Այսօրուան աշխարհը լի է անորոշութեամբ։ Շրջապատը սեղմուած է վախերով, արագ փոփոխուող արժէքային համակարգերով եւ այն հարցադրումով, թէ ի՞նչ կը սպասէ վաղը։ Այս բոլորը մարդուն կը մղեն ապահովութիւն փնտռելու՝ տնտեսական, առողջապահական կամ անձնական առումներով։ Բայց արդեօք ճշմարիտ ու մշտակայ ապահովութիւնը այս բոլորէն բխա՞ծ է։
Պօղոս առաքեալ, Եբրայեցիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ, կ’ընծայէ այդ յաւիտենական ապահովութեան պատասխանը՝ հաստատելով, թէ Քրիստոս իր արեամբ յաւիտենական փրկութիւն ապահովեց մեզի համար (Եբր. 10.11-14)։ Ասիկա աւետարանի սիրտն է. փրկութիւն մը, որ ժամանակաւոր չէ եւ չ’ենթարկուիր աշխարհիկ փոփոխութիւններու։
Այսօր, երբ մարդիկ կը պարպուին յոյսէն եւ կը կորսնցնեն իրենց հոգեկան կայունութիւնը, աւետարանը մեզ կը յիշեցնէ, որ մեր հոգին աւելի գերագոյն արժէք ունի քան մեր մարմինը։ Յիսուս բացայայտօրէն կը հրաւիրէ մեզ խոր տեսիլքով նայելու կեանքին, երբ կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն, եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել…» (Մատթ. 10.28)։ Այո՛, վախը իրական է, բայց աւելի իրական է Աստուծոյ ներկայութիւնը, որ մեր հոգին կը պահէ։
Մեր յաջողութիւններուն, մեր սեփական միջոցներուն եւ աշխարիկ շինութիւններուն վստահիլը, որքան ալ բնական թուի, չի կրնար յաւիտենական հիմք մը հանդիսանալ։ Ճշմարիտ կեանքի ուղին Քրիստոս Աստուած է։ Եթէ պէտք ունիս միջոցներու՝ կեանքդ բարելաւելու համար, նոյնքան եւ աւելին պէտք ունիս Քրիստոսի՝ յաւիտենական կեանքդ ապահովելու համար։
Քրիստոսի առաջարկը պատրանք չէ, այլ իրական փրկութիւն։ Ան մեզի համար իր արիւնը թափեց, մեր մեղքերուն քաւութեան համար, եւ այսօր կը հրաւիրէ մեզ՝ մօտենալ իրեն։ Ան ոչ միայն դռները կը բանայ Իրեն մօտ եկողներուն, այլ նաեւ սիրտը՝ որպէս ապաւէն, որպէս նեցուկ ու հաստատ յենարան։
Բայց ինչպէ՞ս մօտենալ Անոր։ Պօղոս՝ այն առաքեալը, որ երբեւէ կը հալածէր Քրիստոսին հետեւողներն ու ապա դարձաւ սուրբ Քարոզիչը, պարզօրէն կ’ըսէ. «Մօտենանք Աստուծոյ անկեղծ սրտով եւ վստահութեամբ լեցուն հաւատքով…» (Եբր. 10.22)։ Կոչուած ենք հաւատքով եւ մաքրութեամբ ապրելու, յանձնելու մեր սրտերը Տիրոջ, մաքրելու մեր խղճմտանքը, ու վերադառնալու այն ջուրին, որ մաքրեց եւ նորոգեց մեր հոգին՝ մկրտութեան միջոցաւ։
Այս պատգամը ժամանակավրէպ չէ։ Ընդհակառակը, աւելի արդիական է այսօր, քան երբեք։ Երբ մեր շուրջը ամէն ինչ կը տատանի՝ արժէքներ, բարոյական չափանիշեր, ընտանիքի ու ընկերութեան պատկերացումները՝ կայ մէկ մը, որ չէ փոխուած. Որովհետեւ, «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ – երէկ, այսօր եւ յաւիտեան (Եբր 13.8)։
Ուրեմն, իբրեւ ժամանակակից քրիստոնեաներ, մեր կոչումն է ապրիլ այս հաւատքով՝ կենդանի հաւատքով առ Քրիստոս։ Ոչ թէ միայն խոսքով, այլ կեանքով, ապրելակերպով եւ վստահութեամբ։ Ան է մեր փրկութիւնը, մեր ապաւէնը եւ մեր յոյսը։ Եւ որքան որ մեր հոգին զայն բռնէ ու չթողու՝ նոյնքան մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի ապրի խաղաղութեամբ՝ աշխարհիկ փոթորիկներուն մէջ։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան