Քրիստոնէական հաւատքին ամէնէն խորիմաստ եւ խորհրդաւոր պահերէն մին է Տիրոջ մկրտութիւնը Յորդանան գետին մէջ։ Այս դէպքը կը վկայէ Աստուածայայտնութեան մեծագոյն պահերէն մէկուն մասին. երբ Յիսուս կը մկրտուի, Սուրբ Հոգին աղաւնիի կերպարանքով կ’իջնէ անոր վրայ, եւ Հայրը կը խօսի երկինքէն։ Բայց ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս երեւոյթը մեր հաւատքին եւ կեանքին համար։ Եկէ՛ք սերտենք այս պահուն խորքը չորս հիմնական կէտերով։
1. Սուրբ Հոգիին իջնելը՝ Քրիստոսի Աստուածութեան վկայութիւնն է
Աւետարանական վկայութեանց համաձայն, Սուրբ Հոգին իջաւ աղաւնիի կերպարանքով եւ հանգչեցաւ Յիսուսին վրայ (Յհ. 1.32-34)։ Յովհաննէս Մկրտիչ կը վկայէ, թէ նախապէս ինք չէր ճանչնար Յիսուսը որպէս Մեսիա, սակայն Աստուած իրեն այդ ճշմարտութիւնը յայտնեց ըսելով. «Որուն վրայ որ տեսնես թէ Հոգին կը հանգչի, ան է Աստուծոյ Որդին» (Յհ 1.33)։ Այսպիսով, Սուրբ Հոգիին իջնելը յստակ նշան մըն էր, որ Յիսուս ոչ միայն մարդ էր, այլեւ Աստուծոյ Որդին։
Մարդիկ թիւրիմացաբար կը կարծէին, թէ Յովհաննէս Մկրտիչն էր Մեսիան։ Սակայն Մկրտիչը բացայայտօրէն կը մերժէ այդ կարծիքը ու կ՚ուղղէ ուշադրութիւնը Յիսուսին վրայ՝ որպէս Աստուծոյ Գառնուկը։ Սուրբ Հոգիի ներկայութիւնը եկաւ իբրեւ հաստատում՝ թէ Յիսուս է սպասուած Փրկիչը։
2. Քրիստոսի մկրտութիւնը՝ փոխանորդական գործողութիւն
Յովհաննէս Մկրտիչի մկրտութիւնը ապաշխարութեան մկրտութիւն էր. Այսինքն կը մկրտէր մարդիկը իրենց մեղքերէն սրբելու համար։ Յիսուս մկրտուեցաւ, թէեւ ինք մեղք չունէր։ Արդեօք ինչո՞ւ պիտի մկրտուէր ապաշխարութեան մկրտութեամբ, երբ ինք մեղաւոր չէր։ Սուրբ Գիրքը կը վկայէ ըսելով. «Մեղք չգործեց… անոր մէջ մեղք չկար» (Բ Կր. 5.21, Ա Յհ. 3.5, Ա Պտ. 2.22)։ Ուրեմն, Յիսուսի մկրտութիւնը ինքնանպատակ արարք մը չէր, այլ՝ փոխանորդական։ Ան մկրտուեցաւ մեր փոխարէն՝ իբր մեր ներկայացուցիչը։ Այդ կերպով մեր մեղքերուն քաւութեան ճամբան բացուեցաւ, եւ Սուրբ Հոգիով որդեգրուեցանք որպէս Աստուծոյ զաւակներ։
Յիսուս իր մկրտութեամբ մեզ մաքրեց, որպէսզի նոր մարդ ըլլանք, որդեգրուինք եւ Սուրբ Հոգիով ապրինք։ Արդարեւ, մենք ենք որ Սուրբ Հոգիին կարիքը ունինք՝ վերածնուելու եւ Աստուծոյ զաւակ ըլլալու համար, ոչ թէ Քրիստոս։
3. Սուրբ Հոգին՝ Աստուծոյ շնորհքը մարդոց
Յիսուս ինք՝ Աստուած է։ Սուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձն է։ Ուրեմն, Սուրբ Հոգիին իջնելը ոչ թէ իբրեւ կարիք, այլ իբրեւ փոխանցում էր։ Այս դէպքով կը հասկնանք, որ Սուրբ Հոգին Քրիստոսի միջոցով կը տրուի մարդուն։ Ինք չէ որ Սուրբ Հոգի ստացաւ, այլ՝ մեզի համար Հոգին բերաւ։ Հայ եկեղեցւոյ մկրտութեան խորհուրդը, այս մասին կը խօսի իր աղօթքներուն մէջ, երբ կը խօսի մկրտութեամբ Սուրբ Հոգիին փոխանցումին մասին, եւ Սուրբ Հոգիով վերածնելու եւ նոր արարածներ դառնալու մասին։
4. Սուրբ Հոգին՝ Նոր արարիչ եւ վերանորոգող Աստուած
Սուրբ Գիրքը կը վկայէ Սուրբ Հոգիին ստեղծագործող զօրութեան մասին։ Յոբ կ՚ըսէ՝ «Աստուծոյ Հոգին զիս ստեղծեց» (Յոբ 33.4), իսկ Սաղմոսը՝ «Հոգիդ կը ղրկես, ու անոնք կը վերստեղծուին» (Սղ. 104.30)։ Յայտնութեան գիրքը կը յիշեցնէ՝ «Ահաւասիկ ամէն ինչ նոր կը դարձնեմ» (Յյտ. 21.5)։
Ուստի, երբ Սուրբ Հոգին իջաւ Քրիստոսի վրայ, այդ պահուն սկսաւ մարդկութեան վերանորոգութիւնը։ Վերածնունդը պայմանաւորուած չէ միայն Քրիստոսի ապագայ գալուստով. Ան սկսաւ արդէն Քրիստոսի առաջին գալուստով եւ մկրտութեամբ։ Սուրբ Հոգիի իջնելը սկիզբ դրաւ նոր կեանքին՝ մեղքերու քաւութեամբ եւ հոգեւոր վերածնունդով։
Այս պատճառով ալ մկրտեալը «նոր մարդ» կը կոչուի, որովհետեւ Սուրբ Հոգիին շնորհքը կը նորոգէ իր ամբողջ էութիւնը։ Մկրտեալը կը դառնայ ոչ միայն նոր մարդ հոգեւոր իմաստով, այլ նաեւ նոր քաղաքացի՝ Աստուծոյ Արքայութեան։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ՝ «Եթէ մէկը վերստին չծնի, չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել» (Յհ. 3.3)։
Եզրակացութիւն
Յորդանան գետին մէջ Սուրբ Հոգիին իջնելը պատահական կամ խորհրդանշական երեւոյթ մը չէր։ Ան աստուածային ծրագրի կատարումն էր։ Ան վկայեց Քրիստոսի աստուածութիւնը, իր փրկարար առաքելութիւնը, մարդոց որդեգրութիւնը եւ նոր սկիզբը։ Այս դէպքը կը հրահրէ մեզ մտածելու այն մեծ շնորհքին մասին որ Աստուած արժանի ըրաւ մեզ եւ մտածելու թէ մեր իսկական վերածնունդը սկիզբ կ՚առնէ այն պահուն, երբ կը բացուինք Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեան եւ կը յանձնենք մեր անձը Քրիստոսին։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան