ՍՈՒՐԲ  ՎԱՀԱՆ  ԳՈՂԹՆԱՑԻ

ԵՍԱՅԻԻ  ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ

«Եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես եւ կարօտին հոգին կշտացնես, այն ատեն քու լոյսդ խաւարին մէջ պիտի ծագի ու քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ» (Ես 58.10):

Եսայի մարգարէութեան այս տողերը կ’ակնարկեն ողորմածութեան եւ բարեգործութեան, որուն նմանօրինակները կը տեսնենք Նոր Կտակարանի մէջ, ուր Յիսուս կ’ըսէ.«Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ թէ զոհ» (Մտ 9.13),  նաեւ՝ «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք  Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտ 5.7):

Քրիստոս Իր առաքելութիւնը սեպեց եւ ապրեցաւ չքաւորներուն հետ, զանոնք Իր բաեկամները կոչեց: Ան յաճախ կը շեշտէր, պարտաւոր ենք օգնել եւ ուրախացնել անոնց, որպէսզի Աստուծոյ հաճութեան արժանի ըլլանք: Իմաստունը կ’ըսէ.«Չքաւորին ողորմութիւն ընողը Տիրոջ փոխ տուած կ’ըլլայ, ու Տէրը պիտի հատուցանէ զինք» (Առ 19.17): Ակնյայտ է այն իրողութիւնը, որ Աստուածաշունչ մատեանը ոչ միայն կը թելադրէ կարօտեալին օգնել, այլեւ՝ թշնամիներուն: Ահա թէ ինչու առակագիրը կ’ըսէ.«Եթէ թշնամիդ անօթի է, անոր հաց տուր ու եթէ ծարաւ է, անոր ջուր խմցուր» (Առ 25.21):

Պօղոս առաքեալ ուրիշներուն ցաւակից ըլլալու անհրաժեշտութիւնն ու հրամայականը շեշտելով կ’ըսէ.«Մէկը ցա՞ւ մը ունի, ես ալ հետը կը տառապիմ. Մէկը հաւատքին մէջ տկարացա՞ւ, ես ալ հետը կը տագնապիմ» (Բ.Կր 11.29):

Այս իմաստով Աւետարանին մէջ Յիսուս լաւագոյն օրինակով մը գործնական դաս կու տայ մեզի՝ «Բարի Սամարացի»ին (Ղկ 10.30-37) առակով: Սամարացին խղճալով իր հակառակորդին օգնեց: Եսայի մարգարէին արտայայտութիւնը որ կ’ըսէ «Յօժարութեամբ կերակրես» կը հասկնանք, թէ ողորմութիւնը պէտք է ազատ կամեցողութեամբ կատարուի, այսինքն՝ առանց պայմանաւորուածութեան, որպէսզի հոգեկան գոհունակութիւն ունենանք:

Այսպիսով, թէ՛ ուրիշներուն խաւարը լուսաւորած կ’ըլլանք ուրախացնելով զիրենք եւ թէ մենք մեր գործերով կը լուսաւորուինք:

ՍՈՒՐԲ  ՎԱՀԱՆ  ԳՈՂԹՆԱՑԻ

Ս. Վահան Գողթնացի, որդի Գողթնեաց իշխան Խոսրով նախարարին: 707 թուին արաբական կոտորածներու ժամանակ Կաշմ ոստիկանի  հրամանով  չորս  տարեկանին այլ հայ մանուկներու հետ կը տարագրուի: Դամասկոսի մէջ կը ստանայ իսլամական կրթութիւն եւ հաւատք: Անունը «Վահան»ի փոխարէն «Վահապ»ի կը փոխուի եւ ուսման մէջ յառաջանալով ամիրայապետի արքունիքին մէջ կը պաշտօնավարէ իբրեւ դիւանապետ: 719 թուականին Յովհաննէս Օձնեցի կաթողիկոս այցելելով Էօմէր ամիրայապետին, կը խնդրէ որ Վահապը հետը վերադարձնէ հայրենիք: Էօմէր կը համաձայնի, սակայն պայման կը դնէ՝ իր գաւառը այցելելէ ետք կրկին վերադառնայ իր պաշտօնին: Վահապ չէր մոռցած իր ծագումը եւ  չէր նուազած սէրը իր հայրենիքին նկատմամբ: Երկուքով կը վերադառնան Հայաստան, հազիւ տարի մը ետք, Էօմէր կը մեռնի, ուստի Վահապ պատեհ կը նկատէ իր խոստումէն պարտազերծ գտնուիլ եւ չվերադառնալ Դամասկոս: Ան կ’ամուսնանայ Սիւնեաց Բաբգէն նախարարին աղջկան հետ:

Դամասկոս արքունիքին մէջ գտնուելու անհրաժեշտութեան պատճառաւ եւ իր բացակայութիւնը զգացուելով կը հետաքրքրուին իրմով եւ կ’իմանան թէ քրիստոնէութեան դարձած է: Վահան խնդրին վտանգաւոր ըլլալը նկատելով, կինը իր ծնողքին յանձնելով կը փախչի զանազան վայրեր, վերջապէս Ս. Էջմիածին հաստատուելով, շրջան մը հոն աղքատի կերպարանքով ծպտուած կը մնայ, շուրջ մէկ ու կէս տարի ալ  միայնակ  կ’ապրի, բայց կը նկատէ թէ աստանդանական կեանքը փորձանք է իրեն եւ զինք պահողներուն, կը վճռէ երթալ ամիրայապետին մօտ եւ ինքզինք  արդարացնել: Երկար ճամբորդութենէ ետք կը հասնի Ռսաֆէ, ուր պատահաբար կը գտնուէր Հիշամ ամիրայապետը: Խնդրագիր մը կը ներկայացնէ անոր, որով  կ’ընդունուի անոր մօտ, զոր կոչ կ’ուղղէ  իրեն վերստին իսլամութեան դառնալու, բայց սուրբը կը  մերժէ,  որուն հետեւանքով  Գողթնացի  կը  բանտարկուի, տանջանքի կ’ենթարկուի եւ կը  գլխատուի Աւագ  երկուշաբթի, Մարտի 18ին, 737 թուականին: Ան կը  թաղուի  քաղաքի  քրիստոնեաներուն  կողմէ,  յատուկ  վկայարան մըն ալ  կը կանգնեցուի անոր  շիրիմին վրայ: Վահանի  քրոջ  կողմէ  անոր  յիշատակին  նուիրուած  շարական մը  հասած է  մեզի, (Զարմանալի է) ստեղի, որ կ’երգուի Սուրբին  յիշատակի օրը:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան