Անցեալ յօդուածին մէջ անդրադարձանք, թէ Սուրբ Հոգին Աստուած է՝ կատարեալ, անեղ եւ յաւիտենական։ Սուրբ Հոգին ո՛չ Հայրն է, ո՛չ ալ Որդին, այլ առանձին եւ ինքնուրոյն անձնաւորութիւն մըն է, բայց միեւնոյն Աստուածութիւնը կը կրէ Հօրը եւ Որդիին հետ։ Այսօր, պիտի խօսինք Սուրբ Հոգիին գործերուն մասին, ծանօթանալու համար անոր գործին, որոնք իր Աստուածութեան տարբեր վկայութիւն մըն են։
Աւետարանը կը վկայէ, թէ Սուրբ Հոգին գործեր կը կատարէ, որոնք միայն Աստուծոյ վերապահուած են։ Երբ, օրինակ, կը սորվինք թէ Սուրբ Հոգին Արարիչ է, արդէն կը նշանակէ թէ Ան Աստուած է, որովհետեւ արարչագործութիւնը Աստուծոյ իւրայատուկ գործն է։
Սուրբ Հոգին կը նախախնամէ, կը տնօրինէ եւ կ’առաջնորդէ. Մատթէոսի աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ «Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ» (Մտ 4.1)։ Իսկ Գործք Առաքելոցին մէջ, երբ Պետրոս տեսիլքի մը մէջ էր, Սուրբ Հոգին իրեն կը խօսի, կ’ուղղէ եւ կ’առաջնորդէ, ըսելով. «Ե՛լ, վար իջիր եւ անոնց հետ գնա՝ առանց վառանելու, որովհետեւ ես ղրկեցի զանոնք» (Գրծ 10.19-20)։
Սուրբ Հոգին ոչ միայն կ’առաջնորդէ, այլեւ Աստուածային զօրութիւն կու տայ. «Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք» (Գրծ 1.8)։ Այստեղ նշուած զօրութիւնը՝ մարդկային տրամաբանութեամբ զօրութիւնը չէ, այլ՝ Աստուծմէ եկած զօրութիւնը որ մարդիկ նոր կը դարձնէ։
Սուրբ Հոգին Ինք է որ կը ներշնչէ եւ կը խօսեցնէ մարգարէները։ Սուրբ Գիրքը պարզօրէն կը յայտնէ. «Մարգարէութիւնները բնաւ մարդոց կամքին ծնունդը չեն, այլ՝ Սուրբ Հոգիին մղումով է, որ Աստուծոյ մարդիկը խօսեցան զանոնք» (Բ. Պտ 1.21)։ Այս ձեւով, Սուրբ Հոգին միայն տեղեկութիւն տուող Հոգի մը չէ, այլ կենդանի եւ գործող Աստուած մը, որ իր առաքելութեամբ կը մղէ, ցոյց տայ եւ կը յայտնէ։
Սուրբ Հոգին նաեւ կ’օծէ, կ’առաքէ եւ կը խօսեցնէ. Յիսուս կը վկայէ թէ՝ «Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց» (Ղկ 4.18), իսկ Գործք Առաքելոցը կը նկարագրէ տարբեր լեզուներով խօսելու ձիրքը՝ «ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.4)։
Սուրբ Հոգին նաեւ կը նշանակէ Եկեղեցւոյ առաջնորդները. «Հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին» (Գրծ 20.28)։ Այս խոսքերը կը բացայայտեն, որ հոգեւոր ծառայութիւնը միայն մարդկային որոշումով չէ կատարուած, այլ Սուրբ Հոգիին ընտրութեամբ եւ տնօրինութեամբ։
Ա. Կորնթացիներու 12-րդ գլուխը կը բացատրէ, թէ Սուրբ Հոգին զանազան շնորհքներ կը բաշխէ հաւատացեալներուն, իւրաքանչիւրին՝ ըստ աստուածային կամքին։ Շնորհքները տարբեր են, բայց բաշխողը մէկ է՝ Սուրբ Հոգին։
Սուրբ Հոգին նաեւ սիրով կը լեցնէ մեր սրտերը. «Յոյսը երբէք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցով» (Հռ 5.5)։
Եւ վերջապէս, Սուրբ Հոգիին Աստուածութեան ամէնէն ցայտուն վկայութիւնը կու տայ ինք՝ Քրիստոս։ Ան կը յայտնէ, թէ՝ «Մարդիկ որքան ալ մեղք գործեն կամ հայհոյութիւն ընեն, Աստուած պիտի ներէ անոնց այդ բոլորը։ Բայց պիտի չներէ անոր, որ Սուրբ Հոգիին կը հայհոյէ» (Մտ 12.31)։ Այս խոսքը մեզի ցոյց կու տայ, որ Սուրբ Հոգիին հայհոյութիւնը՝ այսինքն Աստուծոյ գործերը Սատանային վերագրելն է, աններելի մեղք մըն է։ Այս բանը միայն մէկ իմաստ ունի՝ Սուրբ Հոգին Աստուած է, եւ այդ Աստուծոյ դէմ ուղղուած անարգանքին պատասխանատուութիւնը շատ ծանր է։
Արդ, ինչպէս տեսանք, Սուրբ Հոգին մեր մէջ գործող Աստուած է եւ Իր գործերը լաւագոյն վկայութիւնն են, թէ Ան Աստուած է։ Սուրբ Հոգին մեր հետ է, մեր մէջ է եւ մեր կեանքը կը ղեկավարէ՝ իբրեւ կենդանի, սիրող եւ առաջնորդող Աստուած։ Հետեւաբար, մեր պարտքն է ոչ միայն գիտնալ եւ հաւատալ Սուրբ Հոգիին Աստուածութեան, այլ անոր հետ առօրեայ հաղորդութիւն ունենալ, զայն չխանգարել մեղքով, չզայրացնել անտարբերութեամբ, եւ չմարել անոր ներգործութիւնը մեր մէջ։
Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ՝ եկեղեցւոյ մէջ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, պատգամ է բոլոր դարերուն. թէ Աստուած մեզի հետ է՝ ոչ միայն պատմութեան մը մէջ, այլ մեր օրուան շունչին մէջ։ Իսկ երբ Սուրբ Հոգին ապրի մեր մէջ, մենք Աստուծոյ կենդանի մկրտարանները կ’ըլլանք, եւ մեր կեանքը կը դառնայ մարգարէութիւն, օծում, շնորհք ու սէր։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան