Ծնած է Ամասիոյ Եւխայիլ գիւղը, երրորդ դարու վերջերը: Ասպարէզով՝ զինուորական, կտրիճ եւ քաջ սպարապետ: Կապադովկիոյ հռոմէական գունդին հրամանատար: Կոստանդիանոս կայսեր քրիստոնէութեան դարձէն ետք Արեւմուտքի եկեղեցին որոշ ազատութիւն կը ստանայ, սակայն Արեւելքի մէջ տակաւին կը շարունակուին հալածանքները քրիստոնէութեան դէմ: Իմաստուն եւ մարդասէր զօրավարը իր պաշտօնը կը ծառայեցնէ տկարներու պաշտպանութեան եւ քրիստոնէութեան տարածման համար: Իր պատճառով բազմաթիւ հեթանոսներ քրիստոնեայ կը դառնան ու կը մկրտուին:
Առիթով մը Ս. Թէոդորոս զօրավար, հնարքով ձեռք կը ձգէ իր մեծաւորին՝ Լիկիանոսի պաշտած ոսկեայ եւ արծաթեայ կուռքերը, զանոնք մանրելով կը բաժնէ աղքատներուն: Լիկիանոս իմանալով եղելութիւնը, իսկոյն ձերբակալել կու տայ սուրբը, աչքերը հանելէ ետք, խաչ կը բարձրացուի եւ կ’արժանանայ նահատակութեան փառաց պսակին:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան