ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԵՒ ԽԱՐՈՅԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներէն ներս յիշատակուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման նախատօնակը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան եկեղեցւոյ Հոգեւորականաց եւ Սարկաւագաց դասը, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութեամբ հաւատացեալներ:

Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի գլխաւորութեամբ, Սարկաւագաց եւ Դպրաց դասը թափօր կազմած  շրջեցան եկեղեցւոյ մէջ՝ օրհնութիւն բաշխելով հաւատացեալներուն։ Այնուհետեւ, դպրաց դասի հոգեպարար երգեցողութեամբ Անդաստանի արարողութիւն կատարուեցաւ։

Հայ Սուրբը իր պատգամին մէջ,  պարզաբանեց Տեառնընդառաջի  ճամբով մեզի փոխանցուած խորհուրդը, ուր կը հրաւիրեն մեզ Տիրոջ ընդ առաջ երթալու։

Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ մայր խորանի կանթեղէն առնուած լոյսով հաւատացեալներուն լապտերները լուսաւորուեցան եւ խարոյկի աւանդական հրավառութիւն կատարուեցաւ, որպէս խորհրդանիշ աստուածային կենդանի լոյսին՝ Քրիստոսին։

«Փառաց Թագաւոր» մեղեդիի երգեցողութեան ընթացքին, ծնողները իրենց փոքրիկ զաւակները ընծայաբերեցին սուրբ խորանին։

Եկեղեցւոյ Մեղրիկ Բարիքեան կրտսերաց դպրաց դասի ծնողաց յանձնախումբը այս առթիւ լապտերներ պատրաստած էր։ Աւարտին, հայկական ճոխ երգացանկով մը հայկական պարերով հանդէս եկան  երիտասարդները, ապա յատուկ պատրաստուած հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ: