ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԹԵՄ 16-23 Հոկտեմբեր 2025

2025 տարին կը զուգադիպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 30-Ամեակին:

Այս առիթով, Հիւսիսային Ամերիկա այցելութեան ծիրէն ներս, Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի այցելէ Գանատայի Թեմի Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի համայնքները, ուր արժանաւորապէս պիտի նշուի Հայրապետին գահակալութեան 30-ամեակը: