որդիի Աստուածութիւնը եւ ողջ փառքը»: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին առիթներն ու միջոցները կը ծառայեցնէր փրկագործութեան բարի լուրը աւետելու եւ «Երկնքի Արքայութեան մարգարիտները» երկիր փոխադրելու նպատակին: Նոյնպէս եւ այլակերպութեան դէպքը՝ Քրիստոսի լուսաւոր եւ պայծառակերպուած դիմագիծի ընդմէջէն մեր ուշադրութեան կը յանձնէ ու կը յիշեցնէ մարդկութեան վայելչութիւնն ու գեղեցկութիւնը հանդերձեալ կեանքին մէջ: Այլակերպութիւնը նաեւ կը խորհրդանշէ մարդկութեան երանելի վիճակը յաւիտենականութեան մէջ, եւ կը յիշէցնէ Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին հիմնական նպատակը, որ կը միտի անկեալ մարդը վերականգնել եւ անոր վերադարձնել աստուածային այն շնորհքները, որ նախամարդուն անհնազանդ ընթացքով կորսուած էր:
Քրիստոսի այլակերպութիւնը մարդկային բնութեան նախապատկերացումն է, որ պիտի հաստատուի Քրիստոսի երկրորդ գալուստով՝ երբ փառաւորեալ մարմիններով յարութիւն առնենք: Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութիւնը տիեզերական վախճանական իմաստ ունի նաեւ, ազատագրելու ամբողջ մարդկութիւնը, որ ենթակայ է մեղքի եւ ապականութեան, զորս այլակերպութեան խորհուրդով պիտի ազատագրուի ու վերանորոգուի, երբ Քրիստոս «իր փառքով» յայտնուի:
Քրիստոսի այլակերպութիւնը իր խոր տպաւորութիւնն ու ազդու ներգործութիւնը ունեցաւ առաքեալներուն եւ համայն մարդկութեան վրայ: Պետրոս առաքեալ իր ականատեսի վկայութեամբ կ’ըսէ.- «Անձամբ ականատես եղանք Անոր մեծութեան, երբ Անիկա փառք եւ պատիւ ստացաւ Հօր Աստուծմէ, որ իր մեծավայելուչ եւ փառաւոր ձայնով Անոր համար վկայեց, ըսելով-. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ» (Բ.Պտ 1:16-17):
Այլակերպուած աշխարհի Լոյսին՝ Քրիստոսին մօտենալով լուսաւորուինք եւ դառնանք Լոյսի որդիներ եւ Աստուծոյ թագաւորութեան ժառանգորդներ:
Վարդավառը՝ Հայերուս Շատ Սիրելի Տօնը
Հայ ժողովուրդին ամենասիրելի տօներէն մէկն է Վարդավառը անիկա նուիրուած է սիրոյ եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկին:
Ինչպէս՝ շատ մը նախաքրիստոնէական տօներ, Վարդավառն ալ վերանուանուած է Պայծառակերպութեան եւ Այլակերպութեան տօն, քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունելէն ետք, սակայն պահպանած է նաեւ Վարդավառ անուանումը: Վարդավառի տօնը շարժական է, կը տօնուի Զատիկին յաջորդող 14-րդ կիրակին: Ինչպէս Խաղօղօրհնէքի օրը աւանդաբար կը համարուի խաղողի առաջին համտեսի օր, այնպէս ալ Վարդավառի օրը խնձորի առաջին համտեսի օրն է:
Աւանդութեան համաձայն, անգամ մը Աստղիկ աստուածուհին կը լսէ, որ իր սիրեցեալ Վահագնը ծանր վիրաւորուած է, բոպիկ կը վազէ անոր մօտ: Ճանապարհին, վազելով վարդերուն մէջէն, կը վիրաւորէ ոտքերը, եւ անոր արիւնով կը ներկուին վարդերը: Այդ օրէն կարմիր վարդը սիրոյ խորհրդանիշ կը համարուի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար:
Կարգ մը ազգագրակագէտներու կարծիքով, անցեալին այս տօնը եղած է շատ բազմազան, որմէ այսօր պահպանուած է միայն ջրցօղումը: Իրարու վրայ ջուր ցօղելով՝ մեր նախնիները կը հաւատային, որ կը պաշտպանուին վախէ եւ հիւանդութիւններէ: Տօնին առիթով նաեւ աղաւնի կը թռցնէին եւ տօնածառ կը պատրաստէին՝ զարդարուած ժապաւէներով վարդերով եւ խնձորներով:
Տօնին ծիսական ուտելիքն էր խորոված խնձորը:
Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը ունի այս տօնին առթիւ.
«Հիմն Աստղիկի» խորագրով, ուր կ’ըսէ.
«Ելնում է ապա նազելի փառքով Երկնի խորքերից Սիրոյ դիցուհին, Պճնուած կոյսի ճերմակ շղարշով, Վառուելով իր սուրբ շողերի միջին:
Արեւշող աղբիւր՝ յոյզերի, Աստղաբոյլ կերոն՝ սրտերի, Լուսաշող Սիրոյ Թագուհի, Գեղասքանչ Աստղիկ դիցուհի:
Ելնում է շռայլ իր փառքից շիկնած, Ցոլուն աչքերը ներքեւ խոնարհում, Թէեւ նրանց մէջ երկնքից ծագած Ամէնից պայծառ ճաճանչն է բերում:
Քաղուած՝ Անգիր Դպրութիւն գրքէն:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան