Երեքշաբթի, 21 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ հիւրընկալուեցան ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէութեան անդամները, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն։ Անոնք դիմաւորուեցան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի, Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քահանայ Միքայէլեանի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներուն կողմէ։
Անոնց այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել Գերապատիւ Հայր Սուրբը՝ իր նոր պաշտօնին ստանձման առիթով։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան զանազան կարեւոր նիւթեր։
Աւարտին, Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, իրենց այցելութեան համար եւ իր յանձնառութիւնը յայտնեց աջակցելու եւ համագործակցութիւն զարգացնելու բոլոր միութիւններուն հետ միասնական ուժերով դիմագրաւելու ժամանակի մարտահրաւէրները եւ նպաստելու համայնքի ընդհանուր բարգաւաճման։