Ս. ՍԱՀԱԿ  ՊԱՐԹԵՒ  ՀԱՅՐԱՊԵՏ 348-439

Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետ, որդին էր Մեծն Ներսէս Կաթողիկոսի: Ան ծնած է Կեսարիա, 384ին: Ս. Սահակ ունէր յունական կրթութիւն, հմուտ էր ժամանակակից երաժշտութեան ու հռետորական արուեստներուն, ինչպէս նաեւ փիլիսոփա-յութեան: Ս. Սահակ կ’ապրէր իր հօր հոգածութեան ներքեւ, կը հմտանայ նաեւ Սուրբ գրային գիտութիւններուն: Աղօթել շատ սիրելով կը լեցուի Աստուծոյ Հոգիով եւ շնորհքներով, չափահաս տարիքին շրջապատը կը ստիպէ, որ Ս. Սահակ ընտանիք կազմէ, որպէսզի շարունակուի Լուսաւորիչի տոհմը: Ան կ’ամուսնանայ եւ կ’ունենայ զաւակ մը, Սահականոյշ, որ Համազասպ Մամիկոնեանի տիկինը կ’ըլլայ եւ մայրը՝ Վարդանի, Հմայեակի եւ Համազասպեանի:

Վաղարշապատ մայրաքաղաքի մայր եկեղեցւոյ մէջ Աւագ Հինգշաբթի օր Ս. Սեղանին սպասարկած պահուն տեսիլք մը կ’ունենայ, Տէրը իրեն ցոյց կու տայ ապագայի կատարուլիք դէպքերը:

387-ին, Ս. Սահակ Կաթողիկոս կը ձեռնադրուի: Հակառակ տիրող քաղաքական անբարենպաստ պայմաններուն, օրուան Վռամշապուհ թագաւորին եւ Ս. Սահակ կաթողիկոսին համատեղ ջանքերուն շնորհիւ երկիրը կ’ապրի խաղաղութեան մէջ ու կը բարգաւաճի: Վռամշապուհ բարեպաշտ թագաւորի օժանդակութեամբ բազմաթիւ վանքեր եւ եկեղեցիներ կը կառուցեն, նաեւ կը նորոգեն Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու վկայարանները: Շրջան մը ետք միաբանելով Ս. Մեսրոպ վարդապետին կը զբաղի հայոց գիրերը գտնելու սուրբ եւ նուիրական գործին: Աշակերտներ կ’ուղարկէ զանազան երկիրներ, որպէսզի ուսանին եւ հայերէնի թարգմանեն Աստուածաշունչը:

Հայ իշխաններու տարակարծութեան պատճառով, Արշակունի վերջին,Արտաշիր անկարգ թագաւորը, 428ին, գահընկեց կ’ըլլայ Պարսիկ արքայ Յազկերտի ձեռքով իսկ Ս. Սահակ կը զրկուի իր կաթողիկոսական պաշտօնէն: Սակայն, Հայրապետը չի դադրիր իր հոգեւոր հօտին հետ իր կապը պահելու: Այդ օրերուն, աղանդաւորական շարժումներ կը մտահոգէին եկեղեցին, այս պատճառաւ կը գումարուի Եփեսոսի Տիեզերական ժողովը. ժողովին կը մասնակցին Ս. Սահակի աշակերտները: Աշտիշատի մէջ կայացած ժողովով կ’ընդունուին Եփեսոսի Տիեզերական Ժողովի որոշումները եւ կը դատապարտուին Նեստորն ու անոր համախոհները: Ս. Սահակ եւ իր գործակիցները արթնութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ կը պայքարին աղանդներուն դէմ՝ հաւատարիմ մնալով միշտ ճշմարիտ դաւանութեան:

Նախարարներն ու ժողովուրդը կը հաւաքուին Ս. Սահակի շուրջ եւ ներում կը խնդրեն՝ իրենց գործած չարիքներուն պատճառաւ պատահածներուն համար: Կաթողիկոսը կը պատասխանէ. « Երկնաւոր վարդապետս՝ Քրիստոսն է, ես սորվեցայ Իրմէ չբարկանալ ոեւէ մէկուն վրայ, այլ օրհնել հալածիչները եւ բարիք կատարել զիս ատողներուն, բայց դուք կործանեցիք ձեր թագաւորութիւնը եւ հայրապետական գահը. ինչպէ՞ս կրնաք այժմ զիս մխիթարել», «Արդ, թոյլ տուէք, որ ծերութեանս վերջին օրերը անցընեմ առանձնութեան մէջ, ողբալով Հայաստանի համատարած կործանումը»:

Ս. Սահակ կեանքի մնացած տարիները կ’անցնէ աղօթքով եւ քարոզչութեամբ: 439 ին, խոր ծերութեան մէջ կը վախճանի, Բագրեւանդ գաւառի Բլուր կոչուած գիւղին մէջ: Սուրբին մարմինը հողին կը յանձնեն Տարօն գաւառի Աշտիշատ վայրին մէջ, ուր կը կառուցեն եկեղեցի մը, որ հետագային ուխտատեղիի կը վերածուի:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան