Ս. Սարգիս, կը կոչուի նաեւ Մար Սարգիս, Տէր Սարգիոս, Սէրճիոս: Ան Կապադովկեան Կեսարիոյ նահանգի Գամերք գաւառէն էր եւ կ’ապրէր Կոստանդիանոսի եւ Տրդատ թագաւորի շրջանին:
Ս. Սարգիս համարձակութեամբ կը քարոզէր Աւետարանը եւ կը քանդէր բագիններն ու մեհեանները: Բոլորին առջեւ կը բանար աստուածգիտութեան ճամբան, զոր անձամբ կը քարոզէր Ս. Հոգիի ներշնչումով, որովհետեւ մանկութենէն քաջատեղեակ էր Աստուածաշունչին:
Կոստանդիանոս Կայսեր եւ անոր որդիներուն յաջորդեց Յուլիանոս ուրացող կայսրը, որ Սատանային չարութեան խարիսխը հանդիսանալով, եկեղեցւոյ անդորրութիւնը խախտելով մշտական հալածանքի կ’ենթարկէր Ս. Սարգիսը: Իսկ Ս. Սարգիս իր քարոզախօսութիւններով եւ Աստուծոյ հանդէպ ունեցած իր հաւատքին շնորհիւ քրիստոնէութիւնը կը տարածէր:
Այնուհետեւ, Ս. Սարգիս իր որդիին՝ Մարտիրոսին հետ կ’ապաստանի Հայաստանի Տիրան թագաւորի մօտ: Վերջինս վախնալով ամբարիշտին՝ Յուլիանոսին գալուստէն, խորհուրդ կու տայ Ս. Սարգիսին որ խոյս տայ Հայաստանէն: Սուրբը կը դիմէ պարսից Շապուհ արքային եւ հոն կ’ապաստանի:
Այդ ժամանակ Յուլիանոս կը յարձակի եւ կ’աւերէ այն վայրը՝ ուր կը գտնուէր Ս. Սարգիս, որ Շապուհի գերիշխանութեան տակ էր: Շապուհ Ս. Սարգիսը կը ղրկէ Յուլիանոսին դէմ կռուելու, որ հաւատքի ճշմարտութեամբ երկիրը կը պաշտպանէ եւ իր բանակին կը քարոզէ ճշմարիտ հաւատքը, ամենասուրբ Երրորդութիւնը եւ մէկ Աստուածութիւնը:
Ս. Սարգիս եւ իր որդին Մարտիրոսը, Շապուհ արքայէն հրաւէր մը կը ստանան, զոհ մատուցանելու արքունի մեհեանին մէջ: Զօրաւարը կը մերժէ այս առաջարկը եւ նոյնիսկ մեհեանին մէջ քաջութիւնը կ’ունենայ անարգելու կուռքերը:
Շապուհ թագաւոր դաւադրութեամբ մը Ս. Սարգիսը կը ձերբակալէ եւ առեւանգել կու տայ որդին Մարտիրոսը: Մարդկային այս անիրաւութեան դէմ Ս. Սարգիս չ’ընկրկիր, այլ Քրիստոսի ապաւինելով անդադար կ’աղօթէ, երեք օր ծոմ կը պահէ եւ կ’ըսէ. «Ով Տէր, Դուն իմ Աստուածս. Քու քովդ տկարութիւն չկայ, Տէր իմ Յիսուս Քրիստոս: Դուն կարող ես զիս փրկել իմ թշնամիներուս ձեռքէն եւ ինծի վերադարձնել իմ որդիս»:
Եւ իսկապէս չորրորդ օրը հեծեալ մը Մարտիրոսը կը բերէ եւ կ’ըսէ. «Մեր բանակէն եօթը զինւորներ գերի բերին այս պատանին: Բերուած օրն իսկ անոնք մեռան եւ մեր զօրքին մէջ խռովութիւնը եւ պատուհասը անպակաս եղան: Արդարեւ, մեր վրայ եկած այս բարկութիւնը՝ այս պատանիին պատճառով է, եւ եթէ այս պատանին իր հօրը չյանձնուի մեր ամբողջ զօրքը պիտի բնաջնջուի: Ահաւասիկ զայն հոս բերի, բայց չեմ գիտեր որո՞ւն զաւակն է: Ցոյց տուէք ինծի անոր հայրը՝ որ պատանին յանձնեմ իրեն: Թերեւս այս ձեւով Աստուծոյ բարկութիւնը դադրի մեր բանակին վրայէն:
Ս. Սարգիս 362ին կրկին կը ձերբակալուի, իրեն կ’առաջարկուի ուռանալ քրիստոնէութիւնը. երբ անդրդուելի կը մնայ իր հաւատքին վրայ, կը գլխատուի, իսկ որդին՝ Մարտիրոսը, կը սպաննուի: Անոնց աճիւնները որպէս սրբութիւն ամէն տարի Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ հաւատացեալներու յարգանքին կ’արժանանայ: Իսկ անոնց յիշատակը յաւերժացնելով եկեղեցիներ եւ նորածիններ կը մկրտուին:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան