Ծաղկազարդի յաղթական խանդավառութեամբ, Կիրակի, 13 Ապրիլ 2025-ին, Սուրբ եւ Անմահ խուռն հաւատացեալներու մասնակցութեամբ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագը։ Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ օրուան քարոզը փոխանցեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։ Իր քարոզին մէջ, Հայր Սուրբը հաւատացեալ ժողովուրդը կոչ ուղղեց արժանաւոր կերպով մասնակցելու օրուան խորհրդին եւ կեանքի բոլոր օրերուն մէջ Քրիստոսը Տէր դաւանիլ։
Հոգեւոր եւ տօնական բարձր տրամադրութեամբ, եկեղեցականաց, սարկաւագաց, «Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ հոծ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեամբ նշուեցաւ Տիրոջ յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ Առանձնակի խանդավառութիւն կը ներշնչէր մանուկներու ու երիտասարդներու մասնակցութիւնը՝ գոյնզգոյն հանդերձներով, որոնք մասնակցեցան աւանդական թափօրին՝ խորհրդանշելով այն մանուկները, որոնք «Ովսաննա» կը բարբառէին Տիրոջ գալուստին։
Պատարագի աւարտին, մանուկները Սուրբ Խորանին առջեւ օրհնուեցան։ Իսկ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տօնական բարձր տրամադրութիւն կը տիրէր, եւ բոլորը կը վայելէին «Նապիկին» եւ «իշուկին» ներկայութիւնը, որ կը խորհրդանշէր Քրիստոսի Երուսաղէմ երթը։