ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐ

ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐ

Ս.Սարգիս, կը կոչուի նաեւ Մար Սարգիս, Տէր Սարգիոս, Սէրճիոս: Ան Կապադովկեան Կեսարիոյ նահանգի Գամերք գաւառէն էր եւ կ’ապրէր Կոստանդիանոսի եւ Տրդատ թագաւորի շրջանին:

Ս.Սարգիս համարձակութեամբ կը քարոզէր Աւետարանը, կը քանդէր բագիններն ու մեհեանները: Բոլորին առջեւ կը բանար աստուածգիտութեան ճամբան, զոր անձամբ կը քարոզէր Ս. Հոգիի ներշնչումով, որովհետեւ մանկութենէն քաջատեղեակ էր Աստուածաշունչին:

Կոստանդիանոս կայսեր եւ անոր որդիներուն յաջորդեց Յուլիանոս ուրացող կայսրը, որ Սատանային չարութեան խարիսխը հանդիսանալով, եկեղեցւոյ անդորրութիւնը խախտելով մշտական հալածանքի կ’ենթարկէր Ս.Սարգիսը,իսկ Ս. Սարգիս իր քարոզախօսութիւններով եւ Աստուծոյ հանդէպ ունեցած իր հաւատքին շնորհիւ՝ քրիստոնէութիւնը կը տարածէր:

Այնուհետեւ, Ս.Սարգիս իր որդիին՝ Մարտիրոսին հետ կ’ապաստանի Հայաստանի Տիրան թագաւորի մօտ:Վերջինս վախնալով ամբարիշտին՝ Յուլիանոսին գալուստէն, խորհուրդ կու տայ Ս.Սարգիսին որ խոյս տայ Հայաստանէն: Սուրբը կը դիմէ պարսից Շապուհ արքային եւ հոն կ’ապաստանի:

Այդ ժամանակ Յուլիանոս կը յարձակի եւ կ’աւերէ այն վայրը՝ ուր կը գտնուէր Ս. Սարգիս, որ Շապուհի գերիշխանութեան տակ էր: Շապուհ Ս.Սարգիսը կը ղրկէ Յուլիանոսին դէմ կռուելու,որ հաւատքի ճշմարտութեամբ երկիրը կը պաշտպանէ եւ իր բանակին կը քարոզէ ճշմարիտ հաւատքը, ամենասուրբ Երրորդութիւնը եւ մէկ Աստուածութիւնը:

Ս.Սարգիս եւ իր որդին Մարտիրոսը, Շապուհ արքայէն հրաւէր մը կ’ըստանան, զոհ մատուցանելու արքունի մեհեանին մէջ: Զօրաւարը կը մերժէ այս առաջարկը եւ նույնիսկ մեհեանին մէջ քաջութիւնը կ’ունենայ անարգելու կուռքերը:

Շապուհ թագաւոր դաւադրութեամբ մը Ս.Սարգիսը կը ձերբակալէ եւ արեւանգել կ’ուտայ որդին Մարտիրոսը: Մարդկային այս անիրաւութեան դէմ Ս. Սարգիս չ’ընկրկիր,այլ Քրիստոսի ապաւինելով անդադար կ’աղօթէ, երեք օր ծոմ կը պահէ եւ կ’ըսէ. «Ով Տէր, Դուն իմ Աստուածս. Քու քովդ տկարութիւն չկայ, Տէր իմ Յիսուս Քրիստոս: Դուն կարող ես զիս փրկել իմ թշնամիներուս ձեռքէն եւ ինծի վերադարձնել իմ որդիս»:

Եւ իսկապէս չորրորդ օրը հեծեալ մը Մարտիրոսը կը բերէ եւ կ’ըսէ. «Մեր բանակէն եօթը զինուորներ գերի բերին այս պատանին: Բերուած օրն իսկ անոնք մեռան եւ մեր զօրքին մէջ խռովութիւնը եւ պատուհասը անպակաս եղան:Արդարեւ մեր վրայ եկած այս բարկութիւնը՝ այս պատանին պատճառով է, եւ եթէ այս պատանին իր հօրը չյանձնուի մեր ամբողջ զօրքը պիտի բնաջնջուի: Ահաւասիկ զայն հոս բերի,բայց չեմ գիտեր որո՞ւն զաւակն է: Ցոյց տուէք ինծի անոր հայրը՝որ պատանին յանձնեմ իրեն: Թերեւս այս ձեւով Աստուծոյ բարկութիւնը դադրի մեր բանակին վրայէն:

Ս.Սարգիս 362ին կրկին կը ձերբակալուի ,իրեն կ’առաջարկուի ուռանալ քրիստոնէութիւնը,երբ անդրդուելի կը մնայ իր հաւատքին վրայ, կը գլխատուի, իսկ որդին՝ Մարտիրոսը կը սպաննուի:

Անոնց աճիւնները որպէս սրբութիւն ամէն տարի Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ հաւատացեալներու յարգանքին կ’արժանանայ: Իսկ անոնց յիշատակ յաւերժացնելով եկեղեցիներ եւ նորածիններ կը մկրտուին:

ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Յհ 6.22-38)

Յիսուս՝ կեանքի հացը

Յաջորդ օր, ժողովուրդը որ մնացած էր լիճին միւս կողմը, տեսաւ թէ հոն միայն մէկ նաւակ կար,որուն մէջ Յիսուսի աշակերտները մտան եւ առանձին գացին. իսկ Յիսուս աշակերտներուն հետ նաւակ չմտաւ: Յետոյ Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ ալ եկան հոն, ուր Յիսուս Աստուծոյ գոհութիւն տալով բզմացուցած էր հացը եւ տուած ժողովուրդին, որպէսզի ուտեն:Ժողովուրդը տեսնելով թէ Յիսուս հոն չէր, ոչ ալ իր աշակերտները, նաւակները առին եւ կափառնաում եկան Յիսուսը փնտռելու համար: Երբ զինք գտան լիճին միւս կողմը, հարցուցին.

-Վարդապետ, ե՞րբ եկար հոս:

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

-Կ’ըսեմ ձեզի, վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք: Փոխանակ կորստական ուտելիք փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ: Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի,որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ:

Անոնք հարցուցին.

-Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ ուզած գործը կատարած ըլլանք:

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

-Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք անոր՝ որ ինք ղրկեց:

Անոնք ըսին.

-Ի՞նչ հրաշք պիտի գործես, որպէսզի տեսնենք եւ քեզի հաւատանք. ի՞նչ պիտի ընես: Մեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, ինչպէս գրուած է, «Անոնց երկնքէն հաց տուաւ ուտելու համար»:

Յիսուս անոնց ըսաւ.

-Ճշմարտութիւնը կ’ըսեմ ձեզի, թէ ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ երկինքէն իջած հացը չէր:Հայրս որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը: Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝որ երկինքէն կ’իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին:

Անոնք ըսին.

Տէ՜ր, միշտ տուր մեզի այդ հացը:

Յիսուս ըսաւ անոնց.

-Ես եմ կեանքի հացը: Ան որ ինծի կու գայ՝բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ: Բայց հիմայ ըսի ձեզի, տեսաք ալ զիս, եւ տակաւին չէք հաւատար: Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան,եւ ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ, որովհետեւ ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց:

Ժողովուրդը,որ տակաւին չէր հասկցած Յիսուսի Տէր եւ Աստուած ըլլալը, Անոր զօրութեան ու կարողութեան ամբողջականութիւնը, երբ գտաւ զԻնք Կափառնաումի մէջ՝ զարմացած հարցուց.

-Վարդապե՛տ երբ եկար հոս:

Քրիստոս գուշակելով անոնց նիւթականացած մօտեցումը ամէն հարցի շուրջ, անուղղակիօրէն կը պատասխանէ, սորվեցնելով հոգեւոր ճշմարտութիւններ, որպէսզի միշտ փնտռեն յաւիտենական արժէքներ, մանաւանդ՝ ջանան. «Ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յհ 6.27): Քրիստոս կ’ուզէ Իր մէջ փնտռեն ա՛յն հոգեւոր առաջնորդը, որ Իր աստուածային կարողութիւններով կրնայ յագեցնել անոնց հոգեկան քաղցն ու ծարաւը:

Քրիստոս յարատեւօրէն զԻնք լսողներուն ուշադրութիւնը դարձուց դէպի հոգեւոր եւ յաւիտենական արժէքներու, որպէսզի անոնց մօտեցումը թէ՛ Իրեն եւ թէ նորակերտ եկեղեցւոյ նկատմամբ նիւթականացած չըլլայ, այլ՝ հաւատարմութեամբ քալեն եւ Իր իսկ առաքելութիւնը այս աշխարհի մէջ շարունակեն: Պօղոս Առաքեալ եւս կը թելադրէ Կորնթացիներուն հաւատքով ապրիլ ,ինչպէս ինք եւ իր ընկերակիցները կ’ապրին. «Եւ մենք մեր ուշադրութիւնը չենք կեդրոնացներ նիւթական իրականութեանց վրայ. որովհետեւ նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հոգեւոր իրականութիւնները՝ յաւիտենական» (Բ.Կր 4.18):

Ահաւասիկ Քրիստոսի վարդապետութեան մէջ բացայայտօրէն կը տեսնենք թէ ամէն վախճանի մէջ սկիզբ մը կայ, ամէն նիւթականի մէջ՝ աննիւթականը եւ տեսանելիին մէջ՝ անտեսանելին:

Քրիստոս առակներով եւ յաճախ այլաբանական իմաստներով կը փորձէր հոգեւոր ճշմարտութիւններ փոխանցել: Մարդիկ յաճախ կեանքը բացատրող, կեանքին իմաստ տուող խօսքեր ունեցող մէկը կը փնտռեն:Նոյնպիսի հարցադրում մը ունեցաւ Պետրոս առաքեալ Յիսուսի ըսելով. «Տէր որո՞ւն պիտի երթանք, յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո՛ւն ունիս» (Յհ 6.68): Ինչպէս կը տեսնենք օրինակը Ղազարոսի քոյրերուն՝ Մարթայի եւ Մարիամի մէջ, Մարիամ երկիւղածութեամբ կ’ունկընդրէր Քրիստոսի կենսալից խօսքերը, իսկ Մարթա՝անտարբերութեամբ կը լսէր, կառչած մնալով նիւթականին:

Ընդհանուր եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը,իրենց հոգեւոր հայացողութեամբ,Տէրունական աղօթքին. «Զհաց մեր հանապազորդ» բաժնին մէջ երկու հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը մատնանշեն:

ա-ոգեղէն հացը՝ Տիրոջ խօսքը, որ սննդարար է հոգիի մաքրութեան եւ ֆիզիքական առողջութեան, այլ խօսքով՝«Երկինքէն կ’իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին»(Յհ 6.33):

բ-Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի հացը,որ իր կենարար եւ սրբարար յատկութիւններով սատար կը հանդիսանայ իւրաքանչիւր հաւատացեալի հոգեւոր կեանքին, համաձայն մեր Տիրոջ խօսքին. «Լաւ գիտցէք, որ եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմէք անոր արիւնէն՝ կեանք պիտի չունենաք ձեր մէջ» (Յհ 6.53):

Յիսուս վստահութիւն կը ներշնչէ բոլոր Իրեն դիմողներուն ըսելով.«Ինծի եկողը պիտի չմերժեմ. որովհետեւ ես երկինքէն իջայ» (Յհ 6.37-38): Քրիստոս Իր այս խօսքերով անգամ մը եւս կը յիշեցնէ բոլորիս Աստուծոյ մարդասիրութիւնը եւ գթասրտութիւնը ի խնդիր մարդոց փրկութեան:

Ս.ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ

Շնորհալի Հայրապետի ամենասիրուած եւ տարածուած հոգեւոր երգերէն է.«Առաւօտ Լուսոյ»ն, որու եռատող տուները կը սկսին հայոց լեզուի այբուբենի յաջորդականութեան տառերով:

Առաւօտ լուսոյ, Բխո՜ւմն ի հորէ Գանձդ ողորմութեան

Արեգա՛կն արդար Բղխեա՜ ի հոգւոյս Գանձիդ ծածկելոյ

Առ իս լոյս ծագեա՜: Բան քեզի հաճոյս: Գտող զիս առա՜:

«Առաւօտ լուսոյ»ն հայ միջնադարեան լուսերգութեան գագաթնակէտը կը հանդիսանայ, ուր յստակ բնութեան կատարելիութիւնը կը զգանք եւ մարդս դէմ յանդիման կը դնէ բնութեան հրաշալի գեղեցկութեան,ինչպէս նաեւ Աստուծոյ կենդանի պատկերին եւ անսպառ բարութեան:

Վարդանանց հերոսամարտին նուիրուած. «Նորահարաշ Պսակաւոր» ազգային-եկեղեցական եւ հայրենասիրական շարականով Շնորհալի Հայրապետ կը գովերգէ Աւարայրի հերոսներուն՝ Մեծն Վարդանէն մինչեւ նահատակուած վերջին զինւորը: «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը 1151-ին գրուած, կը բաղկանայ օրուայ 24 ժամերու համապատասխան տուներէ, համաշխարհային հոգեւոր գրականութեան գոհարներէն կը նկատուի, որ թարգմանուած է 36 լեզուներու: Շնորհալին զայն կոչած է. «Քրիստոսի հաւատացող իւրաքանչիւր անձի աղօթք»:

Շնորհալիի վէպերու երկերը 1121 թուականի առաջին չափածոյ պատմագրական երկեր են։ Պատմուածքները սիրուած եւ տարածուած է ամբողջ միջնադարեան ժամանակաշրջանին՝ որպէս հայոց պատմութեան եւ հայրենասիրութեան լաւագոյն դաստիարակչական օրինակ: Անոր «Յիսուս Որդի» 1152 երկը, Ս.Գրիգոր Նարեկացիի. «Մատեան Ողբերգութեան» ի նման առանձնայատուկ տեղ գրաուած է, որպէս հոգիներ բուժող աղօթամատեան:

Շնորհալիի գրական ժառանգութեան մէջ առանձնայատուկ է «Ողբ Եդեսիոյ» (1145) ի յիշատակ հայահոծ Եդեսիա քաղաքի գրաւման եւ աւերման: Եդեսիան ներկայացուած է որպէս որդեկորոյս եւ սգաւոր այրիի, հոն կը յիշատաուի Եդեսիոյ երանելի անցեալը, եւ զոհուած զաւակները: Սակայն Շնորհալին յուսահատ չէ, կը հաւատայ յուսալի ապագային: Հայրենասէր բանաստեղծը կը ողբայ ոչ միայն Եդեսիոյ «պատմական Ուռհա»ն, այլ նաեւ բոլոր հայկական քաղաքներուն անմխիթար վիճակին:

Չափածոյ գործերուն զգալի մասը Շնորհալին գրած է հանգերով, ստեղծագործած է հայկական տաղաչափերու գրեթէ բոլոր տեսակներով: Ան կանոնաւորած է հայրենի տաղաչափութիւնը, բարձրացուցած է զանոնք չափագիր խօսքի, ռիթմիկ երաժշտական մակարդակի: Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, իւրայատուկ տեղ ունի Ս. Ներսէս Շնորհալին, ան մեծարուած եւ սիրուած սուրբ մըն է, Շնորհալի, եռամեծար Վարդապետ, երանաշնորհ պատուանուններով:

Կիրակոս Գանձակեցի պատմաբանի վկայութեամբ որ կ’ըսէ. «Այս Ներսէսը Իմաստութեամբ աւելի մեծ էր, քան իր ժամանակի բազում վարդապետներէ, եւ ոչ միայն հայոց, այլեւ յույներու ու ասորիներու մէջ, այնքան, որ անոր իմաստութեան համբաւը տարածուած էր բոլոր ազգերու մէջ»:

Բ.Վերջ

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան