Ուրբաթ, 2 Մայիս 2025-ին, նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» Դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Վահէ Սէթեան» Հնատիպ գիրքերու հաւաքածոյի բաժինին։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին, Վահէ Սէթեանի դուստրերը՝ Օրիորդ Մայտա Սէթեան եւ Տիկին Լենա Սէթեան-Տէր Գալուստեան, ինչպէս նաեւ Տիկին Տէր Գալուստեանի դուստրերն ու թոռները։
Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Եկեղեցականաց դասը, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Գանատայի Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի անդամները, Ազգային Վարչութեան անդամները, Թեմի Եկեղեցիներու Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի, ՀՕՄի Շրջանային, Համազգայինի Շրջանային եւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մտաւորականներ, ազգայիններ եւ բարերարներ։
Սէթեան քոյրեր՝ Օրիորդ Մայտա Սէթեան եւ Տիկին Լենա Տէր Գալուստեան որոշած էին իրենց հօր թանկարժէք հաւաքածոն նուիրել Ազգային Առաջնորդարանի գրադարանին։
Գիրի ու գրչութեան պաշտպան՝ հանգուցեալ Վահէ Սէթեանի հնատիպ գիրքերու հաւաքածոն երախտագիտութեամբ ընդունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի յատուկ կերպով պահպանուի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։
Վահէ Սէթեան ծնած է Հալէպ եւ Իր կեանքի վերջին տարիներուն հաստատուած է Մոնթրէալ, բայց յաճախակի այցելութիւններ կատարած է Լիբանան, որուն մեծ սիրով կապուած էր։ Ան եղած է լիբանանահայ մշակոյթի գործիչ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի հիմնադիր, արուեստի եւ մշակոյթի գործիչ։
Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան պաշտօնական բացման արարողութեամբ ներկայացուց գիրքերու հաւաքածոն եւ յայտնեց բախտաւորութիւնը եւ պատիւը նման հաւաքածոյ մը ունենալու Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ