Կապադովկիացի զօրավար՝ ապրած է Յուլիանոս Կայսրի օրերուն։ Քրիստոնէութեան համար պայքար մղած է եւ արժանացած է մարտիրոսներու անթառամ պսակին։
Ան իր ողջ ունեցածը բաժնած է աղքատներուն եւ իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի հետ հեռացած է ծննդավայրէն։
Որոշ ժամանակ մը մնացած է Հայաստան, ապա անցած է Պարսկաստան, ուր նշանակուած է պարսից բանակի զօրավար։
Սուրբ Սարգիս իր քաջութեամբ բազմաթիւ պատերազմներ մղած եւ յաղթանակ ապահոված է։
Իր քարոզութեամբ բազմում զինուորականներ դարձի եկած եւ քրիստոնեայ դարձած են։
Պարսից Արքան քանիցս փորձած է բռնութեամբ հեթանոս դարձնել զինք, սակայն, ոչ մէկ տանջանք չէ կրցած Սուրբը իր հաւատքէն շեղել։
Սուրբ Սարգիս նահատակուած է իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինուորականներու հետ։
ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՅՆ ՍԱՐԳՍԻ ԶՕՐԱՎԱՐԻՆ
«Ամենասուրբ Երրորդութեանն ընտրեալ ծառայ եւ հաւատարիմ, յաղթող սպառազէն եւ քաջ նահատակ, երագահաս սուրբդ Սարգիս, շնորհաց օթեւան, բարեխօս լեր առ Քրիստոս վասն անձանց մերոց։