ՏԷՐ ՏԱԹԵՒ Ա. ՔԱՀԱՆԱՆ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻԻՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ

Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, զօրակցական այցելութիւն տուաւ Սքարպրօ-Այճինքորթի տարածաշրջանի Երեսփոխանական թեկնածու հայազգի նուիրեալ զաւակ՝ Տիար Արիս Պապիկեանի ընտրարշաւի գրասենեակը:

Քահանայ Հայրը դիմաւորուեցաւ Տիար Արիս Պապիկեանի եւ գրասենեակի կամաւոր աշխատակազմին կողմէ: Յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ.  Բաբգէն Արք. Չարեանի, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսչութեան, Հոգաբարձութեան եւ հայ համայնքի զաւակներուն, Տէր Հայրը զօրակցութիւն յայտնեց յառաջիկայ օրերու ընտրութիւնները հեզասահ ընթանալու մաղթանքով: Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ ընտրութիւնները ընթանան «Արդարութեան» եւ «Խաղաղութեան» հաստատման համար: