Արշակունեաց հարստութեան անկումէն ետք, հայոց աշխարհին կը տիրէ պարսից Սասանեան ցեղը, որ կ’առաջնորդուէր մոգերու կողմէ եւ շատ յաճախ կռիւ կը մղէր բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը մերժէին ընդունիլ կռապաշտութիւնը:
Պարսիկներու թագաւորն էր Յազկերտ՝ նկարագրով չար, կռուասէր ու հպարտ անձնաւորութիւն մը: Ան կ’ուզէր որ հայեր մերժեն քրիստոնէութիւնը եւ կռապաշտ դառնան:
Հայաստան թագաւոր չունէր, սակայն կար հայոց սպարապետը՝ Վարդան Մամիկոնեանը, որ մեծ հօր՝ Ս. Սահակ Պարթեւի, ինչպէս նաեւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շունչով տոգորուած եւ աշակերտած անոնց: Հայոց բանակին մէջ կար նաեւ Վասակ Սիւնի անունով փառասէր իշխան մը:
Պարսից Յազկերտ թագաւորը, ազդարարելով կը տեղեկացնէ հայոց իշխաններուն եւ եկեղեցականներուն, որպէսզի հրաժարին քրիստոնէական կրօնքէն եւ ընդունին կռապաշտութիւնը: Այս սարսափազդու լուրը երբ կը հասնի Հայաստան, իսկոյն հայոց արքունիքէն ներս ժողով մը կը գումարուի, ներկայութեամբ հայոց Յովսէփ Կաթողիկոսին, Ղեւոնդ քաջ քահանային, Վասակ Սիւնիին, Վարդան Մամիկոնեանին եւ բազմաթիւ այլ եպիսկոպոսներու եւ իշխաններու: Բոլորն ալ միաձայնութեամբ կը մերժեն կռապաշտ դառնալ, եւ միասնաբար կը պատասխանեն ըսելով. «Մենք չենք ուրանար մեր սուրբ հաւատքը, եթէ բռնի կ’ուզէք մեզ կռապաշտ դարձնել, այն ատեն ձեր սուրը եւ մեր պարանոցը»:
Յազկերտ սաստիկ կը զայրանայ եւ կը հրամայէ, որ հայ նախարարները իր մօտ գան: Նախարարները կ’ուխտեն հաւատարիմ մնալ իրենց հաւատքին եւ ապա կը մեկնին Տիզբոն: Յազկերտ նախ կը սպառնայ. «Եթէ չուրանաք ձեր հաւատքը, ձեզ հոս կը բանտարկեմ, իսկ ձեր կիներն ու զաւակները կը սպանեմ»: Վարդան Մամիկոնեան կը համարձակի ըսելու. «Դուք շատ լաւ գիտէք թէ որքան հաւատարմութեամբ ծառայած ենք ձեզի, նույնիսկ այժմ պատրաստ ենք ծառայելու: Բայց մենք երբեք չենք կրնար ուրանալ մեր պապերու հաւատքը, լաւ է մեռնինք, քան ուրանանք մեր հաւատքը»: Նախարարները ժամանակ կը խնդրեն մտածելու: Կ’առանձնանան եւ կ’որոշեն. «առերես» ուրանալ՝ ապա Հայաստան վերադառնալէ ետք ապստամբիլ պարսիկներու դէմ: Յազկերտ կ’ուրախանայ, նախարարներուն մոգեր կը տրամադրէ, որպէսզի կռապաշտական կրօնքը սորվեցնեն: Հազիւ թէ անոնք մոգերու ընկերակցութեամբ ճամբայ կ’ելլեն, իսկոյն լուր կը հասնի Հայաստան, թէ նախարարները ուրացած են քրիստոնէութիւնը: Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ ժողովուրդը դէմ կը դնէ մոգերուն եւ երկրէն կը փախցնէ զանոնք, իսկ իշխանները կը յայտնեն, թէ «առերես» միայն ուրացած էին իրենց հաւատքը:
Յազկերտ երբ կ’իմանայ եղելութիւնը, հսկայ բանակ մը կը տրամադրէ եւ կը ղրկէ Հայաստան՝ հայերը բնաջնջելու եւ բռնի կռապաշտութեան դարձնելու, սակայն Վարդան Մամիկոնեան ընտիր բանակով մը յառաջ կ’երթայ ինքնապաշտպանութեան: Պատերազմի նախօրեակին, հայոց բանակը կը հաղորդուի, ապա առաւօտ կանուխ կը սկսի կռիւը: Երկու կողմերն ալ բուռն կերպով կը պատերազմին: Կորովի Վարդան եւ իր նիզակակիցները երկոյեան կը նահատակուին եւ արժանի կ’ըլլան փառաց պսակին: Հայ նահատակներուն թիւը կը հասնի 1036 վկաներու, իսկ պարսիկ սպաննուածներուն թիւը՝ անհամար:
Պատերազմի ընթացքին, Վասակ Սիւնի դաւաճանելով իր հայրենիքը, իր գունդով կ’անցնի պարսից կողմը, որովհետեւ իրեն թագաւորական մական խոստացուած էր: Թէեւ Պատերազմը վերջ կը գտնէ հայերու պարտութեամբ, սակայն անոնք չեն ուրանար իրենց հաւատքը:
Վարդանաց հերոսամարտը իր իւրայատուկ տեղը ունի այսօ՛ր մեզի համար: Ան կը թելադրէ.
ա-Ազգային նուիրական սրբութիւններու անաղարտ պահպանում:
բ-Մարդկային, ընկերային, անհատական կեանքի բարոյական-ութեան բարձրացում եւ որակի հարստացում:
գ-Անզիջող կեցուածք՝ կրօնական, ազգային արժէքներու եւ հայեցի դաստիարակութեան ուսուցումներուն ու սկզբունքներուն հանդէպ:
ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆ

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաները Աւարայրի ճակատամարտին սրբացած քաջ եկեղեցականներն են: Անոնք անձնուրաց քալեցին հայոց բանակին առջեւէն եւ իրենց բոցաշունչ խօսքերով քաջալերեցին, ոգի եւ ոյժ փոխանցեցին, Քրիստոսի եկեղեցւոյ եւ հայ ինքնութեան, Պարսից զօրքերու դէմ ոտքի ելած հայոց քաջամարտիկ բանակին:
Վարդանանց պատերազմէն ետք, անոնք ձերբակալուեցան, Յազկերտ Բ.-ի հրամանով եւ տարուեցան, Ապատ աշխարհի Նոյուշապուհ բերդը: Այնտեղ անոնց առաջարկուեցաւ ուրանալ քրիստոնէութիւնը եւ ընդունիլ մազդէական կրօնը՝ իրենց կեանքը փրկելու:
Ղեւոնդեանք մերժեցին առաջարկը եւ նահատակուեցան. «Վասն հաւատոյ եւ վասն Հայրենեաց իւրեանց»:
Պատմութիւնը կը յիշէ անոնց անունները, անոնց հաստատուն հաւատքին եւ սկզբունքներուն շնորհիւ է, որ հայ ազգը պարտութեան եւ կամ յաղթանակի պարագաներուն, միշտ եւ բոլոր ժամանակներուն ալ բարոյական յաղթանակ գտնելու անհրաժեշտութեան հետ դէմ յանդիման կը գտնուի:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան