Սուրբ Հոգին՝ Աստուծոյ Մնայուն Ձայնը

Քրիստոսի Յարութեամբ Աստուծոյ ներգործութիւնը մարդոց կեանքին մէջ վերջ չգտաւ։ Աստուած չհեռացաւ մարդկութենէն։ Սուրբ Հոգին՝ Աստուած, դարձաւ այն մնայուն ձայնը, որ կը հնչէ աշխարհի վրայ՝ առաջնորդելով Իր հաւատացեալները։ Ուրեմն՝ Սուրբ Հոգին այսօր ալ Աստուծոյ կենդանի ձայնն է մարդկութեան մէջ։

Եւ ինչպէս որ հաւատամքը կը վկայէ, Սուրբ Հոգին խօսեցաւ մեզի հետ՝ Օրէնքին, Մարգարէներուն եւ Աւետարաններուն միջոցաւ։ Եկէ՛ք իւրաքանչիւրին մասին խօսինք՝ հակիրճ տողերու մէջ։

«Խօսեցաւ յՕրէնս…»

Սուրբ Հոգին խօսեցաւ Օրէնքին միջոցաւ։ Երբ կ’ըսենք «Օրէնք», չենք հասկնար այս աշխարհի քաղաքացիական օրէնքները՝ կարգապահութեան կամ իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ստեղծուած։ Այլ՝ խօսքը կը վերաբերի Աստուածաշունչի Օրէնքին, զոր Աստուած տուաւ Իր ժողովուրդին՝ որպէս ուսուցիչ ու ճանապարհ։

Աստուածաշունչի Օրէնքը՝

  1. Մարդոց կը ճանչցնէ Արարիչը,
  2. Կ’ուսուցանէ մեր դիրքը Արարիչին դիմաց,
  3. Կը բացայայտէ մեր մեղքերը,
  4. Կու տայ սիրոյ եւ Աստուածսիրութեան դաստիարակութիւն – «Սիրէ՛ Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ…» (Մտ. 22.35-40),
  5. Կ’ուսուցանէ բարին եւ բարին գործելու սկզբունքը – «Ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց. Ահա Օրէնքն ու Մարգարէները» (Մտ. 7.12)։

Աստուածաշունչի Օրէնքը ունի հիմնական նպատակ՝ Աստուծոյ ժողովուրդը դաստիարակել եւ պատրաստել Քրիստոսի գալուստին։

Սուրբ Հոգին ըսելիք ունի այսօր ալ՝ նոյն այդ Օրէնքին միջոցաւ, երբ մենք հեզութեամբ եւ հաւատքով մօտենանք Աստուծոյ Խօսքին։ Ուստի, երբ կարդանք Օրէնքը, լսենք ոչ թէ միայն գրութիւններու ձայնը, այլ՝ Սուրբ Հոգիին հրաւէրն ու ներկայութիւնը, որ միշտ կը ձգտի վերանորոգել մեր սիրտերը եւ առաջնորդել մեզ ճշմարիտ կեանքին մէջ։

«Խօսեցաւ ի Մարգարէս…»

Մարգարէն Աստուծոյ խօսնակն է։ Իր միջոցաւ է որ Աստուած կը յայտնէ Իր կամքը մարդկութեան։ Երբ կը խօսինք մարգարէներու մասին, սովորաբար կը մտածենք ապագայի մասին խօսողներու վրայ։ Սակայն մարգարէն միայն ապագան չի յայտներ. ան նաեւ՝

  1. Կը փոխանցէ Աստուծոյ տրուած Օրէնքները,
  2. Կ’ազդարարէ սխալի ժամանակ,
  3. Կ’ըլլայ Աստուծոյ վկայախօսը (ինչպէս Մովսէսը)։

Թէեւ մարդիկ, ապագան գիտնալու հետաքրքրութեամբ, կը դիմեն անճիշդ միջոցներու՝ գուշակութիւն, ոգեհարցութիւն, կախարդութիւն եւ այլ տեսակի մոլորութիւններու։ Բայց եկէ՛ք յիշենք՝ ապագայի ճշմարիտ գիտութիւնը միայն Աստուծոյ յատուկ է։ Ան մարդոց կը յայտնէ միայն այն ինչ որ Իր փրկութեան ծրագիրին կը վերաբերի։ Իսկ անկէ աւելին՝ չարէն է (Բ. Օր. 29.29)։

Մարգարէները լեզու եղան Սուրբ Հոգիին, իրենց մէջ կրեցին ոչ միայն Աստուծոյ պատգամը, այլեւ Իր մտահոգութիւնը՝ յանուն ճշմարտութեան, դարձի եւ փրկութեան։
Այսօր եւս՝ նոյն այդ Հոգին կը մղէ մեզ մտիկ ընելու մարգարէական ձայները՝ ոչ թէ ապագան գուշակելու, այլ Աստուծոյ կամքը հասկնալու համար։

Եւ երբ լսենք մարգարէներուն խօսքը՝ լսած կ’ըլլանք ոչ միայն անցեալի պատգամ մը, այլ ներկայութեան կեանք փոխող ճշմարտութիւն մը, որ կը հրաւիրէ մեզ վերատեսութեան, դարձի եւ Աստուծոյ սուրբ նպատակներուն մասնակցելու։

«Խօսեցաւ յԱւետարանս…»

Աւետարաններուն մէջ Օրէնքն ու Մարգարէութիւնը կը հասնի իր լրումին։ Այդ իրագործումը կը կատարուի Սուրբ Հոգիին ներշնչումով ու ներգործութեամբ։ Աւետարանագիրները գրած են ո՛չ իրենց մտքէն, այլ Սուրբ Հոգիին ներշնչումով։ Ան է ոգին որ մղեց մարգարէները, եւ նոյնպէս ներշնչեց Աւետարանի հեղինակները։

Պօղոս առաքեալը կը վկայէ.

«Այս փրկութիւնն էր որ փնտռեցին եւ փորձեցին հասկնալ մարգարէները, որոնք ձեզի տրուելիք շնորհքին մասին մարգարէանալով՝ կը փորձէին հասկնալ թէ ի՛նչ ժամանակ եւ ի՛նչ պարագաներ կը ծանուցանէր իրենց մէջ գործող Քրիստոսի Հոգին…» (Ա. Պտ. 1.10-12)։

Նաեւ Պետրոս կ’ըսէ՝

«Չմոռնաք բնաւ, որ ոեւէ մէկը ինքն իրմէ չի կրնար բացատրել Սուրբ Գիրքերուն մարգարէութիւնները, որովհետեւ մարգարէութիւնները բնաւ մարդոց կամքին ծնունդ չեն, այլ՝ Սուրբ Հոգիին մղումով է որ Աստուծոյ մարդիկը խօսեցան զանոնք» (Բ. Պտ. 1.21)։

Ահա թէ ինչու, երբ կարդանք Աստուածաշունչը, Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ սիրտը մարդուն կը հրաւիրուի ապաշխարութեան, փրկութեան եւ Աստուծոյ որդեգրութեան պարգեւին։

Աստուածաշունչը միայն պատմական վկայութիւն չէ Քրիստոսի կեանքին ու խաչին մասին, այլ կենդանի խօսք է, որ այսօր ալ սիրտեր կը սրբէ, խիղճեր կը զարթնցնէ եւ հոգիներ կը վերածնէ։

Երբ Աւետարանը կարդանք՝ մենք ընդառաջ կ’երթանք Աստուծոյ ձայնին, որ կը խօսի մեզի համար, մեր մէջ եւ մեր փրկութեան համար։ Այդ ձայնը մեզ կը հրաւիրէ հաւատքի նոր սկզբին, սիրոյ վերամիացումին եւ Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհքին։

Ուրեմն, երբ ըսենք՝ «Խօսեցաւ յԱւետարանս», թող մեր սրտերը պատրաստ ըլլան ընդունելու ոչ միայն խօսքը, այլ զայն ապրելու՝ իբրեւ Հոգիով ներշնչուած ժողովուրդ։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան