Եկեղեցին իր պատմութեան ընթացքին ունեցաւ բազմաթիւ սուրբեր: Անոնք քրիստոնէական եկեղեցւոյ հայրերն են, որոնք նիւթի հրապոյրներէն, սին պերճանքներէն երբեք չայլայլեցան, այլ բարի վարքով, ուղիղ հաւատքով եւ առաքինութեամբ ապրեցան: Այդպիսիներէն էր Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացին՝ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատքի ախոյեաններէն, որ իր հաւատարիմ ծառայութեամբ, կենդանի վկայութեամբ եւ հոգեւոր գրականութեամբ, դարձաւ սքանչելի հայրապետ մը: Ս. Կիւրեղ ծնած է 4-րդ դարու առաջին կիսուն՝ Երուսաղէմ, ուր ստացած է կրօնական դաստիարակութիւնը : 345-ին, եկեղեցական ձեռնադրուած է Ս. Մաքսիմոս հայրապետին կողմէ: Ան յատկանշուած է իր համոզիչ եւ տպաւորիչ քարոզներով, այնպէս որ հայրապետին բացակայութեան ի՛նք կը քարոզէր: 348-ին, ընտրուած է Երուսաղէմի պատրիարք:
4-րդ դարու եկեղեցին կը նմանէր նաւակի մը, որ հակառակ փոթորիկներուն եւ ծովու ալեկոծութութիւններուն, երբեք չխորտակուեցաւ, շնորհիւ այն սուրբերուն, որոնք պայքարեցան հերետիկոսներուն դէմ, մանաւանդ արիոսականներուն, որոնք տարակուսանքի կը մատնէին Քրիստոսի Աստուած ըլլալու ճշմարտութիւնը: Ս. Կիւրեղ ամէն ջանք ի գործ դրաւ փառատելու աղանդներուն յռաջացուցած մշուշը, որ կը խռովեցնէր մտքերը: Անոր գրութիւններուն մեծ մասը ոսկեդարեան թարգմանու-թեամբ հայերէնի վերածուած է: Ան կ’ըսէ. «Երբ Որդի» կ’ըսենք, զայն պէտք չէ շփոթենք որդեծնութեան հետ, Ան Միածին Որդի է եւ չունի ուրիշ եղբայր, Ան կը կոչուի «Միածին», որովհետեւ աստուածային փառքով եւ Հօրմէ ծնունդով եղբայր չունի. մենք Որդի կը կոչենք զԱյն, որովհետեւ Հայրը, Քրիստոսը Որդի անուանեց: Այս ծնունդը մարդկային ծնունդի չի նմանիր: Հայրը սկիզբէն Որդիին հետ է, իսկ Որդին ժամանակի ընթացքին Հայր չեղաւ, այլ յաւիտեաններուն մէջ Որդի էր»: Ս. Կիւրեղ յարութեան մասին կ’ըսէ. «Յարութեան յուսալը արմատն է բարի գործերուն: Վարձատրութեան անխուսափելի ճշմարտութիւնը հոգին բարեգործութեան մէջ կը հաստատէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր ծառայ պատրաստ է կրելու ամէն տեսակի նեղութիւն, եթէ գիտնայ թէ պիտի վարձատրուի աւարտին»:
Իր գահակալութեան ընթացքին տեղի կ’ունենայ Սուրբ Խաչին հրաշալի երեւումը երկինքին մէջ, այդ սքանչելիքէն տպաւորուած, բազմաթիւ անհատներ կ’ընդունին քրիստոնէութիւնը եւ Ս. Կիւրեղի ձեռքով կը մկրտուին: Ս. Կիւրեղ կը վախճանի 386-ին: Պօղոս առաքեալ այս առիթով մեզի կը թելադրէ. «Յիշեցէ՝ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը բերին ձեզի: Նայեցէք թէ ի՛նչպէս ապրեցան եւ ի՛նչպէս մեռան անոնք եւ օրինակ առէք անոնց հաւատքէն» (Եբ 13.7):
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան