Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին Ներկայ՝ Հ.Օ.Մ.-ի Ամենօրեայ Վարժարանի Ամավերջի Տօնական Մթնոլորտին

Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւորականները եւ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, ներկայ գտնուեցան Հ.Օ.Մ.-ի «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ «Լաբոյեան» երկրորդականի ամավերջի հանդէսներուն։

Այս ուրախ եւ տպաւորիչ ակնթարթներուն, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը եղաւ գնահատանքի եւ օրհնութեան հաւաստիքը՝ ուղղուած կրթական մշակոյթ ստեղծողներուն, սաներուն ու բոլոր պատասխանատու մարմիններուն։

«Գոլոլեան» նախակրթարանի հանդէսին ընթացքին, իր խօսքին մէջ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, ուրախութեամբ փոխանցեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը՝ $75,000.00 սատար հանդիսանալու վարժարանի ընդլայնման ծրագրին, դասարանի մը կառուցման բարերարութիւնը ստանձնելով։

Ամավերջի հանդէսներու բեմերը բացուած պատուհան մըն էին՝ մեր նոր սերունդի հաւատքին, գիտելիքէն ներշնչուած թռիչքներուն եւ ազգային ու հոգեւոր արժէքներով տոգորուած ապագայ կերտելու տեսլականին։