ՍՐԲՈՑ  ՔԱՌԱՍՆԻՑ  ՄԱՆԿԱՆՑ  ՀԱՒԱՏՔԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

4-րդ դարը հանդիսացաւ մարդոց հոգեկան յեղափոխութեան այն դարաշրջանը, երբ քրիստոնեաներ ազատագրուած էին, նախորդ դարերու հալածանքներէն: 313 թուականին, Արեւմուտքէն Կոստանդիանոս եւ Արեւելքէն Լիկիանոս կայսրերու հռչակած «Միլան»ի նշանաւոր հրովարտակը հրապարակուեցաւ, քրիստոնեաներ կրօնական ազատութիւն վայելեցին: Այդ շրջանին առաքելական եւ ընդհանրական եկեղեցին ազատօրէն կը գործէր ու կը փառաւորէր Աստուած եւ կը մեծարէր իր նահատակները: Սակայն այս խաբուսիկ ազատութիւնը երկար չտեւեր, կրկին հալածանքներ կը շղթայազերծուին քրիստոնեաներու դէմ:

Այդ ժամանակամիջոցին էր, որ կը մարտիրոսանան Սեբաստիոյ մէջ քառասուն մանուկները: Վերջիններս, Արեւելքի Կապադովկիոյ նահանգին մէջ զինուորական ծառայութեան կոչուած քառասուն երիտասարդներ էին, բանակային բարձրաստիճան սպաներ: Հալածանքի բովը հասած էր Կապադովկիա: Կոստանդիանոսի հակառակ քաղաքականութիւն վարող Լիկիանոս կայսրը՝ կը հրամայէր ատեանի մէջ հարցուփորձել քաղաքի բոլոր զօրավարները եւ անոնք որոնք յանձն չառնէին աստուածներուն զոհ մատուցել՝ մերկացնել զանոնք իշխանական պատիւէն եւ ստիպել զիրենք դառնալ հեթանոսութեան, մերժելու պարագային մահուան դատապարտել:

Այս միջոցին, քառասուն զօրականները կը գտնուէին Սեբաստիա, ուր զինուորական դատաւորին՝ Ագրիկողայոսի կը փոխանցուի հարցաքննութենէն ետք ձերբակալել զանոնք, որովհետեւ անոնք անդրդուելի կը մնան իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ: Քառասունները, այս անգամ, զիրար առաւել եւս կը գոտեպնդեն իրենց հաւատքին եւ եղբայրական միասնակամ ոգիով հաւատարիմ մնալու Քրիստոսի եւ ի գին իրենց արեան՝ նահատակուելու, քաջ գիտնալով Քրիստոսի պատուէրը, որ կ’ըսէ. «Հաւատարիմ եղիր ինծի, նույնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք է, եւ ես քեզի կեանքի պսակը պիտի տամ» (Յյտ 2.10), «Ով՝ որ մարդոց առջեւ դաւանի թէ ինծի կը հետեւի, ես ալ զայն ինծի հետեւորդ պիտի դաւանիմ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 10.32):

Միահամուռ հաստատակամութեամբ, հաւատքի քառասուն ախոյանները շղթայազերծեցին չարակամներու բոլոր տեսակի փորձութիւնները՝ դատավարութիւն, բանտարկութիւն, չարչարանք: Հարցաքննողներ նուաճուած անոնց կամքի եւ հաւատքի տոկունութենէն, զանոնք ձմրան եղանակի ցուրտին, մերկ վիճակով լիճին մէջ ձգեցին: Անոնց մարմինները հետզհետէ ճարճատեցան ջուրին մէջ: Իրենցմէ մէկը տկարանալով դուրս կ’ելլէ լիճէն, կ’երթայ  յատուկէն եւ դիտմամբ պատրաստուած բաղնիք, տաք ջուրի մէջ իր ֆիզիքական մարմինը փրկելու, բայց յանկարծական ցուրտէն դէպի ջերմութիւն անցքը՝ իր մահուան պատճառ կը դառնայ: Քառասուն թիւը կ’ամբողջանայ պահակ զինուորի մը կողմէ, որ ականատես կը դառնայ երկնային լոյսին եւ այլ աստուածային նշաններու:

Քառասուն  հերոսները մղեցին իրենց բարի պատերազմը եւ յաղթեցին աշխարհին: Այսօր մենք եւս պարտինք նոյն հաւատքով տոգորուած ներբողենք Սրբոց Քառասնից Մանկանց նահատակները Ս. Ներսէս Շնորհալիի բառերով.«Ո՜վ պանծալի նահատակներ, երկնաւոր Հօր սիրելիներ, որ Քրիստոսի հետ մկրտուեցաք ձեր արիւնով, Խաչի մահը յանձն առնելով: Տիրոջ քով բարեխօսեցէ՝ք եկեղեցւոյ զաւակներուս համար:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան