Կիրակի, 11 Մայիսի 2025-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի օրհնութեամբ, Մայրերու Տօնի առթիւ, եկեղեցւոյ պայծառութեան նուիրուած տիկնանց յանձնախումբերու օրհնութեան արարողութիւն կատարուեցաւ:
Օրուան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց՝ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։ Օրհնութեան արարողութեան մասնակցութիւն բերին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան եւ Սարկաւագաց դասը:
Տօնական այս օրուան առթիւ, եկեղեցւոյ մուտքին բոլոր մայրերուն ծաղիկներ եւ էջադիրներ բաժնուեցան, Մեղրիկ Բարիքեան կրտսերաց դպրաց դասի ծնողաց յանձնախումբին կողմէ:
Օրուան ջերմ մթնոլորտը ամբողջացաւ մայրերու նուիրուած հաւաքական երգեցողութեամբ։