Տեառնընդառաջը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տնօրինական եւ անշարժ տօներէն մէկն է։ Տնօրինական կը նշանակէ որ Քրիստոսի մարդեղութեան հետ առնչուած է։ Տեառնընդառաջ Տօնը կը նշուի Ս. Ծնունդէն քառասուն օրեր ետք, ամէն տարի Փետրուար 14-ին։ Տօնը նաեւ ճանչցուած է Տրնդեզ անունով։
Այս տօնը Յիսուսի մանկութեան կը վերաբերի, եւ դրուագը միայն կը գտնուի Ղուկասու Աւետարանին մէջ, 2. 27-40 համարներուն միջեւ։ Յիսուսի օրերուն, Հրեայ սովորութեան համաձայն, երբ կին մը զաւակ մը ունենար, քառասուն օրեր ետք տաճար կ՚երթար եւ նուէր կը տանէր, կ՚աղօթէր եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը կը ստանար։ Հարուստները պարարտ ոչխար մը, երկու տատրակներ եւ դրամական նուէր կ՚ընծայէին տաճարին։ Իսկ աղքատները կ՚ընծայէին տատրակներ եւ փոքր գումար մը։ Հին Կտակարանին մէջ նաեւ կը տեսնենք թէ ինչպէս Աննան իր զաւակը Հեղի Քահանային կ՚ընծայէ (Ա. Թագաւորաց 1: 21-28)։ Այսպէս ալ Ղուկասու Աւետարանին մէջ կը կարդանք թէ ինչպէս Մարիամ Աստուածածինը Մովսիսական Օրէնքին համաձայն (հմմտ. Ելից 13) մանուկ Յիսուսին տարին Երուսաղէմ ներկայացնելու Տիրոջ եւ ընծայաբերելու զոյգ տատրակներ կամ աղաւնիի երկու ձագեր (հմմտ. Ղեւտ. 12)։ Երբ տաճար հասան, այդտեղ Սիմէոն անունով ծերունի մը կը գտնուէր, որ կ՚ակնկալէր Իսրայէլի փրկիչը։ Ան Սուրբ Հոգիով լեցուած էր, որ յայտնած էր իրեն որ մահ պիտի չտեսնէր մինչեւ իր աչքերով տեսնէր Աստուծոյ Օծեալը՝ Յիսուսը։ Երբոր Սիմէոն Ծերունին Յիսուս մանուկը իր գիրկը առաւ, ըսաւ՝ Հիմա խաղաղութեամբ արձակէ ծառադ, ո՜վ Տէր, քու խօսքերուդ համաձայն, որովհետեւ աչքերս տեսան փրկութիւնդ՝ զոր պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներուն դիմաց՝ յայտնութեան լոյս ըլլալու համար հեթանոսներուն, եւ փառք՝ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին։
Աստուածաշունչին մէջ քառասունը՝ որպէս յատկանշական թիւ, յաճախ առնչութիւն ունի փորձութեան, պատրաստութեան եւ ներքին փոփոխութեան հետ։ Օրինակի համար, Ծննդոց Գրքին մէջ (6.9-17) կը կարդանք Նոյի եւ ջրհեղեղին մասին, Ելից Գրքին մէջ (15.22-18.27) Իսրայելացի ժողովուրդին հետ քառասուն տարի կը ճամբորդենք անապատին մէջ Եգիպտոսի գերութենէն ելլէլէն ետք, իսկ Նոր Կտակարանին մէջ կը կարդանք Յիսուսին փորձուիլը սատանային կողմէ անապատին մէջ՝ ուր քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր Յիսուս պահք պահելով կը պատրաստ-ուէր իր երկրաւոր առաքելութեան համար (հմմտ. Մտ. 4.1-11; Մկ. 1.12-13; Ղկ. 4.1-13)։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նորաօծ քահանաներ նոյնպէս ձեռնադրուելէ ետք կ՚անցնեն Քառասունք մը, ուր առանձնացած վիճակով պահք կը պահեն, կ՚աղօթեն եւ հոգեպէս կը պատրաստուին ու կը թրծուին նախքան հոգեւոր առաքելութեան եւ սպասարկութեան սկսիլը։
Հայ մշակոյթին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Տեառնընդառաջը։ Միջնադարեան Կիլիկիոյ շրջանի յայտնի նկարիչ՝ Թորոս Ռոսլինը գործ մը ունի ուր կը նկարագրէ Տեառնընդառաջը։ Ըստ ժողովուրդի աւանդութեան, Տեառնընդառաջի հիմնական ծէսը խարոյկ վառելն էր եւ այդ խառոյկի շուրջ տօնակատարութիւնը։ Խարոյկը անցեալին կը վառէին ցորենի հասկերէ։ Կրակը վառելու ժամանակ կիներ սկիւտեղի վրայ կը բերէին տօնական կերակուրներ՝ փոխինձը, չամիչը, աղանձը, ընկոյզը եւ կը բաժնէին ներկաներուն։
Այլ աւանդութիւն մը կար ուր ծուխի ուղղութեամբ մարդիկ կը փորձէին գուշակել թէ որ կողմէն պիտի գար փեսացու կամ հարսնցու մը։ Անցեալին նաեւ, յատուկ պար եղած է ուր մարդիկ հանդէս կու գային մոմերով եւ ջահերով նորապսակ զոյգերու ամուսնութիւնը տօնելու համար։ Մուսալեռցիք սովորութիւն մըն ալ ունին ուր տանտիկինը, բանալով տան դուռն ու պատուհանները, դուրս կը քշէ ձմեռուայ եղանակը եւ կ՚ողջունէ գարունը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոնին համաձայն, տօնի նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, նախատօնակ կը կատարուի աւետելու տօնի սկիզբը։ Անդաստանի արարողութիւն կը կատարուի եւ ապա մոմերու օրհնութիւն եւ լոյսի բաշխում։ Որոշ շրջաններու մէջ եկեղեցւոյ բակերուն մէջ խարոյկ մը կը վառուի, երգեր կ՚երգուին եւ մարդիկ կը պարեն եւ կը ցատկեն խարոյկին վրայէն։
Տօնին Քրիստոնէական իմաստը սակայն, Քրիստոսի յայտնութիւնն է աշխարհի, որ եկաւ լուսաւորելու մեզ, եւ մեզ ուղղորդելու խաւարամտութենէն դէպի պայծառամտութեան, չար սովորութենէ՝ բարի սովորութեան, անգիտութենէ՝ գիտութեան, եւ մեզ արժանի դարձնելու երկրաւոր քաղաղքացիութենէն դէպի երկնաւոր քաղաքացիութեան։
Տարօն Սրկ.Հալլաճեան