Երեքշաբթի, 25 Մարտ 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցի այցելեցին Թորոնթոյի մէջ Զէյթունցիներու համախմբումի պատասխանատուները, որոնք եկած էին ծանօթանալու եւ շնորհաւորելու եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ Հայր Սուրբին նշանակումը եւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանի տուչութիւնը։
Գերապատիւ Հայր Սուրբը տեղեկանալէ ետք, համախմբումին կատարած աստուածահաճոյ գործունէութեան, գնահատեց զիրենք եւ օրհնեց անոնց կատարած բարեգործութիւնը՝ Հալէպ բնակող իրենց հայրենակիցներուն հանդէպ:
Հայր Սուրբին կողքին ներկայ էին, Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քահանան եւ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները:
Անոնք Հայր Սուրբին նուիրեցին Զէյթունի բարբառով հիւսուած Տէրունական Աղօթքէն օրինակ մը։
Հայր Սուրբը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն։